11 August, 2020

Փառաց Պսակի Արի Վկան՝ Կարօ Սասունի

«Մենք մահինն ենք, մահը՝ մերը, մարդու գործն է միշտ անմահ» ճշմարտութեան հաւատացած արժանաւոր հայն է, որ տակաւ-տակաւ կ'արմատանայ մեր հոգիներէն ներս՝ իր հետ անգամ մը եւս արմատացնելով այն հաստատ ու անվիճելի ճշմարտութիւնը, թէ գործով կ'իմաստաւորուի մարդուն գոյութեան իմաստը, գործին յարակայութեամբ մարդը կը նուաճէ ժամանակի անհորիզոն անջրպետը, կ'ըլլայ, կ'ըլլայ ժամանակին հասո՛ւ ձայնը, մշտաբորբո՛ք արեգակը, կենարա՛ր աւիւնը...

Այս ճշմարտութեան հաւատարիմ հայորդին էր ինք, պատմութեան վէրքերով լի նաւաբեկեալ բայց ոչ պարտեալ ջան ֆետային, որուն ողջ կեանքը «անկատար տենչեր»ու յաղթահարման ի խնդիր մշտատեւ մարտ մը եղաւ, սպիտակ թուղթին հետ ժամադրուած վայրկեանին թէ հանրային – հասարակական պատասխանատուութիւններու հրաւէրին ընդառաջացած ակնթարթին:

Գործը, աւելի ճիշդ ասած՝ նուիրաբերման հրաւէրները ունեցած են իրենց ծանրութեան գիտակից նուիրեալներ, որոնք սիրով ու երջանկութեամբ ստանձնած են այդ դառն բայց գեղեցիկ լուծը:

Կարօ Սասունի մէկն էր այդ նուիրեալ հայորդիներէն:

Արագ ակնարկ մը պտտցուցէք իր կեանքի փոթորկայոյզ հոլովոյթը ներկայացնող կենսագրականին վրայ եւ ձեր մէջ պիտի արմատանայ այն հաստատ համոզումը, որ մեր ազատագրական շարժումի վերջին վկային սրբայիշատակ ներկայութեան դէմ յանդիման կը գտնուիք:

Աւելի՛ն. ընթացիկ վկայ մը չէ ան՝ նոյնիսկ բառին ամենալայն ու ամենախոր իմաստով: Վասնզի՝ պատմութեան դրօշը հայ երիտասարդութեան փոխանցող անխոնջ անձնազոհն էր ընկեր Կարօ Սասունի, մեր նորագոյն պատմութեան տեղատւութիւնն ու մակընթացութիւնը ապրած բաբախուն սիրտը, որուն տրոփները գիր ու գոյն ստացան տասնեակ հատորներու էջերուն եւ սփիւռքահայ մամուլի տարածքին:

Բազմավաստակ մտաւորական ու լեռներու խորհուրդներով ալեկոծող գրագէտը եղաւ ինք, որ պատմութիւնը վերածեց անաւարտ ապրումի, եւ հաստատ հաւատքով մը, ինչպէս նաեւ պաշտամունքի հասնող նուիրումով՝ լծուեցաւ մեր նորագոյն պատմութեան հերոսները վերակենդանացնելու աշխատանքին, որպէսզի յաւերժ ապրին ապագայի անապահով ուղին լուսաւորող ցեղին լուսարձակները, շնչաւորեն սփիւռքահայ նորանոր սերունդներու հոգիները, ըլլան Հայկեան հազարամեայ ճշմարտութիւնները փառաբանող մշտարծարծ փարոսներ եւ թթխմոր՝ Հայ Դատի հետապնդման նուիրական ճանապարհին համար:

Ազգային յստակ առաջադրանքներէ թելլադրուած արձակագիր Կ. Սասունին, Վիգէն Գլակ գրչանունը կրող «Լեռներու խորհուրդը» հատորէն մինչեւ իր յուշագրական թէ պատմագրական վերջին գործերը, որ մինչեւ «Բագին» ամսագրի 1973ի եւ 1974ի համարներուն մէջ լոյս տեսած «Հորիզոնէ հորիզոն» անուն յուշերու յօդուածաշարքը գրառած պահերուն, մի՛շտ գրիչը թաթխեց պատմութեան կաղամարին մէջ, մեր ազատագրական շրջանի նորագոյն դիւցազները՝ Գալէն ու Գէորգ Չաւուշը, Անդրանիկն ու Սերոբ Աղբիւրը, Մուրատն ու Զաւարեանը, Սիամանթոն ու Ահարոնեանը, եւ դեռ՝ մեծանուն ու անանուն հայդուկները վերակենդանացնելու նպատակով, հայավայել հրաշագործութիւնները մոռացութեան սպառնալիքէն փրկելու նախանձնախնդրութեամբ:

Գաւառէն վերցուած պատկերներ ըլլան անոնք թէ հայրենի բնաշխարհային թելադրուած պատումներ, պատմութեան մէկ հրաշագեղ դրուագին փառաբանումը հանդիսանան անոնք թէ հայ օճախին տոհմիկ ջերմութեամբ կենդանի յուշագրութիւններ՝ գրագէտ Կարօ Սասունի ծանօթ է հայ ազգի նկարագրային հարստութիւնները վերհանելու արուեստին, աւելի ճիշդ բացատրութեամբ մը՝ պարզ ու թելադրական գիծերով վերակենդանացնելու բնական հարազատութեան, որ անկեղծ ջերմութեամբ ու վարակիչ ապրումներով կ'օժտեն իր գրութիւնները, ուր գոյ է հայ ժողովուրդը, իր գլխաւոր յատկութիւններով՝ հայրենի ժայռերէն ժառանգած մարտնչումներու անպարտ վճռակամութեամբ, ճակատագրին դէմ ըմբոստանալու դիւցազնաշունչ խիզախութիւններով, սխրալի ծառացումներով, հողին պաշտամունքով, անթաթար ու խրոխտ ազնուականութեամբ, գաղափարապաշտ ու մաքրամաքուր խռովքներով, սրբաբոյր յոյզերով, տառապանքներով, տեսիլներով ու դարաւոր տենչերուն հրեղէն հրամայականով:

Եւ զարմանալի չէ, երբ յուշ մը պատմուածքի մը կառոյցը կը միջամտէ անակնկալօրէն, խորհրդաւոր թելադրականութեամբ ոգեկոչումի ենթարկելու համար հայրենի կեանքն ու խռովքները, ուր ի յայտ կու գայ ոգեպաշտ արձակագիրը՝ իր ամէնէն բնորոշ գիծերով:

Հայ գրականութեան ու մշակոյթին մնայուն արժէքներուն վրայ գուրգուրացող վաստակաւոր մտաւորական եղաւ ինք, որ գուրգուրաց մեր մնայուն արժէքներուն վրայ՝ մտաւորական իր սեւեռումները ցոլացնող ծաւալուն հատորներով թէ հայ մամուլի էջերուն ցրուած ու փառաց պսակը գովերգող բազմահարիւր յօդուածներով:

Յարգանք իր բազմավաստակ գրիչին: 

Ս. Կիրակոսեան
«Հայրենիք»
Կիրակի, Օգոստոս 28, 1977
79-րդ տարի, Թիւ 19637