05 November, 2020

ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ - Հայ Դատի Հետապնդման Ճանապարհին

Ամէն խաղ իր օրէնքները ունի: Ուստի ով որ որեւէ խաղի մէջ կ'ուզէ մտնել, պարտաւոր է յարգելու անոր օրէնքները, այլապէս դուրս կը ձգուի խաղադաշտէն եւ կը դատապարտուի մեկուսացման:

Արդ, ամէնէն անողոք օրէնքները առկայ են յատկապէս քաղաքակա՛ն խաղին մէջ: 

...

Աւելի՛ն, քաղաքական կեանքը, քաղաքական գործունէութիւնը, քաղաքականութիւնը ի՛նք առանձին արուեստ է եւ, բոլոր արուեստներուն պէս, կը պահանջէ ոչ միայն առանձին հմտութիւն, այլեւ համապատասխան տաղանդ, այլ մանաւանդ կազմակերպական վաւերական շնորհ եւ յարատեւ պայքարի աննկուն կամք:

Այս արուեստը, այս տաղանդը, այս կամքը ամէնէն աւելի զարգացնելու պէտք ունին առանձնապէս ազգային ազատագրական պայքարի լծուած ազգերը եւ առաջին հերթին հայ ժողովուրդը, որուն ազատագրական դատը քաղաքական ամէնէն աւելի կնճռոտ, ուստի նաեւ ամէնէն դժուար դատերէն մէկն է, պատմա-աշխարհագրա-քաղաքական ծանօթ բարդ պայմաններու իբրեւ հետեւանք:

...

Քաղաքական մեր այս վարքագծին ամէնէն ակնբախ երեսը այն է, որ աշխարհագրական հիմնովին տարբեր գօտիներու, քաղաքակրթական ու մշակութային բոլորովին տարբեր մակարդակի տէր ժողովուրդներու, պետական, քաղաքական եւ ընկերային յաճախ հակադիր շրջանակներու մէջ Հայ Դատը ընդհանրապէս կը ներկայացուի զուտ հայկական, ազգային շահերու տեսանկիւնէն:

Եւ ազգովին, կամայ թէ ակամայ, մեր ունկնդիրներուն մէջ կը ստեղծենք այն տպաւորութիւնը, որ արար աշխարհ, աշխարհի բոլոր պետութիւնները, բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները մեղսակից են հայ ժողովուրդի ընկերային թէ ազգային իրաւազրկումին մէջ եւ, հետեւաբար, պարտաւոր են արդարութիւն ընելու հայութեան, անկախաբար այն իրողութենէն, թէ իրենք ուղղակի թէ անուղղակիօրէն շահ ունի՞ն Հայ Դատի լուծման մէջ թէ չունին:

Նոյնիսկ փոյթն անգամ չենք ըներ անդրադառնալու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար կամ կրնա՛ր ըլլալ մեր հաւաքական հակազդեցութիւնը, եթէ ուրիշ ժողովուրդներ նոյն վարմունքը ցոյց տային, ի շարս այլոց, նաեւ մեզի՛ հանդէպ եւ... անշահախնդիր օգնութիւն պահանջէին մեզմէ իրենց սեփական դատի լուծման համար:

Մինչդեռ խաղին բուն օրէնքը, իբրեւ հանրայայտ ճշմարտութիւն, այն է, որ քաղաքական կեանքի մէջ, բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, պետութեանց, ազգերու եւ ազատագրական բոլոր շարժումներու ործակցութեան եւ իրերօգնութեան հի՛մը, առաջին եւ վերջին պայմանը շա՛հն է, շահակցութիւնն է, փոխադարձ շահերու առկայութիւնը:

Փոխօգնութեան նախապայմանը փոխադարձ շահերու ընդհանրութիւնն է միայն, անտարակոյս, մօտաւոր կամ հեռաւոր, ուղղակի թէ անուղղակի շահերու ճշդումը, գիտակցութիւնը, ձգտումն ու ապահովումը, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մինչեւ իսկ բարոյական եւ այլ մաակրդակներու վրայ:

Քաղաքական կեանքի մէջ, բացայայտ է, բարեկամներ եւ բարեկամութիւններ չկան, շահեր եւ շահակցութիւններ միայն կան: Այս է հասարակաց այն յայտարարը, նիւթաբարոյական այն պատուանդանը, որուն վրայ կը ճարտարպետուին բոլոր պետութեանց, բոլոր ազգային, ազատագրական եւ յեղափոխական բոլոր շարժումներուն գորածակցութիւնը, փոխօգնութիւնն ու  բարեկամութիւնը:

Քաղաքական, գործելակերպային այս պարունակէն դուրս, գործակցութեան, իրերօգնութեան կամ արտաքին օժանդակութեան ամէ՛ն ակնկալութիւն պատրանք է միայն եւ ցնորատեսութիւն է լոկ, իբրեւ ծանր, դառնագո՛յն յուսախաբութեանց յայտարար նշան:

Ազգային, միջազգային, մինչեւ իսկ ընկերվարական արդարութեան մասին մեր պերճաբան ջատագովականները իբրեւ պարզ ջուրի ձայն կը հնչեն բոլորի ականջին, ոչ մէկ նշանակութիւն ունին եւ պարզապէս ժամավաճառութիւն են, եթէ քաղաքական եւ քարոզչական մեր աշխատանքներուն մէջ չի յարգուիր ռազմավարական այս հիմնական կանոնը,– փոխադարձ շահերու որոնումը, ճշդումը, նկատառումն ու մատնանշումը իբրեւ ընդհանրական պայքարի հասարակաց յայտարար՝ ա՛յն բոլոր պետութեանց, ազգերուն եւ ազատագրական շարժումներուն հետ, որոնց գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը կ'որոնենք Հայ Դատի լուծման մէջ:

...

ա.-Ի՞նչ շահ ունի կամ կրնան ունենալ (քաղաքական, տնտեսական եւ ա՛յլ) Հայ Դատի լուծման մէջ կամ

բ.-Ի՞նչ վնաս ունին կամ կրնան ունենալ (ինչ որ նոյն բանն է շրջուած ձեւով) Հայ Դատի անլոյծ մնալուն մէջ:

Ուրիշ խօսքով՝ Հայ Դատի լուծման անհրաժեշտութիւնը ընդգծել ոչ թէ լո՛կ զուտ հայկական շահերու, այլ նոյն ատեն իւրաքանչիւր երկրի, իւրաքանչիւր քաղաքական կամ յեղափոխական ուժի սեփական շահերու, որ թարգմանի՝ հասարակաց շահերու տեսանկիւնէն:

Այս կը նշանակէ՝ իւրաքանչիւրին հետ խօսիլ իրեն յատուկ, իրեն հասկնալի – եւ միա՛կ միջազգային – լեզուով, փոխադարձ շահերու, շահակցութեան թեմայով:

Այս կը նշանակէ տակաւին հետեւողականօրէն կիրարկել իրապաշտ եւ իրատես ռազմավարութիւն մը եւ պայքարի յաջորդական հանգրուանէ հանգրուան ճշդել, թէ ե՞րբ պէտք է ներկայացնել Հայ Դատը, ո՞ւր պէտք է ներկայացնել եւ ի՞նչպէս պէտք է ներկայացնել մանաւանդ:

...

Կասկած չկայ, որ բոլոր յեղափոխական ուժերը, բոլոր ազգերը, բոլոր պետութիւնները, մանաւանդ՝ մեծերը, անպայման մեր ապացուցումին պէտք չունին, անդրադառնալու համար, թէ ո՞ւր կը կայանան իրենց շահերը,– Հայ Դատի լուծմա՞ն թէ անտեսման մէջ:

Խորքին մէջ, մե՛ր ալ բուն մտահոգութիւնը այդ չէ արդէն: Մեր բո՛ւն նպատակը, տուեալ ռազմավարութեամբ, առարկայական փաստարկումներու ճամբով ապացուցել է ապացուցման կարօտ միա՛կ ապացուցելին,– հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութիւնը, յուսալիութիւնը, կազմակերպական ուժն ու պայքարունակ ձեռնհասութիւնը:

...

Հայ Դատին ի նպաստ մեր քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական աշխատանքներուն դէմ քաշուող լռութեան արուեստական վարագոյրները պատռելու ամէնէն ազդու զէնքը, ամէնէն ուժական ռազմավարութիւնը, շահակից ուժերու, շահակից ազգերու բնական համախմբումն է հասարակաց յայտարարի մը շուրջ:

...

*կրճատուած
Սարգիս Զէյթլեան
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ - ԴՐՕՇԱԿ»
ԺԱ. Տարի, 1980, թիւ 48