21 December, 2020

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Կը Շարունակէ Իր Վճռական Երթը

Երկարամեայ ճնշումներու եւ շահագործումներու տակ իր մարտունակութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդի յեղափոխական նկարագիրը վերակերտող եւ օսմանեան բռնատիրութեան դէմ անոր ազատագրական պայքարի ախոյեան կազմակերպութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ՕՐՆ է, որ կը տօնւի այս օրերուն:

95 ամեակն է այն կազմակերպութեան, որ գրեթէ դար մը ահա իջած է պայքարի դաշտ՝ յանուն ազատութեան, յայտարարծ է կռիւ՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազգային թէ ընկերային պահանջներու ձեռքբերման, մարտնչած է՝ յանուն Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման՝ ազգերու ընդհանուր դաշնակցութեան եւ համահաւասար գոյակցութեան համակարգի մէջ, մղած է պայքար՝ յանուն Հայ մարդու թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի բարւոքման ու յառաջադիմութեան, եղած է համակ նւիրում՝ կազմակերպելով եւ տարիներու ընթացքին ամրապնդելով Հայ բազմութիւններու սփիւռքեան հանրային – հասարակական կառոյցները, անսակարկ զոհաբերած է՝ յանուն հայութեան ֆիզիկական ապահովութեան, մէկ խօսքով՝ եղած է Հայ ժողովուրդի արթուն պահակը միշտ եւ ամենուրեք:

Հայրենի հողի վրայ հերոսական խոյանքներու անկրկնելի շարանէ մը ետք, 1915ի արհաւիրքի օրերը տեսած եւ իր համրանքի գրեթէ կէսը կորսնցուցած հայութիւնը ան առաջնորդած է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումին: Եւ այդպիսով, Հայ ժողովուրդը քաղած է իր զաւակներու բոսոր արեամբ արգասաւորւած ազատագրական պայքարի արդիւնքը՝ 1918 Մայիս 28ի անկախ պետականութեան ընդմեջէն:

Այսօր, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքով, Հայ ժողովուրդի գրեթէ մէկ երրորդը սփռւած է Խ. Միութենէն դուրս զանազան երկիրներու մէջ, ուր անցնող 65 տարիներու ընթացքին ան ընդհանրապէս յաջողած է առաջացնել ազգային ամուր կառոյցներ, ու այդ կառոյցներու շնորհիւ եւ անոնց կռթնած՝ պատրաստած է պահանջատիրական պայքարի դիրքերու վրայ գտնւող սերունդ: Սերունդ մը, որ կը ձգտի վերատիրանալ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաււած իր պապենական հողերուն, իրականացնել ամբողջական Հայաստանի մէջ ինքնիշխան եւ ազատ պետութիւն ունենալու իր ազգային իտէալով:

95 ամեայ Դաշնակցութիւնը, սփիւռքեան դժւարին պայմաններու առաջին քայլերէն մինչեւ մեր օրերը, շարունակած է արթուն պահակի իր պարտականութիւնը՝ այս անգամ իր ուժերն ու կարելիութիւնները ի սպաս դնելով Հայ տարագիր բազմութիւններու կազմակերպական եւ ինքնահաստատման գործին: Այդպէս էր, որ «սովահար» յորջորջւած Հայը կրցաւ վերափոխւիլ եւ վերանորոգման եղելոյթի մէջ՝ մոխիրներու տակէն դարձեալ դուրս հանել Մասիսները ազատագրելու ու անոնց վեհաշուք հովանիի տակ ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ վերակերտելու տեսլականի կրակը:

Զուլումի եւ արհաւիրքի տաժանքն ապրած ժողովուրդ մը՝ կշռած է հին օրերու փորձառութեամբ ձեռք բերւած իր հանգանակը, հակառակ պատմութիւնը նենգափոխել ձգտող կարգ մը տարրերու չարամիտ ճիգերուն, լռելեայն կրցած է ըմբռնել իրականութիւնները, եւ, փաստօրէն ու յատկապէս վերջին 100 ամեակի ազատագրական ոգորումներէն կեանք առած գաղափարականը իր սրտին մէջ անթեղած՝ համբերութեամբ եւ ամբողջական հաւատքով կը սպասէ գալիք օրերու վառ արշալոյսին: Մինչ այդ, Հայոց անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ուխտը կը դրսեւորւի Հայաստանի մէջ նոր եւ կոթողական իրագործումներու ընդմէջէն, միաժամանակ մղելով Հայ բազմութիւնները, որ այդ իրագործումներու ճամբով իսկ հասնին ինքնաճանաչումի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան սպասւած աստիճանին՝ մի՛շտ պատրաստ օգտւելու պատմաքաղաքական դէպքերու ընձեռելիք յարմար առիթէն: Այս մէկն ալ անառարկելիօրէն մաս կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 95 ամեայ հանգանակին. ներկայ Հայաստանը՝ իբրեւ շարունակութիւն 1918ի մայիսեան փառապանծ յաղթանակներով կեանքի կոչւած Հայաստանի հանրապետութեան, հայրենաբնակ Հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան հոլովոյթը՝ իբրեւ արտացոլում համահայկական ապրումի եւ Սփիւռքեան իրականութեան փոխ-ներգործութեան:

Սփիւռքը՝ իբրեւ լրացուցիչ Հայաստանաբնակ Հայ ժողովուրդի, իբրեւ անբաժան մասը անոր, իբրեւ վաղւայ ամբողջական Հայաստանի համար հանք՝ ներուժ կարելիութիւններու, աղբիւր՝ մասնագիտական, մշակութային հարստացման, գիտական, գեղարւեստական եւ զանազան այլ առումներով մարդուժի: ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՍՓԻՒՌՔԸ, ՈՐ ՄԵԶԻ ՊԱՐՏԱԴՐՒԱԾ Է ԿԱՅՍԵՐԱՊԱՇՏ ՈՒԺԵՐՈՒ ՇԱՀԱԿՑԱԿԱՆ ԹԷ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՎ, ՆՈՅՆ ԱՅԴ ՇԱՀԵԿՑԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԹԷ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՊԻՏԻ ԾԱՌԱՆԱՅ ՔԻՉ ՄԸ ԱՄԷՆ ՕՐ՝ ՁԳՏԵԼՈՎ ՔԱՆԴՈՒՄԻ ԱՅՆՊԻՍԻ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՔԱՆԴՈՒՄԻ ԵՂԵԼՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԻՆՔՆ ԱԼ ՔԱՆԴՒԻ՝ ՎԵՐԱՄԻԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔՈՎ ԵՒ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔՈՎ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ԱԶԱՏ-ԱՆԿԱԽ ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ: Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր՝ կը հաւատայ ժողովուրդի առողջ բնազդին, իր գոյութեան իրաւունքը կը հիմնէ անոր թաքուն թէ յայտնի ապրումներուն հաղորդ ըլլալու եւ անոնցմէ բխած հրամայականներէն ներշնչւելու վրայ: ԱՆՏԵՂԻՏԱԼԻ ԿԵՐՊՈՎ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ – ԵՒ ԱՅԴ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԷՆ ՄԵԿՆԵԼՈՎ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ: ԱՆ Կ'ԱՌԱՋԱԴՐԷ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՒԱՍԱՐ ԲԱՇԽՈՒՄԸ ԱԶԳԸ ԲԱՂԿԱՑՆՈՂ ԲՈԼՈՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ՝ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ: ՎԵՐՋԱՊԷՍ՝ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ԱՐԺԱՆԻ ՏԵՂՆ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱԶԳԵՐՈՒ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԻԲՐԵՒ ԻՐԱՒԱՀԱՒԱՍԱՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԻ:

Առ այդ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն՝ տրւած ըլլալով Հայաստանի աշխարհագրական տեղադրումը եւ բոլոր ժամանակներու մէջ բարի դրացիութեան ներկայացուցած անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութւինը՝ ինչպէս առհասարակ, այնպէս եւ Թուրքիոյ պարագային:

Ան կը փնտռէ գործակցութիւնը ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներու ընդհանրապէս, եւ, այդ գծով՝ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներունը մասնաւորապէս, մի՛շտ հիմնւած փոխադարձութեան եւ յարգանքի սկզբունքի վրայ:

Միջազգային գետնի վրայ ան կը ձգտի օժանդակութեանը բոլոր պետութիւններուն, որոնք կը հաւատան ժողովուրդներու ազատութեան եւ իրաւունքներու անբռնաբարելիութեան: Այդ նապտակով ալ շփումներ կը հաստատէ թէ՛ Արեւմտեան երկիրներու, թէ՛ Արեւելեան պլոքի պետութիւններու, թէ՝ երրորդ աշխարհի եւ թէ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու հետ:

Դարձեալ միջազգային իրականութեան մէջ, ամբողջութեամբ հաւատարիմ իր գաղափարական հրամայականներուն, Դաշնակցութիւնը միաժամանակ տեղեակ է նոյնիսկ ընկերվարական նկատւած պետութիւններու եւ շրջանակներու քաղաքական միակողմանի շահերուն թէ հաշւարկւած տրամադրութիւններուն: Ուստի խաբկանքներ չի սնուցաներ այն մասին, թէ հայոց անժամանցելի իրաւունքները սոսկական արդարութեան թելադրանքով եւ ինքնաբերաբար կը տրւին Հայ ժողովուրդին: Պատմական փորձառութեամբ ան գիտէ, թէ իրաւունքները Կ'ԱՌՆՒԻՆ: Այդ պատճառով ալ, կը ձգտի ՀԱՅ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՃԱՄԲՈՎ ԱՌԱՋԱՑՆԵԼ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԹԷ ԸՆԿԵՐԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՅՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ, ՈՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԱՐԴԻԿ Ա՛Լ ԱՒԵԼԻՈՎ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԵՒ ՅԱՐՄԱՐ ՄՈՄԵՆՏՆԵՐԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՎ՝ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԿԸ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ:

Միանգամայն հասկնալի պիտի ըլլայ, թէ ինչու պահանջատիրական տարերային այդ պայքարը, առաջին հերթին, ուղղւած է Թուրքիո՛յ դէմ: Հայ ժողովուրդի պապենական հողերու վրայ կը շարունակէ ապօրինի կերպով նստած մնալ օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ՝ ներկայ Թուրքիան, եւ, կը յամառի ինքզինք տէրը նկատել այդ հողերուն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ կարգ մը այլ պետութիւնները կը շարունակեն շփացնել Թուրքիան եւ իրենց այդ կեցւածքը կը բացատրեն մերթ սովետական պլոքի հետ կապւած զինւորաքաղաքական պատճառներով, մերթ Հայկական Հարցի մը պատմականօրէն այլեւս ժամանակավրէպ ըլլալուն, երբեմն ալ՝ հիմնովին ժխտելով նման հարցի մը գոյութիւնը, այս պարագային փաստօրէն ձայնակցելով թուրք «պատմագէտներուն» եւ պետական շրջանակներու յայտարարութիւններուն: Կասկածէ դուրս է, որ նման կեցւած յայտնաբերող պետութիւններ անուղղակի կերպով մեղսակից կը դառնան Հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն բռնի կերպով տիրացած ցեղասպանին՝ թուրքին:

Սովետական Միութեան քաղաքական վարքագիծը, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, շատ բանով չի տարբերիր վերջինիս բարեկամ պետութիւններէն: Միջազգային բեմերու վրայ թէ տնտեսական օժանդակութեան առիթով յաճախ տրւած են ու կը շարունակւին տրւիլ այնպիսի փաստեր, որոնք, ուզենք թէ ոչ, Խ. Միութիւնն ալ կը դասեն Թուրքիոյ տնտեսական վերելքին թէ ամրապնդման նպաստող եւ անոր հողային ամբողջականութիւնը յարգող պետութիւններու շարքին: Տակաւին երէկ էր երբ Սոֆինսկին, ՄԱԿի ցեղասպանութեան հարցը քննող մասնագէտներու ենթայանձնախումբի նիստին բռնած իր ժխտական դիրքով, անգամ մը եւս մեր վերոյիշեալ հաստատումին փաստը տւաւ:

ՎԵՐՈՅԻՇԵԱԼ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ, Հ. Յ . ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՊԷՍ ԿՈՉՒԱԾ ԳԵՐՄԵԾԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՈՐԴԵԳՐԱԾ Է ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԻ ԴԻՐՔ ԵՒ ՏԱՐԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԹԷ ՄԷԿԻ ԵՒ ԹԷ ՄԻՒՍԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳԾՈՎ ՏԱՐՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՂԵԼՈՅԹԻ ՄԷՋ: ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ԵԹԷ ՀԱՐԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ԻՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՀԱՇՒԻ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ ԲՈԼՈՐԻՆ ԱԼ ԺԽՏԱԿԱՆ ԹԷ ԴՐԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Միջազգային ներկայ իրականութիւնը իր քաղաքական տնտեսական, ընկերային եւ այլ ծալքերով՝ յաճախ անակնկալներու առաջ կը դնէ նոյնիսկ մեծերէն մէկը կամ միւսը: Աֆրիկայի ներքին գալարումները, Միջին Արեւելեան հետզհետէ բարդացող տագնապը, կեդրոնական թէ հարաւային Ամերիկայի ժողովուրդներու ազատագրական պայքարները եւ աշխարհի այլ միջավայրերու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ամէն անգամ քիչ մը աւելի կը ճնշեն միջազգային դրամատիրութեան եւ անոր հոլովոյթին մաս կազմող կայսերապաշտ ուժերու վրայ: Իրաւազրկւած ժողովուրդներու յանուն ազատութեան թէ արդարութեան մղած պայքարը հիմնական ազդակներէն մէկն է այդ ճնշումի բարձրացման եւ ուժական ազդեցութեան: Մեծերու վայելած գիտական թէ թեքնոլոժիք առաւելութիւնները փաստօրէն կը բախին ժողովրդական միահամուռ դիմադրութեան եւ հակազդեցութեան՝ կը դադրին ունենալէ «հրաշագործ» այն ազդեցութիւնը, որու ապաւինած կայսերապաշտ ուժերը եւ իրենց արբանեակները կը յամառին եւ կը յուսան տէրը մնալ բռնի ուժով փոքր ժողովուրդներէն յափշտակւած իրաւունքներուն:

Հայ ժողովուրդը մէկն է անարդարութեան ենթարկւած այն ժողովուրդներէն, որ ահա աւելի քան կէս դար համբերութեամբ սպասած է արդարութեան վճիռին միշտ հաւատալով, թէ խաղաղ քաղաքական միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ միջազգային հանրային կարծիքի ճնշումը Հայ Դատի ի նպաստ այնքան մը բարձրացնել, որ առնւազն Թուրքիան ընդունի բանակցութեան նստիլ Հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներու հետ:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դեռեւս կը շարունակէ հաւատալ քաղաքական միջոցներուն, թէեւ միաժամանակ չի կրնար հասկացողութիւն ցոյց չտալ երիտասարդական այն շրջանակներուն հանդէպ, որոնք իբրեւ հակազդեցութիւն պետութիւններու քար լռութեան դէմ, յոգնած՝ Թուրքիոյ ամբարտաւան կեցւածքներէն, յուսախաբ՝ մեծերու ամէն գնով Թուրքիան պաշտպանելու թէ Հայկական Հարցը անգիտանալու տրամադրութենէն եւ վերջապէս մղւած մոռացումի ու անտեսումի ներքին տագնապէն սկսած են դիմել պայքարի բիրտ ձեւերուն: Կռիւ են յայտարած՝ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու դէմ:

Հասկացողութիւն ցոյց տալու վերոյիշեալ մօտեցումը կը ներշնչւի այն իրողութենէն, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կ'ըմբռնէ այդ գործողութիւններուն տուն տւող պատճառները: Թէեւ, երբեք չունի այն միամտութիւնը, որ նման գործելակերպի իբրեւ արդիւնք Հայկական Հարցը կրնայ իր լուծման ընթացքի մէջ մտնել:

Այն մօտեցումին իբրեւ արդիւնք, կարգ մը պետութիւններ եւ, առիթէն օգտւելով, յատկապէս թրքական իշխանութիւնները՝ կը փորձեն առաջ քշել այն տեսակէտը, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է առաջնորդող ուժը խնդրոյ առարկայ գործողութիւններու: Ուստի կ'առաջադրեն հալածել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը բոլոր միջավայրերու մէջ, սահմանափակել անոր գործերու կարելիութիւնները եւ մեկուսացնել քաղաքականօրէն՝ վարկաբեկելով թէ տեսակ մը քարանթին ստեղծելով անոր շուրջ...

Դաշնակցութեան դէմ նման վերաբերումներ մազաչափ չեն կրնար խնդրոյ առարկայ դարձնել իր քաղաքական յստակ վարքագիծը: Ընդհակառակը, այդպիսի անարդար ճնշումներ շարունակւելու պարագային՝ համաժողովրդական բուռն ազդեցութեան առիթներ պիտի ստեղծեն ճիշդ այն ուժերուն դէմ, որոնք ժողովուրդի մը պահանջատիրական պայքարին կը հակադրւին ոստիկանական ճղճիմ ձեւերով, զրպարտութիւններով եւ շինծու թղթածրարներով: Այս առթիւ պէտք է ընդգծել, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն ալ Պ. Քրայսքիի պէս ազատամիտ միջազգային դէմքերու թէ անկաշառ կազմակերպութիւններու հետ կը բաժնէ այն տեսակէտը, որ ահաբեկչական աքթերը երբ կը գործադրւին մոռացւած ըլլալու դառնութիւնն ապրող ժողովուրդի մը զաւակներու կողմէ, կարելի չէ շփոթել եւ յաճախ գիտակցաբար նոյնացնել «միջազգային ահաբեկչութիւն» կոչւած գործողութիւններուն հետ: Եւ, կարգ մը պետութիւններ այդ աքթերու կապակցաբար ոստիկանական ու յաճախ ժողովրդավարական ըմբռնումներուն խորթ միջոցներու դիմելու փոխարէն աւելի առողջ եւ ուղիղ մօտեցում պիտի յայտնաբերեն՝ խնդրոյ առարկայ գործողութեանց պատճառներն ուսումնասիրելով եւ արդար թէ արմատական լուծումներ առաջարկելով:

Այս պայմաններու մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր վճռական երթը որքան ալ մեծ ըլլան իր դէմ ցցւած դժւարութիւնները, որոնք ալ ըլլան իր դէմ գաղտածածուկ դաւադրութիւններ նիւթող տարրերը եւ ինչպիսի ուժեր ալ ըլլան այդ սադրանքներու ետին գտնւողները: Պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, գաղտնի սպասարկութիւններ թէ այլ աղբիւրներ՝ բոլորն ալ պիտի վկայ ըլլան Դաշնակցութեան դէմ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով Հայ ժողովուրդի դէմ նիւթած իրենց դաւերու ձախողութեան: Այսօրւան Թուրքիան եւ զինք հովանաւորող պետութիւններ, իրենց գաղտնի սպասարկութիւններով, զուր տեղը կը յոգնին անցնելու այն ճամբայէն, որ ատենին անցան օսմանեան Թուրքիոյ ոստիկանները, ցարական Ռուսաստանի Օխրանայի գործակալները եւ աւելի ուշ՝ Չեկայի պատասխանատուները: Անոնք ձախողեցին Դաշնակցութիւնը քայքայելու եւ ծունկի բերելու իրենց ծրագիրներու թէ ռազմավարութեան մէջ: Նորերն ալ պիտի ձախողին, ապահովաբար...

ՀԻՆ ՕՐԵՐԷՆ ՄՆԱՑԱԾ ԵՒ ՄԻՇՏ Ի ԶՕՐՈՒ ՕՐԷՆՔ Է, ՈՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՈՒ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԹԱՂԵԼ, ԻՐԵՆՑ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐԻ ԵԼԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՃՆՇՈՒՄԻ ԴԻՄԱՑ ՏԵՂԻ ՉԵՆ ՏՒԱԾ ԵՐԲԵՔ. ԿՐԱԾ ԵՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՍՏԱՑԱԾ ԵՆ ԾԱՆՐ ՀԱՐՒԱԾՆԵՐ, ԲԱՅՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՀ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՇՈՒՐՋ ՄԻՇՏ ԽՏԱՑԱԾ ԵՆ ՇԱՐՔԵՐԸ ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՒԱԾ ԵՆ «ՈՍԿԷ ՄԱՏԵԱՆ»Ի ՄԷՋ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ՄԱՀՒԱՄԲ ԿԵԱՆՔ ԵՆ ՏՒԱԾ ԱՅԴ ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ:

Հայ ժողովուրդի մօտիկ անցեալի պատմութիւնն է այս: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 95ամեայ պատմութիւնն է այս՝ միաժամանակ:

Այսօր, 95 ամեակի այս հանգրւանին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ Քրիստափոր Միքայէլեանի պատգամին՝ յարատեւ կռւի ճամբով իր ամբողջ շարքերը արձանագրած է մեր օրերու «ոսկէ մատեան»ի մէջ:

«Ալիք», Թեհրան
Երեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր1985
Թիւ 282 (13,987)