Մեծ Սալացի մեծանուն ննջեցեալ, թանկագին ընկ. Սիմոն Վրացեան,
Հրաժեշտի այս քանի մը խօսքն ալ ընդունէ Հրուանդանի Կեդր. Կոմիտէի, մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց, բազմահազար ընկերներուն, Լիբանանի բովանդակ հայութեան կողմէ:
Ներկայ են բոլոր հո՛ս, շրջապատած են քեզ, քու կողքիդ են մեծով ու փոքրով, տարեց թէ երիտասարդ:
Ճակատները խոնարհ, սրտերնին անհուն վիշտով լեցուն, վիշտովը անդարձ մեկնումիդ, անդարման բաժանումին կսկիծով:
Մեր շարքերը, բովանդակ հայ ժողովուրդը վարժ էին ներկայութեանդ միայն, ներկայութեանը շունչիդ, ներկայութեանը անձիդ, ներկայութեանը գաղափարական նուիրումիդ, ոգեշնչումի՛դ:
Այս վարժութիւնը տուիր մեզի, որովհետեւ միշտ ներկայ եղար մեր մէջ, մեր շուրջ, նորագոյն մեր պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային պահերուն:
Մենք այդպէս ճանչցանք քեզ, գաղափարի ու զէնքի բոլոր ընկերներուդ պէս: Ահա թէ ինչո՛ւ անըմբռնելի է բացակայութիւնդ, անհեթեթ է բաժանումդ եւ անընդունելի է դադարումը շունչիդ, չքացումը ներկայութեանդ:
Որովհետեւ, Մեծ Սալացի մեծ յեղափոխական,
Կուսակցական ղեկավարէն աւելի վեր էիր դուն մեզի համար, աւելի վեր էիր քաղաքական առանչրդէն, քաղաքական հասարակ իմաստութիւններէն:
Պարզապէս մեծ էիր դուն մեզի համար, մեծերուն մէջ առաջիններէն էիր եւ առաջիններուն մէջ ամէնէն տիրականներէն:
Ամբողջական Հա՛յն էիր, ճակատագրական սերունդի մը ամէնէն արժանաւոր եւ առաջապահ ռահվիրաներէն:
Ճակատէ ճակատ ու մարտէ մարտ ընթացող գաղափարի աննկուն մարտիկն էիր, պայքարունակ ու մարտունակ ոգի, անընկճելի կամք եւ անթեքելի մտասեւեռում. Հայկազեանց անմեռ ոգիին բոլորանուէր սպասարկու:
Նշխարացեալ նուիրում էիր, ներզօր հաւատքի անխորտակելի վահան, որ նպատակին սեւեռուն իր ակնարկով ու առաջընթաց թափով, զանգուածներ ու սերունդներ ոտքի կը հանէ, ոտքի կը պահէ ամրօրէն՝ հոգեպէս, իմացապէս, ֆիզիքապէս:
Համակ նուիրում ու ամբողջական զոհաբերութիւն էիր, մարդ մը, բաին լայնագոյն առումով նուիրեալ մը, որ հարազատ վկան եղաւ իր ժամանակին, որ վկայեց իր սերունդի մեծագործութեանց մասին, որ վկայութիւնը կազմեց իր ընտրեալ ժողովուրդի փառապանծ անցեալին, շքեղ արժէքներուն եւ անմեռանելի արժանիքներուն, կենդանի վկայութիւնը անոր ոգեկան հզօրանքին եւ դիմադրական անսոառ կորովին:
Այսպէս ապրեցար դուն, վարչապե՛տ հայոց, եւ այպէս ապրիլ սորվեցուցիր ժողովուրդիդ, գաղափարի ընկերներուդ, նորահաս սերունդներուն, իբրեւ նորագոյն զինուորեալները հայկական հնամենի ազատամարտին:
Այսպէս ապրեցար դուն, հայ ազատագրական շարժման անվկանդ գաղափարակիր եւ անընկրկում դրօշակիրը Հայ Յեղափոխութեան անմեռ իտէալին:
