30 May, 2022

ՄԱԿՈՒԵՑԻ ՄԵՍՐՈՊ. Մեսրովբ Քհ. Աւետիսեան

Ի՜նչ խորը ցաւով ու ափսոսանքով լսեցին Մեսրովբ քհ. Աւետիսեանի մահւան գոյժը բոլոր նրանք՝ որոնք առիթ էին ունեցել ճանաչելու նրա մաքուր հոգին ու գործելու, ուղղամտօրէն իր ողջ էութիւնը հասարակութեան զոհաբերելու պատրաստակամութիւնը:

27 May, 2022

Յեղափոխական Կռիւ. Գէորգ Չավուշի Մահը

ՄՈՒՇ, յունիս 14 

Արդէն գրեցինք Տարօնի պաշտպան Գէորգ Չավուշի հերոսական մահը: Անոր ներկայութիւնը խիստ կ'անհանգստացնէր պաշտօնական շրջանները, ամեն կողմ լրտեսներ կը վխտային՝ իմանալու անոր տեղ եւ յանկարծակիի բերելու: Եւ դէպքն ալ չ'ուշացաւ: 

24 May, 2022

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի Դամբանականը

Շաբաթ, 24 Մայիսին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններու, Ընկեր Սիմոն Վրացեանի դագաղին առջեւ յանուն ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական Կոմիտէին, մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ բազմահազար ընկերներուն, Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի արտասանած դամբանականը:

23 May, 2022

Սողոմոն Թէհլիրեան. գրեց՝ Արշաւիր Շիրակեան


Համաշխարհային Ա. Պատերազմը երբ վերջացաւ, ետին թողուց ոչ միայն անդարմանելի կորուստ ու աւեր, այլեւ հայանուն մատնիչ-խաֆիէներու խմբակ մը, որուն գոյութիւնը սեւ արատի մը պէս պիտի մնայ մեր պատմութեան մէջ: Կորուստները դարմանելու եւ աւերակներէն նոր կեանք ստեղծելու ջանքերուն հետ, անհրաժեշտ կը դաժնրա այդ արատը սրբել-նետել, ազգին արժանապատուութեան սիրոյն: 

Սողոմոն Թէհլիրեան. Կենսագրական Նոթեր

Սողոմոն Թէհլիրեան ծնած է 1896 Ապրիլ 2ին (հ. տ.), Գարանաղեաց (Կամախ) գաւառի վարի Բագառիճ գիւղը:

Հայրը՝ Խաչատուր, մայրը՝ Հնազանդ, Գաթրճեան Տէր Յարութիւնի աղջիկը: Ունեցած են հինգ մանչ զաւակներ: Երկրորդ զաւակը 3-4 տարեկանին մեռած է, մնացեալները Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս եւ Սողոմոն:

21 May, 2022

Սիմոն Վրացեան (Կենսագրական Գիծեր)

Սիմոն Վրացեան (Գրուզինեան) ծնած է Հիւսիսային Կովկաս, Նոր Նախիջեւանի շրջանի Մեծ Սալա գիւղը:

Յաճախած է իր ծննդավայրի ռուսական եւ հայկական նախակրթարանները, ապա՝ Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը:

19 May, 2022

Մեծ Նահատակներու Յաղթական Թաղումը

Վանի հայ ազատագրութեան պատմութեան մէջ երէկի յուղարկաւորութիւնը աննախընթաց պիտի ըլլայ. աննման Իշխանի եւ հերոս մարտիկներու մահը խթան մը եղաւ Վանեցիներու համար հերոսական պատմութիւն մը շինելու: Առտուն, տեղական հայ զինուորները շղթայ կազմած էին դագաղներու շուրջ: Հոն սեւ դագաղներուն մէջ շրջափակուած են յոշոտուած ու բզիկ բզիկ եղած մարմինները Իշխանի, Վահանի, Պօղոսի, Միհրանի եւ Բրուտեանի, թարմ ծաղկեփունջերը ծանրաբեռնած են արդէն անոնց քնացող աչքերը: