16 December, 2020

ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ - Մեր Քանակական Շահ Ու Զենի Մասին

Տարրական ճշմարտութիւն մը կրկնել պիտի նշանակէր հաստատել, թէ հայութիւնը, հայրենաբնակ թէ տարաբնակ իր թեւերով, ազգային մէկ ամբողջութիւնը կը կազմէ, մի՛ եւ անբաժանելի՝ յամենայնի՛:

Բացայայտ է նոյնպէս, որ հայութեան քանակական եւ որակական աճը կենսական նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ մեզի պէս փոքր ու ցանուցիր ազգի մը համար, որուն համազգային Ուխտը կը մնայ անկատար եւ որուն ազգային ազատագրական պայքարը կը յամենայ իր կիսաճանապարհին:

Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդի քանակական ու որակական բնականոն աճին ապահովութիւնը համազգային պատասխանատուութեան առարկայ է եւ առանձնապէս հայ քաղաքական ղեկավարութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը կը կազմէ:

...

Երեսուն, քառասուն կամ վաղը աւելի՛ հազար նոր ընտանիք կազմել՝ կը նշանակէ ամէն տարի փոքր քաղաք մը աւելցնել հայրենական հողի վրայ: Սա առաջընթաց երեւոյթ է, անկասկած, եւ ամէնէն լուսաւոր երեսներէն մէկը կը կազմէ հայրենական մեր կեանքին:

...

Աւելի՛ առաջընթաց եւ շատ աւելի ուրախառիթ է այն միւս տեղեկութիւնը, զոր կը հաղորդեն դարձեալ խորհդահայ աղբիւրներէ, ա՛յն մասին, թէ Հայաստանի մէջ ամէն տարի վաթսուն, եօթանասուն կամ ութսուն հազար մանուկներ կը ծնին. այսինքն տարեկան տարեկան վաթսուն կամ ուսթսուն հազար նոր հայեր կու գան աւելնալու հին հայերուն վրայ:

Բոլոր պարագաներուն մէջ, կարեւորագոյն այդ առաջընթացները մետալին մէկ երեսը միայն կը ներկայացնեն, թո՛ղ թէ լուսաւոր երեսը: Կա՛յ սակայն միաժամանակ մետալին միւս՝ այս անգամ ստուերոտ երեսը, զոր ո՛չ ոք, ոչ մենք եւ ոչ ալ Խ. Հայաստանի մեծարգոյ նախագահը իրաւունք ունի անտեսելու կամ շրջանցելու:

Մեզմէ ոչ ոք, բայց առանձնապէս հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը, սահմանէն ասդին թէ անդին, իրաւունք չունի անտեսելու կամ շրջանցելու եղերական այն իրականութիւնը, որ շուրջ եօթը միլիոն շունչ հաշուող հայութիւնը իր համրանքին միայն կէսով հաստատուած է այսօր իր պատմական հայրենիքի լոկ մէկ տասներորդ հողաշերտին վրայ:

Շուրջ երեքուկէս կամ չորս միլիոն հայեր ներկայիս փասօտրէն հեռու կ'ապրին բռնօրէն հայրենական իրենց եզերքներէն, հայրենազուրկ, ազգայնօրէն եւ մարդկօրէն իրաւազուրկ վիճակի մէջ:

Այս երեքուկէս կամ չորս միլիոն հայերուն մէջ եւս ամէն տարի քառասուն կամ յիսուն հազար նոր ընտանիքներ կը կազմուին աշխարհի տարբեր տարածքներուն վրայ: ...

Աւելի՛ն. պէտք է ենթադրել, որ երեքուկէս կամ չորս միլիոն տարաբնակ այդ հայութիւնը եւս ամէն տարի առնուազն ուսթսուն կամ իննսուն հազար նոր հայորդիներու ծնունդ կու տայ օտար երկնքի եւ անհարազատ երդիքի տակ, ենթակայ, ուշ կամ կանուխ ուծացման ամենակուլ վտանգին...

Տարեկան ուսթսուն կամ իննսուն հազար նորածին այդ հայորդիները, իբրեւ մարդկային եւ ազգային դրամագլուխ, քանակական եւ որակական առումով, նո՛յնքան թանկարժէք եւ առաջընթացի նո՛յնքան կարեւոր ցուցանիշ չե՞ն Հայաստանի թէ հանուր հայութեան լուսաւոր ապագայի հաշուին: Ե՛ն, ապահովաբար:

...

Հայաստանի նիւթաբարոյական նուաճումներու վարդարանը ջերմեռանդօրէն քաշելու չափ եւ աւելի՛ կարեւոր չէ՞ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար, մանաւանդ Հայկական Ցեղասպանութեան 70 ամեակի նշման սա հանդիսաւոր օրերուն, վճռական խօսք մը ըսել, քաղաքական արժանաւոր դիրքորոշում մը ցուցաբերել հայրենազուրկ հայութեան հին թէ նոր սերունդներու գոյապայքարին ի զօրավիգ, սա՛ կամ նա՛ ձեւով տէր կանգնիլ Հայ Դատին, որուն արդար լուծումէն կախում ունի, անկասկած, բովանդակ հայութեան քաղաքական ճակատագիրը:

...եթէ խորհդայնացումէն ետք տիրող վարչակարգը իրապէս «հայ պետականութիւն» կը դաւանի ինքզինք, ապա, ուրեմն, պատճառ մը աւելի, որ ան առաջնահերթօրէն տէր կանգնի Հայ Դատին, տէր կանգնի ոչ միայն Արտահայաստանի, այլեւ բովանդակ հայութեան մարդկային ու ազգային անժամանցելի իրաւանց՝ միջազգայի՛ն տարածքի վրայ:

Արտերկրի հայութիւնը, բովանդակ հայ ժողովուրդը, ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի ա՛յս է որ կը սպասէ իր հայրենիքէն: Այս է որ կը սպասէ առաջին հերթին Խ. Հայաստանի մեծարգոյ նախագահէն, իբրեւ հարազատ խորհրդանիշն ու մարմնաւորումը «հայ պետականութեան»,... :

Այս է նաեւ այն միակ ուղին, որով կարելի է Արտերկրի համայն հայութիւնը մէ՛կ մարդու պէս համախմբել հայրենիքի եւ անոր «հայ պետականութեան» շուրջ:

Ամէնէն աւելի ահա ա՛յս կէտին մէջ պէտք է որոնել մեր «կարեւորագոյն առաջընթացին ցուցանիշը», հանո՛ւր հայ ժողովուրդի փրկութեան բանալին:

Այլապէս, ինչպէս պարզագոյն հաշուեկշիռը ցոյց կու տայ, ա՛յն, ինչ որ կը շահինք կամ կը նուաճենք Հայրենիքի մէջ, քանակական թէ որակական առումով, այս կամ այն ձեւով կը կորսնցնենք Արտահայաստանի՛ մէջ...

Այն Արտահայաստանի մէջ, ուր ուշ կամ կանուխ նո՛յնքան աւերիչ նոր ցեղասպանութիւն մը կը սպառնայ մեզի այս անգամ ճերմակ ջարդի ճամբով, եթէ մանաւանդ ազգովին տէր չկանգնինք համազգային մեր պատասխաանտուութեանց:

*կրճատուած
Սարգիս Զէյթլեան
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ - ԴՐՕՇԱԿ»
ԺԶ. Տարի, 1985, թիւ 8