Սեբաստացի Մուրադի մահուան 12-րդ տարեդարձին «Յառաջ»-ը նուիրել է իր նոյեմբ. 22-ի համարը: Մի շարք յօդուածներ ու յիշողութիւններ վերակենդանացնում են անմահ հերոսի վսեմ նկարագիրը: Մենք ստորեւ առաջ ենք բերում միայն ընկ. Մ. Վարանդեանի մի քանի ոգեշունչ տողերը:
Ժամանակն էր յիշելու այդ մեծ
զինւորին եւս որու մահը ասկէ 12 տարի առաջ խոր սուգով համակեց մեր շարքերը:
Ի՜նչ սրտագրաւ վէպ – այդ կեանքը՝ լի գաղափարով ու խօլ արկածներով, մանուկ հասակէն մինչեւ մահը, ի՛նչ պայծառ միտք ու իմաստութիւն այդ անգրագէտ հայդուկին մէջ, որպիսի զրոյց, ռամիկ, հմայիչ պերճախօսութիւն, որպիսի թռիչքներ արիութեան ու անձնազոհութեան, որքան բարձր ըմբռնում քաղաքացիական իր պարտքի, որքան պարզ, համեստ, խոնարհ մեծութիւն...
Եւ ի՛նչ դաժան ճակատագիր: Սեբաստիայէն-Բագու... Ճողոպրած անթիւ կռիւներէ եւ արկածներէ, առանց գնդակ մը առնելու իր կտրիճին մարմնոյն վրայ, ազատ ելած Սասունի արիւնալից բախումներէն, Կովկասի, Զանգեզուրի, թաթարական զուլումէն, Սեբաստիայի, Կովտունի հայաջինջ նախճիրներէն – Մեծ Եղեռնի օրերուն – արիւնարբու Մուամմէրի ճիրաններէն, ապա Սեւ ծովու յուզումնալից ճակատամարտէն, որ մղեց բուռ մը ընկերներով իր լեգենդական առագաստանաւէն եւ որու մէջ նահատակուեցաւ իր մեծ զինակիցը Եղօն (1915 թ.), ազատ ելած Երզնկայի նահանջին անպատմելի արհաւիրքէն (1917 թ.) – այստեղ էր, Բագուի մէջ, կովկասեան նաւթաշխարհի աւազուտ անապատում՝ ուր պիտի պառկէր քաջի յօգնատանջ մարմինը. այնտեղ, հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու, թաթար մայրաքաղաքի արուարձանում, օտար, անհամբոյր երկնքի տակ՝ գտաւ նա իր վերջին յաւիտենական հանգստավայրը (1918 թ.):
Համաշխարհային անօրինակ խորշակի օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կենաց ու մահու խնդիրը կը վճռուէր, այդտեղ երկու հակամարտ բանակներու այդ առաջնակարգ կրկէսին մէջ, Մուրատ թեւ թեւի իր անբաժան Սեպուհին հետ՝ մղեց իր վերջին ճակատամարտը տաճիկ-թաթար միացեալ ուժերուն դէմ եւ ընկաւ հերոսի մահով, երբ իր դիրքէն կրակ կը տեղար թշնամուն վրայ եւ միանգամայն իր հրամանները կ'արձակէր Դաշնակցութեան զինուորներուն:
«Mai non pensammo forma più nobile d’Eroe» – պիտի ըսէր Դանտէ այդ մեծ հայդուկի պատկերին առջեւ:
Այո, դժուար է «երեւակայել աւելի ազնուական, հերոսավայել կերպարանք մը»:
Եւ այդ պատկերը Սեբաստիոյ մեծ, գաղափարական զաւկին այդ առնատիպ, ընտիր, համակրելի կերպարանքը պիտի մնայ յաւէտ դրոշմուած իր հազարաւոր ընկերներու սիրտերուն մէջ եւ անոր դամբարանը, որ այսօր, աւաղ, ծածկուած է մոռացութեան փոշիով վայրենաբարոյ ռէժիմին տակ՝ վաղը, ազատագրուած Կովկասի մէջ, պիտի դառնայ նուիրական ուխտավայրը բոլոր անոնց համար որոնք պիտի ապրին միշտ հայկական Sturm and Drang-ի (Փոթորիկ եւ գրոհ) Հայոց հերոսական շրջանի յաւերժաթարմ յուշերով...
Միքայէլ Վարանդեան
Ալիք, Թեհրան
Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 1931
Թիւ 38