Ցարդ մարդկային ընկերութեան բարձրագոյն տիպը, բարձրագոյն որակը, բարձրագոյն մակարդակը ազգն է: Ազգէն վեր՝ մարդկային համախմբման աւելի բարձր տիպ, աւելի բարձր մակարդակ, աւելի բարձր որակ, քաղաքակրթութեան զարգացման ներկայ հանգրուանին, տակաւին գոյութիւն չունի:
...
Վերջին հարիւրամեակին ազգը դասակարգով փոխարինելու եւ մարդկային ընկերութեան նոր տիպ ու որակ ստեղծելու յեղափոխական ճիգը, իր գործած շարք մը աւերներուն եւ բերած կարգ մը բարիքներուն հակառակ, փաստօրրէն ձախողած է իբրեւ մարդկութեան ընկերային ու տնտեսական անհաւասարութեան առաջ բերած տագնապներու փարատման գրաւական:
Ահա թէ ինչո՛ւ, քաղաքական կեանքի առանցքը, ազգային թէ միջազգային մակարդակի վրայ, ա՛զգն է, ազգային պետութիւնն է:
Ազգը, իր կարգին, իբրեւ աշխարհագրական միջավայր եւ աճելավայր ունի հայրենիքը, իսկ իբրեւ ինքնապահպանման ու բնականոն զարգացման հիմնական ազդակ՝ ազգային պետութիւնը:
Ազգային անկախ պետութիւնն է, իրաւամբ, մարդկային ընկերութեան կազմակերպական բարձրագոյն ձեւը, որուն սահմաններուն, հովանիին ու շրջանակին մէջ բնականոն կերպով կ'աճին ու կը զարգանան մարդկային հաւաքականութիւնները, կը կերտեն սեփական դիմագիծ, կը ստեղծեն մշակութային ու քաղաքակրթական ուրոյն նկարագիր:
Ազգային պետութեան շրջանակին մէջ է, որ անհատներն ու խմբակցութիւնները կը գտնեն իրենց հարազատ մթնոլորտը, կը զարգացնեն ու կը ծաղկեցնեն իրենց ներքին ուժերը, առաւելագոյն չափով կ'օգտագործեն ու կ'արժեւորեն իրենց նիւթական եւ հոգեւոր միջոցներն ու կարելիութիւնները, անհատական ու հաւաքական ճակատագրի իրականացման եւ իրենց մարդկային առաքելութեան կենսագրոծման ի խնդիր:
Պատմութիւն ունին եւ ազգային սեփական մշակոյթ եւ ուրոյն դիմագիծ կերտած են միայն այն ժողովուրդները, որոնք յաջողած են միշտ ոտքի պահել ու զարգացնել իրենց ազգային պետութիւնը կամ դարեր շարունակ տեւաբար ձգտած են, պայքարած ու զոհաբերած են ազգային անկախ պետութեան ստեղծման համար:
...
Այս պատճառով ալ աշխարհագրական, պատմական, ցեղագրական, տնտեսական ու մշակութային որոշ միջավայրի մէջ ապրող ոեւէ ժողովուրդի գերագոյն Նպատակը ազգային անկախ պետութեան ստեղծումն է կամ այդ պետութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ իբրեւ իր անհատական թէ հաւաքական կեանքի բարօրութեան, յաւերժացման, բնականոն զարգացման, կատարելագործման եւ նիւթական ու հոգեւոր կեանքի բարգաւաճման ամէնէն ապահով եւ ամէնէն կենսատու գործօն:
Արդ, ըստ ձեւի փոփոխական է այդ Նպատակը, սակայն ըստ էութեան անփոփոխ է:
Ըստ ձեւի փոփոխական է, որովհետեւ ազգային պետութեան կերտման բազմաթիւ ձեւեր կան,– վարչակարգի խնդիր:
Ըստ էութեան անփոփոխ է այդ Նպատակը, որովհետեւ ազգային պետութենէն վեր կամ տարբեր՝ պետական-կազմակերպական աւելի բարձր տիպ գոյութիւն չունի, ծանօթ չէ՛ մարդկային բանականութեան,– ազգային պետութեան խնդիր:
Կը հետեւի պարզապէս, որ ազգի մը Նպատակը, Իտէալը կը փոխուի, ժամանակին ու պայմաններուն հետ նո՛յնիսկ կը բարեփոխուի աստիճանաբար, բայց միայն ըստ ձեւի, մինչ կայուն ու անփոփոխ կը մնայ ըստ էութեան:
Ազգի մը Նպատակը ըստ ձեւի կը փոխուի երկու հիմնական ուղղութեամբ.
ա) Ներքին
ընկերային կեանքի բարեշրջման ճամբով.
բ) Արտաքին
միջ-պետական կամ միջազգային յարաբերութեանց ազդեցութեան տակ:
Միւս կողմէ, ամէն ազգ, ամէն պետութիւն իր գերագոյն Նպատակը – սեփական գոյութեան պահպանում եւ անարգել զարգացում – իրագործելու որոշ եղանակ, որոշ ոճ, նոյնիսկ որոշ դրութիւն ունի:
Եւ համաձա՛յն իր քաղաքկրթական զարգացման մակարդակին, տիրող պայմաններուն ու իր հնարաւորութեանց, որոշ ուղեգիծ մը կը կիրարկէ ներքին թէ արտաքին ճակատի վրայ՝ իր մօտաւոր կամ հեռաւոր ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր:
Ներքի՛ն ճակատի վրայ վարած իր ուղեգիծը կը կոչուի ներքին քաղաքականութիւն, արտաքին ճակատի վրայ վարած իր ուղեգիծը կը կոչուի արտաքին քաղաքականութիւն:
Դժուար է ըսել, թէ այս երկու քաղաքականութիւններէն ո՞րն է տիրական կշիռ ներկայացնողը. բոլոր պայմաններուն մէջ, մըկը միւսին հիմն է, մէկը միւսին լրացումը կը կազմէ եւ, իբրեւ այդպիսին, իրարու շարունակութիւնը եւ փոխադարձ ցոլացումը կը կազմեն:
Արդ, ազգային կամ ազգային պետութեան Նպատակը ըստ էութեան անփոփոխ ըլլալով միշտ, տեւական փոփոխութեան ենթակայ է անոր քաղաքականութիւնը, անոր մօտաւոր կամ հեռաւոր նպատակներու իրականացման եղանակը, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ:
...
Յամենայն դէպս, անհրաժեշտ է յստակօրէն զատորոշել ազգի մը կամ պետութեան մը Նպատակը եւ զայն կենսագործելու կոչուած եղանակը – քաղաքականութիւնը:
Մնաց որ ըսուած է իրաւամբ.– Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին:
Հռոմը – Նպատակն է:
Ճամբաները – քաղաքականութիւնն են:
Եւ եթէ Նպատակը մէկ է ու անփոփոխ ըստ էութեան, անոր հասնելու կամ զայն իրագործելու ուղիները բազմաթիւ են սակայն ու յարափոփոխ:
Այս է իրականութիւնը թէ՛ ազգային եւ թէ պետական կեանքի մէջ:
Այս է իրականութիւնը նաեւ կուսակցական կեանքի մէջ:
Ճիշդ է, կուսակցութիւնները ազգի մը քաղաքական կեանքի զանազան երեսները, այլազան հոսանքները կը ներկայացնեն, անոր քաղաքական մտածողութեան տարբեր թեւերը:
Սակայն ամէն կուսակցութիւն Նպատակ մը ունի, Իտէալ մը կը հետապնդէ, որուն իրագործման մէջ կը տեսնէ իր ժողովուրդի, իր հայրենիքի եւ իր պետութեան գերագոյն շահերը, անոնց բարօրութեան ու բարգաւաճման հիմնական պայմանը:
Կուսակցութեան մը – ինչպէս ազգի մը կամ պետութեան մը – Նպատակը անփոփոխ է ըստ էութեան, փոփոխական է միայն ըստ ձեւի, այսինքն բարեփոխութեան, բարեշրջման իմաստով:
Նպատակը անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, փոփոխութեան առարկայ կրնայ ըլլալ սակայն կուսակցութեան մը քաղաքականութիւնը, պայքարի ու գործունէութեան ռազմագիտութիւնը, նոյնիսկ գործելակերպը:
Կուսակցութեան մը համար ալ – իր կոչումին ու առաքելութեան գիտակից ու հաւատարի՛մ կուսակցութեան մը – բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին:
Եւ այդ ուղիները բազմաթիւ են եւ յարարափոփոխ բնոյթ ունին..., անփոփոխ կը մնան մէկ կէտի մէջ.– Միայն ու միայն Նպատակին կ'առաջնորդեն, Նպատակին իրագործման կը ձգտին, Իտէալին հասնելու ՄԻՋՈՑ են լոկ:
...
Ազգային, պետական կամ հայրենական գերագոյն շահերու հետապնդման ու ապահովութեան ճամբուն վրայ, կուսակցութիւն մը կրնայ ուղի փոխել, ուղղութիւն փոխել, հիմնովին նոր քաղաքականութիւն մշակել, ու կիրարկել, սակայն պայման է, որ միշտ հաւատարիմ մնայ իր առաքելութեան, իր կոչումին, իր Նպատակին:
Կուսակցութիւն մը, որ նպատակ ու իտէալ կը փոխէ, կը դադրի նոյն կուսակցութիւնը մնալէ, կը փոխէ ինքնաբերաբար նաեւ իր բնոյթն ու նկարագիրը եւ, լաւագոյն պարագային, կը դառնայ նոր կուսակցութիւն:
Էականը Նպատակն է, Իտէալն է, այո՛. ուղիները Նպատակին հասնելու միջոցները երկրորդական են միշտ:
Միաժամանակ ծանօթ ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ քաղաքական կեանքի մէջ – կուսակցական, պետական թէ ազգային մակարդակի վրայ – մնայուն բարեկամութիւններ եւ մնայուն թշնամութիւններ չկան, այլ կան միայն ու միայն մնայուն շահեր:
Այս հիման վրայ ալ, կուսակցութիւն մը կամ քաղաքական ոեւէ կազմակերպութիւն պատրաստ է – պատրա՛ստ պէտք է ըլլայ – գործակցելու նոյնիսկ... Սատանային հետ, ինչպէս որ պիտի ըսէր մեծանուն անգլիացին՝ Չըրչիլ, ի խնդիր ի՛ր ժողովուրդի, ի՛ր պետութեան եւ ի՛ր հայրենիքի գերագոյն շահերու իրականացման:
Այն կուսակցութիւնը, որ յօժար չէ ամէ՛ն բանի՝ իր հայրենիքի եւ իր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ու գերագոյն արժէքներուն պաշտպանութեան համար, չի՛ կրնար երբեք հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայել իր կոչումին եւ իր առաքելութեան:
Ամէն կուսակցութիւն պատրաստ պէտք է ըլլայ, պարտաւո՛ր է պատրաստ ըլլալու Գերագոյն Զոհաբերութեան՝ վասն հայրենեա՛ց – ա՛յս է հիմնական ու անփոփոխելի սկզբունքը:
Սարգիս Զէյթլեան