08 September, 2020

ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ - «Ճակատագրի Ժամադրութեան» Ի Պատրաստութիւն

Ուղիղ հարիւրամեակ մը առաջ, 1878-ին, Պերլինի Վեհաժողովին, հայ ժողովուրդը պատմութեան անողոք դատաստանին ներկայացաւ, Խրիմեան Հայրեիկներու անձին ընդմէջէն, «թուղթէ շերեփ»ով, երբ եւրոպական կամ պալքանեան այլ ժողովուրդներ, ինչպէս ետքէն բազում ուրիշներ, յարգելով քաղաքական կեանքի կրանիտեայ կանոնը, մեզի հետ եւ մեր կողքին կը ներկայանային «երկաթէ շերեփ»-ով:

...

Ընդհակառա՛կն, Սան Ստեֆանոյի մէջ հայ ժողովուրդի ձեռք բերած քիչն անգամ (16րդ յօդուած) Պերլինի մէջ խլուեցաւ մեզմէ եւ վերածուեցաւ գրեթէ ոչինչի (61րդ յօդուած) չըսելու համար՝ քաղաքական գայթակղութեան ու փորձութեան նոր քարի, իբրեւ յայտարար նշան նորանոր աղէտներու հեռանկարի:

Փաստօրէն առատաձեռնօրէն բաշխուող լիառատ «հերիսայ»էն մեր ժողովուրդին բաժին ձգուեցան լոկ փշրանքներ, ուրիշներուն աւելցուկը միայն, որովհետեւ, բացայայտօրէն, «երկաթէ շերեփ»ներու շկահիւնին մէջ մեր «թուղթէ շերեփ»ի շշուկն իսկ չէր լսուեր, ա՛լ ուր մնաց որ ուժը զօրէր՝ մեր բաժինն ու իրաւունքը արժեցնելու համար:

Եւ առաջին անգամ չէր, նաեւ վերջին անգամը չեղաւ հաւանաբար, որ մենք կը կորսնցնէինք բախտորոշ առիթը, չէինք հասներ յարգելու «ճակատագրի ժամադրութիւն»ը եւ կը փախցնէինք քաղաքական ժամանակի «շոգեկառքը», մինչ անդին, մեզմէ շատ աւելի յետամնաց, նոյնիսկ նախնական ու տկլոր ժողովուրդներ, հազիւ դեռ թեկնածու ազգեր, յարգելով խաղին օրէնքը, ըմբռնելով պատմա-քաղաքական հրամայականին ադամանդեղէն կանոնը, «երկաթէ շերեփ»ով կը հաստատէին, ուստի նաեւ կը պարտադրէին իրենց ներկայութիւնն ու կամքը, իբրեւ համիրաւ մասնակիցն ու բաժնեկիցը միջազգային քաղաքական («հերիսայ»ական) նման պարբերական «կոչունք»ներու:

Այսպէ՛ս եղաւ, որովհետեւ, մանաւանդ մեր ազնուապետական կամ նախարարական դասակարգի, այսինքն քաղաքական մտքի եւ մարտական ուժի միջնաբերդի եղերական անճիտումէն ետք, ... հաւաքաբար այն թիւր համոզումը զարգացուցինք դարեր շարունակ, թէ զուտ մշակութային, նոյնիսկ միայն կրօնական ներկայութեան մը կամ ինքնութեան մը տարազը կամ հանգանակը բաւական է մեր ազգային ճակատագիրը տնօրեինելու եւ միջազգային քաղաքական կեանքի փոթորկայոյզ ծովերուն մէջ քաղաքական վերապրումի մեր նաւակը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու համար:

Այո՛, երկար ատեն այսպէս հաւատացինք եւ որոշ չափով դեռ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակենք նոյն հոգեբանութեամբ ու մտայնութեամբ գործել մասնաւորաբար Արտերկրի մէջ՝ կարծելով, որ, աւետարանական հրաշապատում գեղանկարներուն պէս, նաեւ քաղաքակա՛ն աշխարհը կը բնակուի Բարի Սամարացիներով, ուստի կը բաւէ, որ ազնիւ տրամադրութիւններով, արդար հիմնաւորումներով եւ օրինական նշումներով ողողուն աղերսագիրներ կամ յուշագիրներ յղենք աշխարհի մեծերուն, որպէսզի արդարութիւն ըլլայ նաեւ հայ ժողովուրդին կամ Հայաստանին:

Նոյնիսկ Մեծ Եղեռնը, մինչեւ իսկ Հայաստանի անկախութեան կորուստը, որ, ի դէպ, հետեւանքի ճամբով՝ նուազ եղեռնական չէր հայ ժողովուրդի քաղաքական բախտի վճռահատումին համար, կարծես անհրաժեշտ չափով դաս չեղան մեզի, որպէսզի միանգամ ընդմիշտ ըմբռնէինք, թէ խաղին անողոք օրէնքը ի գին ամէն բանի յարգելու գիտակցութենէն, առաւել եւս՝ վճռակամութենէն զուրկ ժողովուրդներուն աչքին անգամ... Դժոխքի ճամբան բարի տրամադրութիւններով ծաղկազարդուած կ'երեւի:

...քաղաքական կեանքի հրամայականը աւետարանական մի՛ւս ճշմարտութիւնն է, ա՛յն, ըստ որուն՝ ճակտիդ քրտինքով, երակներուդ արիւնով եւ հանճարիդ լոյսով միայն կրնաս սնուցանել ու աճեցնել ոչ միայն օրդ եւ հացդ հանապազորդ, այլեւ տնօրինել ազգային-քաղաքական ճակատագիրդ, ապահովել հայրենի հարազատ եզերքներդ (սահմաննե՛րդ) ոչ թէ Երկնաւորի կամ ինչ որ Բարի Սամարացիի շնորհաբաշխութեամբ, այլ սեփական աննկուն եւ բեղո՛ւն կամքով:

Յարաեւ ու բազմակողմանի պայքարով, պայքարի բոլոր մարզերուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, յօժա՛ր ամէն յանձնառութեան եւ պատրաստակամ ու նախանձախնդիր ամէն... «ժամադրութեան»՝ փաստական եւ ներոյժ ներկայութեանդ ապահովման ի խնդիր:

Մենք շատ կը խօսինք եւ միշտ բարձր կը գնահատենք մեր մշակութային ներկայութիւնն ու ինքնարժեւորումը մեր պատմութեան արշալոյսէն ի վեր. չենք քաշուիր այս մարզին մէջ մեր նուաճած ուղին ընդգծել մինչեւ իսկ յօրինակ այլոց՝ միջազգային թատերաբեմի վրայ: Ի՜նչ ինքնաբաւութիւն եւ ի՜նչ յաւակնութիւն կը դնենք յաճախ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին պետութիւնը ըլլալու մեր եզակի՜ հանգամանքին ու արժանիքին մէջ: Մեր լեզուին հարստութի՞ւնը հապա, հայ մատենագրութեան անսպառ գանձարա՜նը յետոյ, հայօրէն ամայի հայրենական մեր պատմաշխարհի թանգարանային հրաշալի խորհրդապատկերը իր հերթին եւ, վերջապէս, մեր շինարար ոգին, հանճարը, ստեղծագործ տաղանդը, զոր այնքան սրտեռա՜նդն կը շռայլենք աշխարհի մէջ ամէն կողմ եւ ամէն ժամանակ:

Այս բոլորը՝ բարի: Ի՞նչ կ'ուզենք ապացուցել սակայն այս տրամաբանական ու ըմբերանիչ «փաստարկութիւններով».– Ա՛յն, որ մենք եւս արժանի ենք արժանաւոր ազգերու շարքին մեր լիիարաւ տեղն ու դիրքը գրաւելու: Որո՞ւն կ'ուզենք ապացուցել այս բոլորը.– Աշխարհի՛ն, աժեմին ու չաժեմին, մեծին ու փոքրին հաւասարապէս, համոզելու համար բոլո՛րը միասին, թէ ի՜նչ մեծ սխալ, ի՜նչ աններելի անարդարութիւն գործուած է արդար աշխարհի մը կողմէ նո՛յնքան արդար ժողովուրդի մը դէմ, այնպիսի՜ կորովով ու յարատեւութեամբ, որ կարծես փաստել ուզէինք, թէ աշխարհի մէջ ամէն ինչ ծուռ կ'երթայ մեզի դէմ գործուած այս մեծ անիրաւութեան կամ ոճիրին թէ՛ պատճառով եւ թէ հետեւանքով:

...

Փաստը այն է, որ քաղաքական աշխարհի մէջ շրջանառութեան ենթակայ վաւերական ու տիրական արժէքները եւ արժեչափերը հիմնովին տարբեր են նախ բնոյթով, ապա թէ՛ քանակական եւ թէ որակական առումով: Ուստի, ո՛րքան ալ ճշմարիտ ու արդար ըլլան մեր արժէքներն ու չափանիշները, հաշիւը նոյնն է,– տեսական կամ գործնական հողի վրայ ի՞նչ կշիռ կրնան ներկայացնել, երբ պարզապէս սխալ տեղ եւ էապէս անճիշդ մակարդակի վրայ կը կիրարկուին:

...

Այս բոլորը մեզի՛ համար, մեր գոյատեւման, մեր ազգային ինքնութեան կազմաւորման, ամրապնդման կամ ընդհանրապէս ինքնիրագործման ու ինքնարժեւորման տեսակէտէն, նոյնիսկ ը՛ստ ինքեան, կրնան բացառիկ, անգամ առաջնային նշանակութիւն կամ կարեւորութիւն ներկայացնել, սակայն քաղաքական աշխարհի մէջ նախապայմանը քաղաքական ներկայութիւնն ու ինքնարժեւորումն են: Ինչպէս յեղափոխական աշխարհի մէջ յեղափոխական ներկայութիւնն ու կշիռն են նախապայմանը:

Քաղաքական, յեղափոխական, առաւե՛լ եւս՝ տնտեսական, գիտական ու արհեստագիտական աշխարհի մը մէջ բնական կանոնը համապատասխան կշիռ ու ներկայութիւն ապահովելն է, կազմակերպական հզօրանքի կամ կենսունակութեան մը կերտման առընթեր:

Ընդհակառակն, աւելի քաղաքական, յեղափոխական կամ արհեստագիտական հրամայականներով առաջնորդուող աշխարհի մը մէջ մշակութային կամ շինարար ոգիով ներկայութեան կամ ինքնութեան մը փաստով բաւարարուիլ պարզապէս տարականոն երեւոյթ է եւ երբեք զարմանալի չէ, որ օր մը, այս կամ այն ձեւով, սնանկութեան առաջնորդէ մեզ ազգովին:

Միթէ այդպէս չեղա՞ւ անցեալին եւ դե՞ռ դաս չեղաւ այն ակնբախ իրողութիւնը, որ մենք թուրքին հետ անգամ գրեթէ միշտ ջանացինք խօսիլ միայն «հայերէնով», իսկ քիւրտին հետ՝ մինչեւ իսկ... «գրաբարով»: Երբ պատմական փորձառութիւնը կը պահանջէր, իսկ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը հարկադրէր, որ մենք եւս իւրաքանչիւրին հետ խօսէինք առնուազն ի՛ր հասկցած «լեզուով»: Եւ արդիւնքը մէջտեղն է դարերէ ի վեր:

Նոյնը չպատահեցա՞ւ նաեւ քաղաքական աշխարհին մէջ. հո՛ն, ուր անհրաժեշտ էր, օրինակ, բնական կարգով, Գայլ Վահաններ կամ Հեթումներ գործի լծել, մենք մեզի հետ տարինք Ս. Մեսրոպներ, Խրիմեան Հայրիկներ կամ Ա.Ահարոնեաններ եւ... Վ. Տէրեաններ, այսինքն հո՛ն, ուր քաղաքական կամ դիւանագիտական եւ կամ այլ լեզուով պէտք էր խօսիլ, յաճախ խօսեցանք մշակութային լեզուով կամ... շինարար ոգիով: Եւ դեռ կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ ընդհանրապէս չենք հասկցուիր:

Ակնարկը, ի հարկէ, միայն լեզուի մասին չէ, այլ տարականոն մեր վարքագիծի մասին է, ռազմագիտական ըմբռնումին, գործելակերպին, մօտեցումին մասին, տարբեր մակարդակներու վրայ նոյն  կամ անհամապատասխան չափանիշներու կիրարկման մասին:

Ճիշդ է, միայն մշակոյթով եւ մնացեալով կայ հայոց փրկութիւն, սակայն առաւելաբար ներսը եւ ոչ նաեւ դուրսը անպայման: Ի վերջոյ պէտք է անդրադառնանք եւ ընդունինք, որ մշակութային աշխարհի մէջ եթէ դեռ Բարի Սամարացիներու կարելի է հանդիպիլ, քաղաքական աշխարհի մէջ անոնց հետքն անգամ կարելի չէ գտնել, վասնզի հոն ճիշդ հակառա՛կ բնոյթի ուժեր ու օրէնքներ դերակատար են, ինչպէս միշտ, նաեւ ու մանաւանդ մե՛ր օրերուն:

...

Հիմնականը տիրական, ինքնապարտադիր ներկայութի՛ւնն է, այդ ներկայութեան հաստատո՛ւմն է, քաղաքական աշխարհի մէջ՝ քաղաքական, յեղափոխական աշխարհի մէջ՝ յեղափոխական, մշակութային մակարդակի վրայ՝ մշակութային ներկայութեան կամ ինքնութեան ու կշիռի արժեցումը, իւրաքանչիւր մարզի մէջ համապատասխա՛ն ներուժութեամբ, ներգործականութեամբ, ձեռնհասութեամբ:

Որովհետեւ այս ձեւով միայն կարելի է պատրաստ ըլլալ եւ ընդունակ մնալ միշտ ոչ միայն մեր ներկայութիւնը պահելու եւ պարտադրելու, այլեւ յարգելու «ճակատագրի ժամադրութիւն»ը կամ «որսալու» փրկութեան պատմական բարեդէպ պահը:

Եթէ ոչ «երկաթէ շերեփ»ով անպայման, առնուազն պայքարի երկաթեայ վճռակամութեամբ, սխրանքո՛վ:

*կրճատուած
Սարգիս Զէյթլեան
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ - ԴՐՕՇԱԿ»
Ժ. Տարի, 1979, թիւ 6