Մշոյ արդէն իսկ անտանելի վիճակը կրկին ծանրացաւ: Կառավարութիւնը ջանք չի խնայեր մեր բնաջնջումը օր առաջ տօնելու: Քրդերու վոհմակներ ազատ համարձակ իրենց սուրը կը շարժեն Դաշտին մէկ ծայրէն միւսը: Վերջին քանի մը օրերու մէջ պատահած սպանութիւներու թիւը 30-ի կը հասնի: Խասգիւղի մէջ սպանւած են 3 հոգի՝ Պետրոս Սահակեան, Կարօ Մակարեան և Ամպօ Յովսօյեան. Մոկունք գիւղէն 8 հոգի, Հացիկ գիւղէն 11, Ալվարինճ գիւղէն 3, Շմլակէն 1:
Այս դժոխային կացութեան մէջ ունինք սակայն մխիթարութիւն մը, որ մեզ վերջնական լքումէ ու բարոյական մահացումէ կը փրկէ: Թշնամին որչափ ամուր կը սեղմէ իր շարքերը մեր շուրջը, մենք ալ այնչափ սերտ կերպով իրարու կը մերձենանք և ընդհանուր ահռելի վտանգը փոխադարձ կարեկցութեան ու օգնութեան բնազդները կ'արթնցնէ հայ ժողովրդին մէջ: Ինչ որ տարիներու ջանքերն ու քարոզութիւնները չէին յաջողած ընել, անխելք կառավարութիւնը կ'ընէ մէկ ահրւածով՝ շնորհիւ իր ծայրայեղ խստութիւններուն: Կեանքը ա՛լ իր արժէքը կորսնցուց հայուն համար, իսկ բանտ, տանջանք ու կախաղան առաջւան վախին տեղ՝ դառն քմծիծաղ մը միայն կը ձևեն իր շրթունքներուն վրայ:
Անմահ Սերոբի մահէն յետոյ՝ պահ մը ոգևորութիւնը տիրեց թիւրքերուն ու քրդերուն մէջ, որոնք կը հաւատային անզուգական հերոսին հետ մէկտեղ թաղած ըլլալ ամբողջ յեղափոխութիւնը: Սակայն դէպքերը չ'ուշացան ապացուցանելու որ չարաչար սխալած էին: Սերոբի եւ Սպաղանքի դահիճ Պըշարի Խալիլ աղան տապալելէ ետքը, յեղափոխական գնդակը հասաւ նաեւ Քօթանենց Շէրիֆ աղային, որ երկար տարիներէ իվվեր ճշմարիտ Ազրայէլ մը դարձած էր Մշոյ դաշտի հայ գիւղերու գլխուն: Ասոր սպանումը պատրւակ բռնելով, կառավարութիւնը 95 հոգի բանտարկեց Մոկունք գիւղէն:
Սպաննւած աղային եղբայրները Նիազի և Ռէշիտ, Առաղ գիւղի դաշտին մէջ չորս հայերու հանդիպելով, չորսն ալ մարթինիի գնդակներով սպաննեցին: Սպաննւածներն են՝ Կուլնւի Սրգօն, Ֆարխօյի Մովսէս, իր եղբայրը Սեդրակ և Մշու քաղաքացի Մարտիրոս Պետրոսեան:
Իրենց կատաղութիւնը անմեղ գիւղացիներու վրայ ալ չկրնալով յագեցնել, թիւրքերը ընդհակառակը համոզւեցան,ո ր խնդիրը սուր կերպարանք պիտի առնէ հետզհտէ, եւ տագնապի մատնւած՝ սկսան աւելի արմատական միջոցներ փնտռել պոռթկացող վրէժխնդրութիւնը խեղդելու համար:
Այս նպատակով տեղից միւթէսարիֆը արտակարգ ժողով մը գումարեց, ուր հրաւիրած էր թիւրք և քիւրդ բոլոր հզօր չարագործները: Այդ ժողովին հերոսը կը հանդիսանայ պալաքցի աշիրէթի ցեղապետ հաճը Ֆէրօ աղան, որու ուղեղին մէջ սակայն բարբարոս բնազդները շատ քիչ տեղ էին թաղած խելքին: Այս ցեղապետը զօր տալով իր ամբողջ վայրերնի պերճախօսութեան՝ ժողովականներուն կը յայտնէ՝ թէ հայերու անհանդարտութեան միակ պատճառը կառավարութեան անոնց հանդէպ մեղմ ընթացք բռնելն է: Եւ լիազօրութիւն կը պահանջէ բոլոր հայ գիւղերը տակն ու վրայ ընելու, խոստանալով կարճ միջոցի մը մէջ ֆէդայիներու անունն իսկ ջնջել: Միւթէսարիֆը քիւրդ պէյին այս կտրուկ առաջարկին իր կատարեալ համաձայնութիւնը յայտնելով հանդերձ, կը պատասխանէ թէ՝ այդ տեսակ լիզօրութիւն մը տալը իր իրաւասութենէն վեր է և պէտք է Պիթլիսի կուսակալին դիմել:
Ասոր վրայ Հաճը Ֆէրօն զինւորներու և ոստիկաններու ջոկատով մը ճամբայ կ'իյնայ Պիթլիս: Սակայն յիմար քիւրդը մտքէն իսկ չէր անցնէր՝ թէ իր վրայ հսկող աչքեր կան: Մուշէն 8 ժամ հեռու Ռավա կոչւած տեղը յանկարծ խումբ մը ֆէդայիներէ կը պաշարւի և առանց դիմադրութեան ժամանակ ունենալու՝ անձնատուր կըլլայ: Ֆէդայիները ամբողջ խումբը զինաթափ կ'ընեն, կը սպաննեն ու կ'անյայտանան:
Այս դէպքը բոլորովին ապշեցուց կառավարութիւնը, որ կը տեսնէր թէ մուտթին մէջ ծրագրած իր դաւերն իսկ կ'իմանան հայ «կօմիտէճիները»:
Եւ սակայն աւելի ապշեցուցիչ անակնկալ մըն ալ վերապահւած էր իրեն:
Վերոյիշեալ տէռօրին տպաւորութիւնը դեռ չպաղած՝ ֆէդայիներու ձեռքով սպաննւեցաւ Մշոյ հայութեան էն կատաղի դահիճներէն մէկը՝ Խալալ էֆէնտին: Այս ճիւաղը, որ տարիներէ իվեր քաղաքապետի (պէլէտիյէ րէիսի) պաշտօնը կը վարէր, աներևակայելի ծայրայեղութեան մը հասցուցած էր իր հալածանքները Տարօնի հայութեան դէմ: Խալիլ էֆէնտիի սպանութեան աւետիսը լսելուն, Մշոյ ամբողջ հայութիւնը մէկ բերան օրհնեց ֆէդայիին պատուհասող բազուկը. իսկ մահմեդական ամբոխն ու կառավարութիւնը սարսափէն խելակորոյս՝ նոր ոճիրներու շարք մը վերսկսան: Գիւղերու մէջ տասնեակ մը խեղճեր սպաննւեցան և Մշոյ բանտերը այս պահուս լի են հարիւրաւոր հայ բանտարկեալներով:
«Դրօշակ» - Օգոստոս 1904
Թիւ 6 (117)