Եկեղեցական թափորը եկաւ. թափորին կը նախագահէր առաջնորդ Եզնիկ վարդապետ, որ մեռելական երգը կարդալէ ետք ըսաւ: –«Չգիտեմ ինչ եղանակով արտայայտեմ այս տխրութիւնը, կառավարութեան նպատակն էր հայութեան բնաջնջումը առաջ բերել՝ զոհելով այս մեծ անձնաւորութիւնները. զոհերէն Իշխանը, որուն ամէնէն աւելի ծանօթ ու գործակից եմ, իր պատանեկութեան տարիներէն իսկ նուիրուած է ժողովուրդի գործին, եւ ինչպէս որ ցորենի հատիկը գետին իյնալէն ետք կը ծլարձակի եւ արդիւնքներ կուտայ, այնպէս ալ Իշխանի եւ ընկերներու մահուան արդիւնքը բոլորիս համար ակներեւ դարձաւ: Իշխանի դերը աչքառու է մասնաւորապէս ծայրագաւառին մէջ՝ Կարկառի, Խիզանի, Սպարկերտի, Կարճկանի, Շատախի եւ Գաւաշի մէջ: Բռնակալութեան օրերուն կառավարական ուժերը չկրցան չէզոքացնել անոր ցանած սերմերուն ազդեցութիւնը. ան անդրանիկ զոհն է մեր նորագոյն ազատագրութեան: Եւ սակայն հոն, ծայրագաւառներուն մէջ կը գործեն իր աշակերտները՝ կռուելով բռնակալութեան մնացորդներուն դէմ: Իշխանը չէ մեռած այլ ամբողջ հայութեան սիրտին մէջ կենդանի է անոր գործը եւ ես գաւառի ժողովուրդին եւ համայն Վասպուրականցիներուն կողմանէ կը նուիրեմ իմ յարգանքը մեծ նահատակներուն:»
Հայր սուրբէն ետք խօսք առաւ Յովհ. Կուլողլեան, Վանի հին օրերու վարպետներէն մէկը.– «Մեր դժբախղդ պատմութեան առաջին գրող երանելի Խորենացին իր դգրութեան մէջ հետեւեալ տողն է գրած «աւա՜ղ զրկանացս, աւա՜ղ թշուառական պատմութեանս»: Համրացնենք այս խօսքը ամբողջ հայ ազգին համար, հայ ազգի դարաւոր պատմութիւնը զրկանքներով լեցուն է: Մասնաւորենք այս խնկելի զոհերուն համար, բազումք ցանկացան տեսնել եւ ոչ տեսին: Իշխան՝ իր ընկերները, Բրուտեան իր ընկերները 95ի առաքինիներուն բաղդակից եղան, տքնեցան բայց չտեսան: Մեր ընդհանուր վշտին մէջ, մեր հսկայական ցաւին մէջ կարծես թէ շշմած մեր հոգիներուն համար տկարացած ենք այս ցաւերը ողնալու: Եւ արդէն մեր ազգային ցաւերէն ո՞րը ողբանք, ցիրուցան տեղերու մէջ ինկած դժբաղդնե՞րը, մեր ապագան կազմող հարիւրաւորներու ջիւան կեանքե՞րը ողբանք, ժողովուրդի անկո՞ւմը ողբանք: Մխիթարութեան կէտ մը միայն ունինք – մեր 1000ամեայ ստրկութեան պատմութեան մէջ կրցանք ցուցնել, որ կան բազուկներ որ չեն թուլնալ, կան ճակատներ, որ չեն խոնարհիր, եւ կան սիրտեր որ չեն վհատիր: Մենք պիտի թաղենք պանծալի Իշխան իր ընկերներով. խոհական Բրուտեան իր ընկերներով, բայց իցի՜ւ թէ անոնց հետ թաղենք միանգամայն մեր դժբախղդ ողբերգական պատմութիւնը, եւ անոնց մահը թող սկբնաշրջան մը ըլլայ մնացողներու: Դաւադրութիւնը 1908էն սկսաւ, 1908ը ծնաւ 1915 ապրիլ 7ը- բայց մենք կը մխիթարուինք, մենք յաղթած ենք բարոյապէս, մենք Ե.րդ դարու համահաւասար զոհեր տուինք»:
Անոնց Վերջին Օրը |
Տիկին Զարուհի Ֆանչեան՝ Իսահակեանի «Հովերն առան» երգովը հովցուց Իշխանի մխուած սիրտը, Իշխանի որ շատ կը սիրէր այդ երգը: Երգէն ետք Պ. Սիրաք Սէրհատեան գրաւոր ճառ մը կարդալով Բրուտեանի գործունէութիւնը պարզեց՝ ըսելով որ զոհերը արցունք չեն ուզեր այլ վրէժխնդրութիւն, որովհետեւ եթէ արցունքը հոսի, վրէժխնդրութիւնը պիտի կասի:
Օր. Նուարդ Շատւորեան Րաֆիի յօրինած մէկ երգով սրբազան վրէժխնդրութիւնը հրահրեց:
Պ. Եղիազար Ռշտունի ըսաւ որ – տարիներ առաջ երբ Վանը նորէն բնաջինջ ըլլալու վրայ էր, այդ օրերուն մէջ Պ. Իշխանը այնքան պաղարիւն կերպով կը խօսէր անգլիական հիւպատոսին քով, որ վերջինիս իրաւունք տուաւ ըսելու, որ «Երեւի այս մարդ իր լռութեամբ զիս անարգել կ'ուզէ:» Իշխան իր ընկերակից նահատակներով Նելսոնի նման իրաւունք ունի ըսելու, «փա՜ռք Աստուծոյ որ պարտականութիւնս կատարեցի». այսինքն մեռայ բայց մահացու հարուած մը տուի թշնամիներուն: Եւրոպայի մէջ Վանը նմանցուցած են Աթէնքին իր հոգեկան եւ բարոյական ձգտումներուն համար՝ մեռնողներուն համար Վանը գերեզման մը չէ, այլ անոնց համար գերեզմանը ամբողջ աշխարհն է, քանի որ Պերիկլէոն ալ ըսաւ, որ յոյն հերոսներու գերեզմանները Աթէնքի մէջ չպիտի ըլլան, քանի որ անոնք արտադրեցին գերազանց քաղաքակրթութիւն մը: Վանն ալ ունեցաւ այս մարդիկ եւ կարողացաւ ասոնց դիակներուն վրայէն անցնել կռուելու համար ճիւաղային ծրագիրներ գործադրող թշնամիին դէմ զայն փախուստի մատնելով:
Բանախօսութիւններէն ետք Իշխանի կորիւնը – քառամեայ Հենրիկը ատրճանակով զինուած իր հօր-ռազմիկի դագաղին առջեւ բերուելով նկարուեցաւ, ու այնուհետեւ թափօրը զինուորական շարքով, նուագախումբով շարժուեցաւ դէպի Արարք, հազարաւոր ժողովուրդ կը հետեւէր թափօրին, որ քառորդ ժամէն ետք Արարքի գերեզմանատունը հասաւ, վերջին հանգրուանը Վանի անմահներու:
Հոս՝ ընդհանրական
գերեզմանին վրայ, երբ արդէն կողք կողքի պառկեցան Իշխան, Վահան, Պօղոս, Միհրան ու Բրուտեան,
խօսք առաւ Կովկասցի մտաւորականներէն երիտասարդ ընկեր Վալադեան – 8 տարի առաջ Վիեննայի
մէջ կուսակցական ժողովի ընթացքին հանդիպեցայ Արամին ու Իշխանին, երկուքն ալ եկած էին
երկրէն գործնական առաջարկներով ու ծրագիրներով ծանրաբեռնուած՝ ձգտելու այն նպատակին,
այն իտէալին, որը կը կազմէ Տաճկահայ ազատագրութիւն: Այդ թուականէն առաջ ու յետոյ այդ
երկրի մէջ գործող լռիկ մնջիկ մարտիկները արիւն քրտինք թափեցին մեծ եռանդով եւ մենք
այդ եռանդին հետեւանքը տեսանք, այդ Վանի ու Վանի նահանգի ազատագրութիւնն էր: Իշխանը
այժմ չի տեսնար այդ մեծ իդէալին իրականացումը, սակայն ան իր ամբողջ հոգին գրեց այդ
իտէալին իրականացման համար. նա այժմ թէեւ դիակ՝ բայց իր ամբողջ գործով կենդանի է մեզ
համար: Ծունկի գալով Իշխանի գերեզմանին վրայ ըսենք – Իշխա՛ն, քո ժողովուրդը ազատագրուած
է, անիկա այլեւս չի տանջուիր, այլեւս տանջանքի երգեր չի երգեր, ժողովուրդը կանգնած
է ապագայի առաջ, որու հոգին դուն եղար, փա՜ռք քեզի:
Օր. Փիրումեան, երգեց Իշխանի հեղինակած «Դուն էլ վեր կացար» երգը Մենակի յիշատակին նուիրուած: Մենակը, որ Անտոքայ լեռնափէշերուն վրայ պառկած է, արդեօք պիտի զգա՞յ, որ Վանի ազատագրութեան արշալոյսին իր մահը փառաբանող Իշխանը այլեւս չկայ:
Երգէն ետք, Կովկասի մտաւորականներէն խօսեց Կոստի Համբարձումեան – «Սիրելի նահատակ ընկերներ դուք մենակ չէիք, որ ինկաք տառապած ժողովուրդին համար. Ձեր կողքին, Ձեզմէ առաջ շատերը ընկան, պառկեցէք հանգիստ դուք Շատախի կտրիճներ, Ղարաբաղի հերոսներ եւ Վանի մարտիկներ, հանգիստ մնացէք, Վազգէն եւ ընկերներ, լաւ պահպանեցէք մեր հերոսները, անոնց թարմ աճիւնները թող լաւ հիւրընկալուին ձեր կողմէ, որովհետեւ ահա հոս հողին վրայ մենք ձեզի պահ կուտանք այս թանկագին մարմինները, հանգիստ եղէք, դուք կ'երթաք այն տեղ ուր շատերն են գացեր եւ ուր՝ շատերը երթան պիտի: Ամէնէն ետք ընկեր Մխիթարեան կարդաց գրուածք մը, որմէ վերջ յաղթական յուղարկաւորութիւնը վերջ գտաւ եւ ժողովուրդը զինուորներուն հետ մեկնեցաւ գերեզմանատունէն այն հաւատքով, որ Վանի ազատագրութեան անդրանիկ զոհերը չը պիտի մեռնին քանի որ ազգային ոգու պահպանումը Վանեցիներու համար միակ եւ թերեւս լաւագոյն յատկութիւնն է մատնանշուած նոյնիսկ օտարներէ: Իշխանի եւ ընկեր նահատակներու թաղումը յաղթական թաղում մըն էր մեզ համար, որովհետեւ այդ հնգեակին հետ մենք թաղեցինք 616 տարուան բռնակալ կառավարութիւն մը: