ՄՈՒՇ, յունիս 14
Արդէն գրեցինք Տարօնի պաշտպան Գէորգ Չավուշի հերոսական մահը: Անոր ներկայութիւնը խիստ կ'անհանգստացնէր պաշտօնական շրջանները, ամեն կողմ լրտեսներ կը վխտային՝ իմանալու անոր տեղ եւ յանկարծակիի բերելու: Եւ դէպքն ալ չ'ուշացաւ:
Մայիսի 27-ին Գէորգ Չավուշ և Ռուբէն իրենց 17 զինւորներով Սուլուխ կը գտնւէին կարեւոր գործով մը: Այդ միջոցին երկու թիւրք կ'անցնէին գիւղով եւ ոչ ոք չէր կասկածեր անոնց ուղղամտութեան վրայ: 2 ժամ վերջ գիւղը կը շրջապատւի զօրքերով եւ ոստիկաններով. Գէորգ Չավուշ – ինչպէս միշտ, անվախ և յանդուգն – դուրս կը նետէ ինքզինք թշնամու ահագին բազմութեան վրայ յարձակելու եւ ցրիւ տալու: Զուր ընկերներ կը թախանձեն քիչ զգոյշ լինել. ան բաց կռւի կը մտնի զօրքերու հետ, ընկերներ կը ստիպւին հետեւիլ անոր: Կռւի սկզբին իսկ Գէորգ Չավուշ կը զարնւի: Սպաղանցի Կալէն (Գալէ) տեսնելով ընկերոջ զարնւիլը, առաջ կը նետւի, բայց ինք ալ կը զարնւի. անկէ յետոյ կը զարնւի և Կարսեցի Յակօն: Այդ ձեւով կռիւը շարունակել անկարելի կը գտնէ Ռուբէն, որ իսկոյն կը դիմէ ուրիշ միջոցի. ան ամբողջ ոյժով կը դիմադրէ զօրքի գիւղ ներս խուժելուն, մինչեւ որ գիւղացիք կարող ըլլան գիւղէն քաշւիլ եւ ապաստանիլ զանազան գիւղեր: Կռիւը կը շարունակւի ամբողջ օրը: Կռւի ատեն կ'ընկնին Քէօսէ բինբաշի եւ 10 զինւորներ. թիւրքեր կը կատղին. բայց չեն կրնար գիւղ մտնել, մինչեւ մութը կը կոխէ: Գիւղացիներ օգտւելով մթութենէն՝ հետզհետէ դուրս կ'ելլէն գիւղէն: Ֆէդայիները, կռիւը կը շարունակեն մինչեւ ուշ գիշեր, երբ այլեւս կռիւը շարունակել անկարելի կը նկատեն, դուրս կ'ելլեն գիւղէն: Զօրքեր միայն առաւօտ կը համարձակին ներս խուժել գիւղ, ուր շատ քիչ մարդ մնացած էր: Թուրք ամբոխն ու զօրքը վրէժը կը լուծեն անմեղ գիւղացիներէն: Նոյն օր գիւղին մէջ կը սպանեն Չաթօ Կարօտան, Բարսեղ Յովասափեան 25 ամեակ, Առաքել Գասպարեան 48 ամեայ, Մկրտիչ Տօնօյեան 26 ամեայ եւ Մշեցի Աւօ Չուստան 45 ամեայ: Բռնաբարւել են գիւղի մէջ Յովսէփի կին՝ Կուլօ, Օհանի կին՝ Զըմօն, երկուքն ալ մանկահասակ կիներ եւ Նադօյի կին՝ Վարդէն, որ արդէն պառաւած էր: Գիւղէն սարսափահար փախուստի ատեն Արածանիի մէջ ջրամոյն խեղդւեր են գաւռցի Սարգսի 2 ամեայ աղջիկը, Մուրատի մի ամսեայ աղջիկը, մշեցի Աւօի մէկ ու կէս ամեայ աղջիկը Հարկօն, Սրգօյի 2 ամեայ տղան, Մկրօյի հինգամեայ աղջիկը՝ Շուշան եւ Պէտօյի 7 ամեայ տղեկը: Գիւղը բոլորովին կողոպտւած է, ժողովուրդը ցիրուցան, բոլոր արուները հալածական ու փախստական. գիւղացիներէն մինչեւ այժմ ձերբակալւած են 3 հոգի, մնացեալները կը փնտռւին:
Սուլուխի դէպքերէն վերջ խիստ բռնութիւններ գործ դրւեցան շրջակայ հայ գիւղերու մէջ. շատ հայեր կը սպանւին: ...
Սարսափ է ամէն կողմ. ամբողջ մի շաբաթ քաղաքի խանութները փակւած էին. կառավարութեան միջամտութեամբ եւ բռնի՝ հայերը խանութները բացին, բայց չեն համարձակիր ազատ շրջիլ. ընդհանուր անապահովութիւն: Զօրքեր ու ժանդարմներ կը փնտռեն ֆէդայիներու խումբը եւ յատկապէս Ռուբէնը: Սուլուխի կռւի մէջ Ռուբէնի խիզախ շարժումներն ու անվախ յարձակումները խիստ լարած են կառավարութեան ուշադրութիւնը, զայն ձերբակալել ինչ գնով և ըլլայ: