Սողոմոն Թէհլիրեան ծնած է 1896 Ապրիլ 2ին (հ. տ.), Գարանաղեաց (Կամախ) գաւառի վարի Բագառիճ գիւղը:
Հայրը՝ Խաչատուր, մայրը՝ Հնազանդ, Գաթրճեան Տէր Յարութիւնի աղջիկը: Ունեցած են հինգ մանչ զաւակներ: Երկրորդ զաւակը 3-4 տարեկանին մեռած է, մնացեալները Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս եւ Սողոմոն:
Կամախի շրջանի գիւղացիները իրենց աշխատանքին արդիւնքով չէին կրնար ապրեցնել ընտանիքները, բաւականաչափ մշակելի հողեր չունէին: Այրերը կ'երթային արտասահման, մասնաւորաբար պալքանեան երկիրներ, քանի մը տարի չարաչար աշխատելով դրամ կը խնայէին եւ կը վերադառնային երկիր:
1898ին Սողոմոնի հայրը, երկրորդ թէ երրորդ անգամ ըլլալով, կը մեկնի գիւղէն, կ'երթայ Սերպիա, ուր իր եղբօր հետ առեւտրական գործ հաստատած էր: Նախ եղբայրը կը վերադառնայ հայրենիք, իսկ 1905ին կարգը կուգայ Սողոմոնի հօրը:
Մեծ դէպք էր գիւղին համար պանդուխտի մը վերադարձը: Հարսանիքէն շատ աւելի կարեւորութիւնը կը տրուէր Սիլաճիի դիմաւորութեան հանդէսին եւ տէնկերու պաշտօնական բացման: Պանդխտութենէ վերադարձողը նուէրներ կը բերէր բոլորին:
Զատիկին գիւղ պիտի հասնէր Սողոմոնի հայրը: Աւագ Շաբաթ օր կառապան մը երկու սնտուկներ կը բերէ, բայց սիլաճին չկար: Շուտով կ'իմացուի, թէ թուրքերը զինք բանտարկած են Տրապիզոն՝ նաւէն դուրս ելլելու ատեն: Ուրախութիւնը կը վերածուի լաց ու կոծի: Վեց ամիս Տրապիզոն բանտարկուած պահելէ ետք՝ Խաչատուր աղան կը վերադարձնեն Սերպիա:
Բայց, մեկնելէ առաջ, առիթ կ'ունենայ տեսնուելու իր հայրենակից Միսաք Պոլոյեանի հետ եւ կը խնդրէ անկէ գիւղ երթալ եւ ընտանիքը փոխադրել Երզնկա:
Յետոյ կ'իմացուի, որ Խաչատուր աղան ձերբակալուած էր, որովհետեւ 1898-ին Տրապիզոնէն մեկնելու ատեն ռուսական նաւ առած էր. իբրեւ կասկածելի արձանագրած էին զինք:
1905-1906ի ձմրան, Սողոմոն Երզնկայի բողոքականաց վարժարանը կը յաճախէ: Յաջորդ տարեշրջանին կ'անցնի Եզնիկեան վարժարանը, մինչեւ 1911: Վերջին տարին, ուսուցիչնեու պակասի հետեւանքով, գրեթէ ամբողջ դասարանով, կը փոխադրուին Կեդրոնական վարժարան, ուր եւ կը վերջացնէ ուսման ընթացքը:
Պալքանեան պատերազմին կարգ մը ուսուցիչներ կը ստիպուին զինուոր երթալ: Եւ հոգաբարձութիւնը նախակրթարանի առաջին դասարան վարելու պաշտօնը կուտայ Սողոմոնին:
1913ին, վերջապէս, Սողոմոն իր 17 տարեկան հասակին կը տեսնէ իր հայրը: 1908ի Սահմանադրութեան ազատօրէն կրնար երկիր երթալ, բայց գործերու բերումով հինգ տարի կ'ուշանայ:
1913ի աշնան Սողոմոն կը հեռանայ Երազնկայէն ու կ'անցնի Սերպիա, ուր մտադիր էր պատրաստուիլ եւ յաջորդ տարին երթալ Գերմանիա ուսանելու: Բայց համաշխարհային առաջին պատերազմը ամէն բան տակն ու վրայ կ'ընէ. բոլոր ծրագիրները ջուրը ձգելով...
Թէհլիրեան գերդաստանը Երզնկայի մէջ եւ Բագառիճ գիւղը, մինչեւ 1915ի օրերը, իր մէջ կը համրէր 85 հոգի, բացի արտասահման, պանդխտութեան մէջ գտնուողներէն:
Այդ 85 հոգիէն միայն ու միայն Սողոմոնի մեծ եղբօր՝ Միսաքին մէկ աղջիկը կ'ազատի: Երզնկայ ռուսերու կողմէ գրաւուելէ ետք, քիւրտի մը մօտէն կը գտնեն զայն, 12 տարեկան հասակին:
Սողոմոնի մայրը, երկու մեծ եղբայրներուն կիները իրենց զաւակներով, եղբայրը Աւետիս – Պէյրութի ամերիկեան բժշկական համալսարանի ուսանող – զոհուեցաւ 1915ի կոտորածի օրերուն:
1914ի գարնան, գործի բերումով Սողոմոնի հայրը եւ Սեդրակ եղբայրը կը ձգեն Երզնկան ու կ'անցնին Սերպիա ու այդպիսով կը փրկուին ստոյգ մահէ:
Սողոմոնի հայրը մեռաւ վերջին հաշամխարհային պատերազմի ընթցաքին, 84 տարեկանին: Եղբայրները՝ Միսաք եւ Սեդրակ՝ իրենց պարագաներով կ'ապրին Եուկոսլաւիոյ մէջ: Վերամուսնացած ու զաւակենրու տէր են: Թոռներ իսկ հասցուցած:
Սողոմոն ամուսնացած է Թիֆլիս հաստատուած երզնկացի Նշան Թաթիկեանի աղջկան՝ Անահիտի հետ: Թաթիկեան մօտիկ գործակիցը եղած է երզնկացի Քեռիին (Շիշմանեան): Քաղաքին մէջ իր դիրքը վտանգուած ըլլալուն՝ խոյս կուտայ Երզնկայէն եւ կ'անցնի Կովկաս 1895ի ատենները եւ կը հաստատուի Թիֆլիս: Հետագային կ'ամուսնանայ Յակոբ Շաւարշի աղջկան հետ:
Յակոբ Շաւարշ Միացեալի հիմնադիրներէն մէկը եղած է իր ժամանակին:
Սողոմոն եւ Անահիտ երկու մանչ զաւակ ունին՝ Զաւէն եւ Շաէհէն: