14 August, 2020

Բաբկէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան)

«Մենք սուլթանին շատ խնդրեցինք կողկողագին ու լացինք,
Աղի-աղի արտասուքով ձեռքն ու ոտքը լուացինք.
Բայց նա չանսաց պաղատանքին ողորմելի հայերուն,
Այժմ նայինք, նա կը լսէ որոտումը ռումբերին»:

Կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն, յարգա՜նք Յեղափոխութեան նահատակներուն:

Մենք այս սրտաբուղխ բացագանչութիւնը կընենք, ըմբռնած ըլլալով սա ճղմարտութիւնը՝ թէ կեանքը առանց յեղափոխութեան արժէք չունի: Յեղափոխութիւնը տիեզերքին մէջ է արդէն: Մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարագլուխները յեղափոխութեան պղնձէ պատւանդաններուն վրայ բարձրացած են: Երբ ազգերը բարոյական եւ իմացական անկման մէջ են, յեղափոխական լծակը կռթնցնելու է անոնց, երբ թագակիր աւազակները, տզրուկ իշխանաւորները կը քամեն ժողովրդին կենսականութիւնը, յեղափոխութիւնը բոցեղէն սուր մը կը դնէ անոր ափին մէջ:

Ազգերու ամենէն վսեմ արտայայտութիւնը յեղափոխութիւններն են եղան: Ով որ չունի այդ ոգին, դատապարտւած է մեռնելու: Թիւրքիան չըմբռնեց՝ թէ հայութեան մէջ ահեղ բարոյական ոյժ մը կար. Անիկադիակնացած դաշտեր պարզեց, բայց սարսռահար կը տեսնէ այսօր՝ թէ չարաչար սխալած է: Դիակները ինկան, բայց յեղափոխական գաղափարը կանգուն է աւելի անվեհեր եւ աւելի վճիտ ու ոտէականացած:

Երնէ՜կ այն ազգին, որ իր ծոցին մէջ կը կրէ յեղափոխիչ ուժեր: Թիւրքիան իր անշարժութեան մէջ մգլեցաւ ու փտտեցաւ. Հայութիւնը պիտի ապրի, որովհետեւ իր խորքին մէջ հրաբուխի հնոցներ կան: Այդ հրաբուխի հնոցները այն բացառիկ անձնաւորութիւններն են, որոնց մահը մեծ պարապ մը կը ձգէ. այդ պարապը ալ աւելի զգալի է եւ ճնշող, երբ ահյրենիքը մեծ ճգնաժամ մը կանցնէ:

Այդպէս եղաւ ԲԱԲԷՆ-ՍԻՒՆԻԻ մահը:

Ո՞վ էր Բաբկէն-Սիւնին (Խոսրով):

Գաւառացի աղքատիկ երիտասարդ մ'էր, հազիւ 23 տարեկան, խանդով ու զգացումով լեցուն. նէկ խօսքով յեղափոխութիւնն էր մարմնացած եւ հոգին էր Պոլսոյ Դաշնակցութեան:

Այդ անզուգական երիտասարդի կեանքն է, զոր պիտի գծենք հոս: Զինքը մօտէն ճանչցողները անբաւական պիտի գտնեն սոյն կենսագրութիւնը, իսկ չի ճանչցողներուն համար ալ մենք անաւական կը գտնենք. ուստի ապագային կը թողունք այդ անմահ երիտասարդի խղճամիտ կենսագրականը գրելու հոգը:

Բաբկէն-Սիւնին, բուն անունվ Պետոս Փարեան, Ակնի Բինկեան գիւղէն էր, քչաւոր ընտանիքի մը զաւակ եւ հին ազնւական գերդաստանի մը մարած ցոլքը:

Մանուկ հասակէն ձգելով իր հայրենի տնակը, ծնողական գուրգուրանքը ու վերջին մնաս բոարվն ըսելով հայրենի սարերուն, Եփրատի սիրական ափերուն ու ալիքներուն՝ պանդխտեցաւ Պոլիս:

Պոլիս մտած օրէն աշակերտեցաւ Թաղային վարժարանի մը մէջ եւ վերջապէս 1887-ին մտաւ Կեդրոնական Վարժարանը:

Բաբկէն միջահասակ երիտասարդ մ'էր, քիչ մը կունտուկլոր. անոր զօրեղ եւ պինդ կազմւածքը՝ զոր իր հետը բերած էր հայրենի բնագաւառէն, չի ժանգոտեցաւ բնաւ Վոսփորի հեղգ մթնոլորտին մէջ: Մինչեւ վերջը մնաց լերան կշտին վրայ բուսած առոյգ ծաղիկը, որ քամիի ուժեղ հեւքովը օրօրւած եւ ուռճացած է: Օր մը իր տնօրէններէն մէկը օտարական այցելուի մը ներկայացնելով զանի կըսէր՝ «ահա հայկական տիպար մը»:

Դէմքը երազուն եւ խոհուն արտայայտութիւն մը ունէր, զոր թեթեւ ժպիտ մը կը բարեխառնէր. Բայց ինչ որ յատուկ էր անոր համակրելի կերպարանքին՝ զսպւած ոգեւորութիւնն էր, որուն արմատը հոգիին խորը կը հանգչէր: Բնաւորութեամբ յետին ծայր պարզասէր էր. ժուժկալութիւնը ու չարքաշութիւնը իր անբաժան ընկերներն էին, ապառաժի կտորի մը վրայ կրնար իր գլուխը հանգչեցնել հանգիստ կերպով. կարհամարէր պերճանքը եւ իր բոլոր գեղեցկագիտական ճաշակը բնականութեան մէջ կը կայայնար. սակաւապետ էր եւ իր սիրտը կանսար դատողութեան ձայնին:

Կեդրոնական Վարժարանին մէջ սկսան փթթիլ Բաբկէնի բնածին յատկութիւնները եւ իր հոգեկան կարողութիւնները այդ հնոցին մէջ թրծեցան: Հետեւեցաւ չափական գիտութիւններուն, որոց համար մասնաւոր կոչում ունէր: Այդ ցամաք գիտութիւնները ոչ միայն չի ծծեցին անոր զգայում սիրտը, այլ ընդհակառակը տրամաբանական ամուր ջիղեր հիւսեցին անոր զգացումներուն մէջ: Քիչ կարդաց, բայց շատ խորհեցաւ եւ կարելի է ըսել՝ թէ հեղինակութիւնը ինքն իր մէջ գտաւ: Վերլուծող գլուխ մ'ունէր, որուն մէջ միսթիֆական կամ վերացական գաղափարներ ասպնջականութիւն չէին գտներ: Երկնքին հետ գործ չունէր, մարդկային թշւառութիւնները, զեղծումները, անիրաւութիւնները, արցունքները եւ հայրենիքի ցաւերն էին իր մտածման առարկանները:

Չէր կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէս բռնակալութիւնը այդ դարուն մէջ չամչնալով դեռ կը սողար: «Կառավարութիւն մը հանրային բարի իղերուն մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադրիչը պիտի ըլլայ, կըսէր:

Բայց այսպէս չեն ըլլար բռնաւորները, կը բացագանչէր զայրագին. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չի վստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամեն ազնիւ ներշնչում ուշ կամ կանուխ մարդախոշոշ դաշոյնի կը փոխարկւի եւ պատուհաս կը դառնան խաղաղ ժողովուրդներուն»:

Դեռ ուսանող՝ անզուսպ ոսոխ մ'էր ազնւականութեան եւ դրամատիրութեան. ճշմարիտ ռամկավարական ու արմատական տիպար մը: Իր ազգասիրական գաղափարը մարդասիրութեան ոլորտին մէջ կը պտուտքէր, կը սիրէր ազգը, կը սիրէր հայրենիքը, որովհետեւ անոր միջոցաւ կարող էր ընդհանուր մարդկութեան ծառայել: Եթէ կասկած մը ունենար, որ հայ ազգին փրկութիւնը անտէր, որբ ժողովուրդներու պատիժ պիտի ըլլար, ինչպէս դժոխք-Թիւրքիան, կը նախընտրէր, որ իր ազգը ստրուկ մնար: Չէ՛ սակայն, իր մէջը կզգար հայութեան ազատ նկարագիրը, եւ բարերախտ կը համարէր ինքզինք խեղք, բայց լայն հայեացքներով օժտւած ազգի մը զաւակ ըլլալուն համար: Աշխարհի որ կողմն ալ ըլլար՝ գերութեան կապանքները փշրել նկրտող ժողովուրդներուն համար պաշտուն մը ունէր: Կարիպալտիի հոգին կը կրէր գրեթէ:

Ուսանողութեան վերջընթեր տարին վեց ամիս բանտ մնաց իր փախած մէկ ընկերոջ հաամր, որ նոյնպէս ապագային մեծ դեր պիտի խաղար ազգային կեանքին մէջ: Բանտէն ելլելէն յետոյ յաջողութեամբ շարունակեց ուսումը եւ մինչեւ շրջանաւարտի օրը լուռ մնաց: Բայց հայրեը, որ տաճիկներու տունը հաց կուտար՝ Պետրոսի բանտարկութենէ յետոյ աչքէ ինկաւ եւ հացէն կտրւեցաւ:

Կեդրոնականէն հազիւ ոտքը դուրս դրած էր, վճռեց նաւապետ ըլլալ. բայց հօրը անգործ եւ ցաւագար վիճակը պահ մը մտածել տւաւ իրեն, մինչեւ որ Յակոբ աղան – այս էր հօրը անունը – պզտիկ խանութ մը վարձեց ջուր եւ սուրճ ծախելու համար: Բայց այդ խանութը հազիւ կապրեցնէր հայր ու տղաւ. Անդին կը մնային դեռ մայր մը եւ եղաբյրներ, որոնք նմանապէս իրենց ձեռքը կը նայէին: Բաբկէն թշւառութեան մէջ սնւած ջղեր ունէր, գիտէր անոր ամեն երանգները. Իր ընտանեկան թշւառութիւնը կը շփոթէր հասարակաց տառապանքին հետ. «Ի՜նչ ընեմ, կըսէր, հայութիւնը իմ ծնողացս պէս շատ դժբախտներ ունի, անոնց ամենուն մէկէն դարման ընելու է»:

Տարի մը նաւի մը մէջ աշխատելէ յետոյ, մտաւ Ազապ-Գաբուի տաճկաց նաւային վարժարանը: Ընտրած ասպարէզին եռանդով փակած էր: Տաճիկ ընկերներուն մտաւոր ըմբռնման վրայ կը ծիծաղէր. Երկար բարակ անոնց կը բացատրէր երկրաչափական տեսութիւնները, որոնք բերանաբաց կը նայէին, մտքերնուն մէջ ըսելով անշուշտ «նէ՜ աքըլլը կեավուր տըր»: Խորհրդով ընտրեց նաւապետութեան ասպարէզը. Վաճառք փոխադրել կամ հարստանաթ չէր նպատակը, գանձ դիզելու ոչ շնորհք ունէր, ոչ իտէալ, աւելի բարձր գաղափար մ'ունէր, բայց չի հասաւ իր մուրազին:

Նաւային վարժարանին մէջ էր, երբ որոշեց յեղափոխական կրկէսը նետւիլ, ալիքներուն դէմ մաքառելէ առաջ հարկ էր բռնութեան դէմ մարտնչիլ. Ուստի ինք եւ համախոհ քանի մը ընկերներ միանալով կազմեցին «Սիւնիք» խումբը, եւ մտան «Դաշնակցութեան» դրօշակին ներքեւ: «Դաշնակցութեան» Պոլսոյ առաքեալը առջի օրէն նշմարած էր անոր մէջ կամքի ոյժ եւ գործելու վառ մարմաջ:

Օր մը նաւային վարժարանի տնօրէնը կը կանչէ Բաբկէնը եւ քաղաքավարութեամբ կը ճամբէ զայն հայ ըլլալուն համար: Բաբկէնի ուրախութիւնը չափ չունէր. անկէց յետոյ հոգով սրտով փարեցաւ յեղափոխական շարժման: Որպէսզի թեւերը աւելի շարժէ, հայրեը, որ բոլորովին ուժասպառ եղած էր այլեւս, հայրենիք ղրկեց եւ կրտսեր եղբայրն ալ անկիւն մը սղմեցուց, հացին փողը հանելու չափ: Ինք այլեւս ազատ էր ամեն հոգէ: Ընդհանուրին սուգին առջեւ մոռցաւ ամեն անձնականութիւն:

Բաբկէն յեղափոխութեան խորոտիկ ծաղիկն էր, որ կը ծլի ուղղակի թշւառ ժողովրդին կուրծքին վրայ: Մինչեւ վերջին րոպէն անտրտունջ եւ անվրդով գործեց իր պաշտած ժողովրդին սիրոյն ու փրկութեանը համար: Բոլոր սրտով կատէր տաճիկ ապականած կառավարութիւնը եւ կը գտնէր զայն կառավարութիւններուն ամենէն գարշելի տիպարը: Դիտողութեամբ ու փորձառութեամբ ըմբռնաղծ էր, թէ սուլթանի դիմակին ներքեւ սոսկալի հրէշ մը կար: Վտանգի ահաւորութեան առջեւ հոգիի վեհ թափ մը ունեցած էր, արի եւ անվհատ:

Երբ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան» Պոլսոյ Կօմիտէի ծանր լուծը իր ուսերուն վրայ դրւեցաւ, Բաբկէն բազմապատկեց ինքզինք: Անխոնջ գործունէութեան լծորդեց երկաթէ կամք եւ ծայրայեղ ինքնավստահութիւն:

Գործին մարդն էր: Դուլ ու դադար չունէր, կը վազվզտէր դէսուդէն եւ անձամբ հրահանգներ կուտար: Մէկ օրւան մէջ ծով ու ցամաք իրար կանցնէր: Պոլսոյ ծակն ու ծուկը սերտած էր եւ ասոր հետ մէկտեղ տաճիկ ժողովուրդը լաւ ուսումնասիրած էր. գիտակ էր նաեւ անոնց հոգեբանութեան իր սուր դիտողի յատկութեան շնորհիւն էր, որ ամենավտանգաւոր ձեռնարկներու մէջէն անվնաս եւ յաջող դուրս պրծաւ: Լրտեսներու ու ոստիկաններու քթին տակ փոխադրումներ կընէր հիանալի պաղարիւնութեամբ. մազի չափ կասկած չի հրաւիրելով վրան: Կը սպրդէր տաճկաց խաւերուն մէջ, կը զննէր զանոնք, կը հարցաքննէր եւ ճարպիկ որսորդի մը պէս ձեռնունայն ետ չէր դառնար: Անծանօթ մը, երբ Բաբկէնը տեսնէր այդ վիճակին մէջ անպատճառ լրտես մը պիտի կարծէր: Չափազանց գաղտնապահ էր. հռօմայեցի զօրավարին պէս, երբ իմանար՝ թէ բաճկոնը իր գաղտնիքը գիտէ՝ կայրէր զանի:

Ահաբեկչական գործողութիւններ վարեց եւ աւելի վտանգաւոր դիմումներ ըրաւ կատարեալ ապահովութեամբ: Գիշեր ցերեկ կը տքնէր, ինչպէս կըսէր իր ընկերներէն մէկը՝ «Դաշնակցութեան արթուրն պահակն էր»: Ձանձրոյթը չէր թափանցած անոր մորթին մէջ. ամեն րոպէ ոգեւորւելու ընդունակ էր: Սիրտը լի էր ընկերական լայն զգացումներով, ուստի սնափառութիւնը, կեղծթ ազգամոլութիւնը, պարապ տեղ չի գտաւ անոր մէջ: «Մարդիկ պարտականութիւններ ունին մէկզմէկու» կըսէր, եւ ընկերային ազնւացման խորին հաւատացող մ'էր: Իրեն սիրական սկզբունք ընտրած էր, զոր միշտ կը կրկնէր «Մէկը ամենուն համար, ամենը մէկուն համար»: Արդար կը գտնէր բռնութեան դէմ, անօրէնութեան դէմ բռնի ուժով կռւիլ. հոն, ուր արդարութիւնը եւ իրաւունքը կանպատւուի, ներելի էր ամենածայրայեղ միջոցներ գործածել: Թիւրքիան անոր համար վիթխարի սատակ մ'էր, որ իր ֆիզիքական ու բարոյական գարշահոտութիւնով կը խամրեցնէր մտքի ամեն կենսական կարողութիւն, եւ կապականէր ընկերական միջավայրը: «Բարութիւն չէ՞ միթէ, կըսէր, վստահ շեշտով մը, մարդկութեան մէջէն այդ հոտած լէշը վերցնելը, թէեվ քիչ մը պիտի քրտնինք»:

Բինկեանի եւ շրջակայ գիւղերուն աւերման ժամանակ իր ծնողաց սպաննւիլը իմացած էր: Այդ տեսարանին առեւ խշխշաց իր սիրտը՝ բայց անխռով մնաց: Ամենուն վրէժը մէկէն պիտի լուծւէր: Այս առթիւ ընկերներէն մէկուն կը գրէր «ծնողքս մեռան, տարոսը քու ծնողացդ, ճշմարիտ գործիչին համար ծնողք չիկան առանձին»:

Վերջապէս երբ հայութիւնը արցունքի տեղ իր երակներուն արիւնը կը պարպէր, երբ Հայաստանը ամայութեան ու աւերակներու աշխարհ մ'էր, երբ վայրենացած քաղաքակրթութիւնը անողորմ աչքերով կը նայէր մեր եղբայրներուն խողխողման վրայ եւ թոյլ կուտար, որ Վոսփորի ճիւաղը լերան պէս դիակներ դիզէր, բովանդակ մարդկութեան արժանապատւութիւնը ոտնակոխ ընելով, «Դաշնակցութիւնը» վճռեց ահեղ ու մահացու հարւած մը տալ սուլթանի գահուն եւ տարտղնել անոր հիմքը: Այդ առթիեւ Բաբկէն նախաձեռնութիւն ունեցաւ Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէի խորհրդակցութեան ներայացնելու պանքի վրայ յարձակելու միտքը, զոր Եւրոպական կարգմ ը թերթեր «դարուս մեծագոյն յղացումներէն» մին կանւանեն: Նոյնպէս ինքն էր, որ ամբողջ Պոլիսը վառելու խորհուրդը յղացաւ, թէեւ մերժւեցաւ, իբր անագորոյն գործողութիւն մը, բայց իրողութիւնը ցոյց տւաւ՝ թէ Բաբկէնը աւելի կորովամիտ եղած էր:

Վերջին օրը՝ ժամադրավայրին մէջ, ուր պիտի վճռւէր մահու եւ կեանքի հարցը, Բաբկէնը համակ աւիւն եւ յափշտակութիւն եղած էր: Երբ ամեն բան պատրաստ էր, ոգեւորիչ խօսքերով յորդորեց իր ընկերները՝ չնկրկիլ ո եւ է զոհողութեան առջեւ: «Հայկական հարցը կը թաղւի, պէտք է կռւինք եւ յարութիւն տանք անոր, կըսէր, եթէ մեր նպատակին մէջ յաջողինք, իզո՜ւր չեն մեր թափած արիւնները: Հակառակ պարագային, մեր եղբայրները պիտի շարունակեն մեր սրբազան դատը աւելի ու աւելի կատաղօրէն եւ աւելի հաւատքով»: Բոլոր ընկերները ուխտեցին հաւատարիմ մնալ մինչեւ վերջին շունչերնին:

Յետոյ իր ձեռքով բաժնեց զէնք, փաշփուշտ եւ ռումբ: Տեսարանը սրտաշարժ էր: Բոլոր չարագուշակ նախազգացումները կը չքանային գործի վեհութեան առջեւ:

Ահաւոր եւ փառաւոր րոպէն մօտեցած էր: Սուլթանը թերեւս այդ ժամուն հայերը բնաջինջ ընելու ծրագիրներ կը դարբնէր Եըլտզի քարայրին մէջ, իսկ հայութեան արիասիրտ զաւակները իրենց թշւառ եղբայրներու կրած նախատինքի գերագոյն վրէժը լուծելու կը պատրաստւէին: Ո՞րն էր աւելի արդար եւ աւելի մարդկային...

Զինւորւած խումբը վճռողական քայլերով մեկնեցաւ:

Բաբկէնը հետեւեցաւ այդ քաջարի հերոսներուն, ռումբերով գօտեպնդւած. Ատրճանակը նւիրած էր ընկերներէն մէկուն:

Բայց աւա՜ղ, իր սիրած ու կատարած սուրբ գործին վերջնական յաղթութիւնը չի տեսած ինկաւ պանքայի սանդուխներուն վրայ. երկրորդ եւ մեծ զոհն ըլլալով իր հոյակապ գաղափարին:

Թշնամուն գնդակը անոր իրանը թափանցած էր եւ իր ձեռքի ռումբերը պայթելով՝ բզիկ-բզիկ ըրած էին անվեհեր հերոսի մարմինը: Թշնամին, որ պատրաստ էր ներս խուժելու, այդ անակնկալ ռումբերու որոտումէն նահանջեց, որով Բաբկէն իր մահովն իսկ գործին յաջողութիւնը ապահովեց գրեթէ: Պանքի տէր դառնալէն ետքը, երբ ընկերները վիրաւորեալները կը խնամէին, զայն արեան հեղեղներու մէջ գտան. Իսկոյն փոխադրեցին պանքին գաւիթը, լւացին անոր ծաղիկ արիւնով մկրտւած դէմքը եւ արտասւալից աչքերով համբոյրներ տւին Ազգային մեծ նահատակին:

Ս. Մինասեան
«Դրօշակ» - 30 Նոյեմբեր 1896
Թիւ 26