Այսպէս ապրեցար, վերջին մոհիկոնը այն սերունդին, որ հայրենիք ստեղծեց գրեթէ ոչինչէն, որ վերանորոգ հայութիւնը ազգակերտեց եւ անձեւ քաոսէն, հայոց պատմութեան եւ հայոց մեծագոյն ողբերգութեան դաժանագոյն ընդերքներէն, հոյակերտեց հայ պետականութիւնը, իբրեւ գաղափարական ու յեղափոխական դարբինը հայոց ազատութեան ու անկախութեան:
Սերունդ մը, արդարեւ, որուն անհատնում քրտինքով, որուն ծով արեամբը մանաւանդ գծուեցան սահմանները այն հողաշերտին, որ վերստին հայացաւ հազար տարուան ապահայացումէ ու ամայացումէ ետք, եւ վերստին Հայաստանացաւ, հայրենացնելով նաեւ տարահալած բազմութիւնները հայկեան արի, այլ հայրենազուրկ ցեղին:
Սերունդ մը տակաւին, որ դրօշ մը տուաւ մեզի, դրօշածուփ հպարտութեամբ լեցուց մեր ծարաւի հոգիները, դրօշացաւ իր մեծութեամբ ու մեծագործութիւններով եւ անխորտակելի պատուանդանը կազմեց վերանորոգ հայութեան, անոր լուսաւոր ու փառաւոր ապագային:
Սերունդ մը մանաւադն, որ, հայրենիք կերտելէ ետք, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս տարտղնուած հայութեան հոգեկան ու ֆիզիքական միութիւնը վերականգնեց:
Ստեղծեց հայ ժողովուրդի իմացական, հոգեկան, գաղափարական կեդրոնացումը, մեր ներքին ուժերու արժեւորումն ու սանձազերծումը ի խնդիր ազգային սեփական ու անկախ պետականութեան կառուցման:
Որովհետեւ այս ձեւով միայն կարելի էր իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը:
Այս ձեւով միայն կարելի էր բարձրորակ, կենսունակ ու յաւերժական հայութեան դարբնումը:
Այս ձեւով միայն կարելի էր հայ ժողովուրդը լծել իր պատմական վսեմ առաքելութեան իրականացման:
Եւ որովհետեւ այսպէս էր, ուստի այդպէս ալ ապրեցաւ ու գործեց Վրացեաններու սերունդը:
Հսկաներու սերունդ մը իրաւամբ, որ ապրեցաւ մեր պատմութեան ծանրագոյն ողբերգութիւնը, սակայն ողբերգակներու մտամոլոր ամբոխ չդարձաւ, այլ իր գաղափարական նուիրուածութեամբ, յեղափոխական արիութեամբ ու առնացիութեամբ մահուամբ զմահ խորտակեց եւ ֆիզիքապէս մահուան գիրկը նետուած ժողովուրդը հոգին փրկեց ի սպառ մահացումէ, վերականգնումի, վերընձիւղումի աննկուն հաւատքով ոտքի պահեց անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ նոր յաղթանակներու, նորանոր նուաճումներու ոգիով ջրդեղեց անոր կամքը հայոց պատմութեան ամէնէն մթար ու ճգնաժամային պահերուն:
Դրոշմ ունեցող, ժամանակին շունչը կազմող եւ այդ շունչով հայոց տարահալած բազմութիւնները թեւաւորող աննման սերունդին խորադրոշմ ներկայացուցիչը եղար ու մնացիր դուն, վարչապետ հայոց, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, խաղաղութեան թէ պատերազմի մէջ հաւասարապէս:
Եղար կենդանի օրինակը նուիրումի, զոհաբերութեան, անդուլ ու տքնաջան աշխատանքի, իմացական տքնանքի եւ անիմանալի գաղափարականութեան:
Իմացական լայն հորիզոնի տէր, մշտարթուն միտքի, մտքի անսպառ պաշարի տէր, մշտանորոգ ու յարատեւօրէն ստեղծագործ հայ մտաւորականը մնացիր միշտ, որ հայ կեանքով այրուեցաւ տեւաբար եւ այրուելով լուսաւորեց իր շրջապատը:
Համահայկական մտահոգութիւններով ապրող ու տագնապող համազգային տիպար առաջնորդներէն եղար, որուն համար հայութիւնը, հայրենիքը, Հայ Դատը անբաժանելի իրականութիւններ էին. առանց մէկուն՝ դատապարտուած էր միւսը:
Գերազանցօրէն հաւատքի մարդն էիր,– հաւատք՝ հայ ժողովուրդին, հայ ստեղծագործ հանճարին, Հայ Յեղափոխութեան մեծ իտէալի իրականացման եւ Հայ Դատի վերջնական յաղթանակին հանդէպ:
Անկոտրում կամքի տէր եւ տիրական վարկով առաջնորդ մը:
Հարուստ էիր խառնուածքով, ամուր էիր նկարագրով, դրոշմ ունէիր եւ ոգի:
Գաղափարական պայքարի աննահանջ մարտիկ, անսպառ եռանդով, անսահման նուիրուածութեամբ:
Իրատես ու առարկայական դատումներուդ մէջ:
Սրատես աչք էիր եւ խորագէտ միտք. հաստատ՝ համոզումներուդ մէջ, անողոք՝ դատաստաններուդ եւ անմաշելի՝ հրայրքիդ, աշխատելու եւ ստեղծագործելու ազնուական կիրքիդ մէջ:
Իմացական մեծատուններէն էիր, հարուստ ներաշխարհով եւ մտաւորական բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով:
Հաղորդական էր շունչդ, մթնոլորտ ստեղծղ մարդ էիր, առանձին մթնոլորտ մըն էիր ինքնին, որ վարակիչ է ու վարարիչ միաժամանակ:
Անանձնական կեանք մը ապրեցար, որ անձնդիր նուիրումդ կազմեց:
Քաղաքական ու յեղափոխական մեծակշիռ դէմք մը, որ պատմութեան կ'անցնի ահա, զօրապետի մը պէս, որ իր բանակին, կամաւոր ու փառաւոր բանակին վերջին զինուորը իբրեւ բարձրաճակատ կը մտնէ ռաազմադաշտ, պարտականութիւնը կատարած եւ բոլոր հաշիւները փակած կեանքին թէ մահուան հետ հաւասարապէս:
Պատմութեան կ'անցնի նշխարացած, ոգեղինացած նոյնիսկ, որովհետեւ մահը կ'առնէ իրմէ ինչ որ հողեղէն է ու հողաբոյր եւ աւելի կը բիւրեղացնէ ու կը պայծառացնէ իր դէմքը հայ յեղափոխականի, հայ պետական գործիչի, հայ ներհուն ու բազմահմուտ մտաւորականի իր պայծառ դէմքը:
Եւ իր սերունդի բոլոր պայծառ դէմքերուն պէս, պիտի շարունակէ, իր գործով, յիշատակով ու հայեցի անմեռ շունչով, ներշնչարանը, ներշնչման անսպառ աղբիւրը մնալ ներկայ ու գալիք բոլոր սերունդներուն, հայ յեղափոխութեան յաջորդական բոլոր հանգրուաններուն, պատմութեան բոլոր բախտորոշ պահերուն:
Երէկ մարդ մըն էր եւ առաջնորդ մը, այսօր փառք մըն է այլեւս, իր սերունդին, հայ յեղափոխութեան, ազգայնական հայութեան, Հայաստանի՛:
Փառք մը, փառապսակ մը զինք ծնող կազմակերպութեան, ժողովուրդին, երկրի՛ն:
Փա՜ռք իր անմեռ յիշատակին: