10 August, 2020

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ. Հ.Յ.Դ. Բիւրօ

Հայ ժողովուրդ,

Յիսուն տարի առաջ, իր զաւակներուն արեան գնով տակաւին նոր իր անկախութեան տիրացած հայ ժողովուրդը, իր քաղաքական եւ միջազգային իրաւունքներուն ճանաչումը կ'ապահովէր: Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, 1920 Օգոստոս 10ին, Ա. Ահարոնեան դաշնակից պետութիւններու կողքին կը ստորագրեր Սեւրի դաշնագիրը:

Սեւրի դաշնագիրը արդար հատուցումն էր ցեղասպանութեան այն անլուր ոճիրին, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր եւ որուն հետեւանքով արեւմտեան Հայաստանե դատարկուեցաւ իր վաւերական տէրերէն՝ հայ ժողովուրդէն:

Սեւրի դաշնագիրը միջազգային այն փաստաթուղթն էր, որ հայկական հարցը դուրս կը բերէր լոկ պատմական եւ մարդկային իրաւունքներու սահմանէն եւ կը փոխադրէր միջազգային քաղաքական իրաւունքներու գետնին վրայ:

Սեւրի դաշնագրով Հայաստանի արեւմտեան սահմաններուն ճշդումը կը վստահուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին, ի յառաջագունէ արձանագրելով, թէ Ուիլսընի վճիռը ընդունելի պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ: Դաշնագրի սոտրագրութենէն երեքուկէս ամիս ետք, 1920 Նոյեմեր 25ին, նախագահ Ուիլսըն պաշտօնապէս կը յայտնէր իր վճիռը: ՄԻջազգային ճանաչումով՝ Հայաստան կ'ընդարձակուէր, իրաւապէս, ընդգրկելու համար պատմական Մեծ Հայքի հողամասերուն կարեւորագոյն մասը, Սեւ ծովու վրայ լայն բացուածքով:

Քաղաքական դէպքերու նոր դասաւորումներն ու մեծ պետութեանց շահերու բախումները, ներքին հակամարտութիւնները ըրին այնպէս, որ կարելի չեղաւ գորածդրել Սեւրի դաշնագիրը: Երեք տարի ետք, այն պետութիւնները որ Սեւրի դաշնագրով ճանչցած էին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները, Լոզանի մէջ համաձայնութեան կու գային Թուրքիոյ նոր իշխանաւորներուն հետ եւ լռութեամբ կ'անցնէին հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ արդարութեան հարցին վրայէն:

Չէ՛ իրագործուած Սեւրը դեռ. անոր տրամադրութիւնները իրականութեան վերածուած չեն տակաւին: Բայց զրկանքներով, արհաւիրքներով լեցուն դաժան պատմութեան մը ճիրաններէն արեան գնով խլուած անուրանալի ե՛ւ անժամանցելի պարտամուրհակ մըն է ան, որուն հատուցումը ապահովելը առաջադրանքն է այսօր եւ պէտք է ըլլայ, ամէ՛ն հայ մարդու:

Իր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իր սեփական դատի հետապնդման ի խնդիր, հայութիւնը ամէնուրեք եւ աւելի՛ քան երբեք, արթուն է այսօր ու գործօն: Մեծ Եղեռնի յիսնամեակէն ասդին, ի մասնաւորի, ան բազմիցս արտայայտեց իր հաւաքական ապրումներն ու ազգային ընդհանուր տրամադրութիւնները: Բոլոր երեւոյթները կու գան փաստել՝ որ իր հաւաքական ամենահիմնական ձգտումներուն եւ ազգային գերագոյն նպատակներուն մէջ, հայ ժողովուրդը մէկ է եւ անբաժանելի՝ հայրենիքէն ներս թէ հայրենիքէն դուրս: Անոնք կու գան ըսել աշխարհին, թէ Սեւրը ցարդ իրականացած չէ թերեւս, բայց ան չի կրնար ի վերջոյ չիրականանալ, քանի այդ է հայութեան հաւաքական կամքն ու տրամադրութիւնը, քանի քաղաքականապէս գիտակից հայ մարդը կը ձգտի անոր, կը ձգտի իր հայրենիքէն բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան, կը ձգտի ամբողջական Հայաստանին, կը ձգտի բոլոր ազգերու գերագոյն եւ սրբազան իրաւունքին՝ ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ՈՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԸ ԱՆԿԱԽ ՄԻԱՒՈՐԸ ԴԱՌՆԱԼՈՒ:

Սեւրի անժամանցելի դաշնագրի ստորագրութեան յիսնամեակի այս թուականին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կոչ կ'ուղղէ համայն հայութեան, միակամ եւ աննկուն շարունակելու պայքարը՝ ազգային դատի հետապնդման համար:

Պէտք է բազմապատկել ճիգերը, պէտք է տեւաբար յիշցնել աշխարհին Սեւրի դաշնագիրը եւ անով ճանչցուած իրաւունքները հայ ժողովուրդին: Պէտք է դիտել տալ բոլորին, թէ փոքր ազգերու իրաւունքներու ոտնակոխումով պայմանաւորուած քաղաքական դրութիւններ չեն կրնար իրական խաղաղութիւնը բերել աշխարհին: Պէտք է զգացնել մեծ թէ փոքր պետութիւններուն, թէ իրենցմէ եւ ոչ մէկուն ազատութիւնն ու անկախութիւնը կրնայ վերջնական եւ ապահով համարուիլ, որքան ատեն որ գոյութիւն ունի մէկ հատիկ իսկ ազգ, որ տիրացած չէ իր իրաւունքներէն ամենահիմնականին՝ ապրելու ազատ եւ անկախ, իր սեփական եւ ամբողջական հայրենիքին մէջ:

Սեւրի դաշնագիրը պէտք է դառնայ համայն հայութեան տեւական պահանջը:

Սեւրի դաշնագիրը կ'իրականանայ անպայման, եթէ հայ ժողովուրդը մնայ հաստատակամ, միակամ ու վճռական իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

Ազգային բարձր գիտակցութիւնը, հաւաքական անընկճելի կամքը այն տուեալներն են, որոնք անպարտելի կը դարձնեն ազգ մը եւ կ'առաջնորդեն զայն իր քաղաքական իտէալի իրականացման:

Հ. Յ. Դ. Բիւրօ
«Ազդակ», Պէյրութ
1970, Թիւ 132