...«Հայերի տէր Դաշնակցութիւն
Քաջեր ունի սրտալի,
Ամբողջ աշխարհ հռչակւեցաւ
Համազասպը պանծալի»...
Հայ աշուղական գրականութիւնը երեք տասնամեակներու ընթացքին ամբողջ հիւսք մը ստեղծած է հայ մարտական կուսակցութեան առաջաւոր դէմքերու եւ անուններու շուրջը:
Պետօ, Մարտիկ, Աւետիսեան, Անդրանիկ, Հրայր, Արամեան, Սերոբ փաշա, Գէորգ-Չաւուշ, Քեռի, Վազգէն, Զաւէն, Արաբօ, Մուրատ, ու շատ շատերը մեր ազատամարտի սիւներէն, իրենց պարտքի ու գաղափարի ճամբուն վրա՝ հսկայական եւ անսպառ նիւթ տւին այդ գրականութեանը եւ հայ գուսանը իր քնարի լարերուն վրա ամբողջ երեք տասնամեակ ու մինչեւ այսօր կերգէ այդ «ուխտաւորներուն» գովքը, կերգէ անոնց կեանքը ու հերոսական, աննըւաճ մահը:
Ահա մէկն ալ անոնցմէ, որ կիյնայ շատերուն հետ, հայ ուխտաւորներէն...
Ու պէտք էր, որ հայ գուսանը անտես չառնէր զինքը, վասն զի անոր խանդաբորբ երեւակայութիւնը չպարփակւեցաւ անգամ Այգեստանի զովասուն պուրակներուն, գլգլան աղբիւրներուն, ծառ-ծաղկունքներուն, հովիտներուն ու լեռներուն շրջապատին մէջ, ու անիկա դժգոհ այդ բոլոր բարիքներէն ու հրաշալիքներէն, ինքզինքը Մասիսէն այս կողմ կը նետէ, կերտելու եւ բովելու համար իր կամքն ու նկարագիրը հայ յեղափոխական քուրային մէջ:
Եւ հայ ազատամարտը պէտք կունենայ այդ հաւատաւորին: –«Սանդենց Լաճը» կդառնայ «Քաջ Համազասպ», Ասկերանի կիրճն ու Շուշւայ տիրութիւնները կցուցահանեն այդ յանդուգն հոգիի բովանդակ մեծութիւնը, եւ հայ աշուղը այնուհետեւ կերգէ իր կիթառին վրա «Համազասպ»ի գերազանց ճիգն ու աշխատանքը հայ աշխատաւոր ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ:
Հայ աշուղը կերգէ եւ այդ երգը կդառնայ համազգային գովք բոլոր շուրթներուն վրա՝
Եւ Դաշնակցութիւնը չյուսախաբւեցաւ անկէ:
Այդ հզօր ու մարտական կուսակցութիւնը իր գեղեցիկ հոյլին մէջ պատւաւոր տեղ մը ունի Համազասպին համար, վասն զի Համազասպը Դաշնակցութեան միջոցով հայ ժողովրդին տւաւ 1905-ի Ասկէրանի կիրճը, Բագւի ընդհարումները, 1918 թւին արշաւախումբը, Զէվինի պատմական կռիւները ու այն բոլոր ընդհարումները, որ վարած է անիկա իր ջիւան կեանքով, իր ուխտաւորի հաւատքով:
Այսօր՝
Նոր դարու ներոնական միտքը դահիճ կոմունիստներու ձեռքով վերջ կուտայ այդ բեղուն ու բովանդակալից կեանքին:
Այսօր՝ սօցիալիզմի մաքուր եւ անաղարտ վարպետութեան վիժւածքները պարաններով կկապեն անոր ձեռքն ու ոտքը եւ կխեղդեն զինքը մութ եւ անլոյս նկուղին մէջ:
Այսօր՝ հայ անուն կրող եւ յեղափոխութեան աւանդները աղարտող դաճիկներու ձեռքերը չեն կոտրիր, երբ անոնք կվերցնեն կացին, փշրելու համար Համազասպի գլուխն ու ատամները...
Ու թող որ այդպէս ըլլայ, քանի որ հայ ժոովուրդի հարազատ կուսակցութիւնը ուրիշ կերպ չէր կարող զոհաբերել իր լաւագոյնները հայրենիքի ազատագրութեան մեծ գործին:
Ու թող այդպէս ըլլայ, որպէսզի մեր պատմութիւնը դառնայ լրիւ եւ ամբողջական, ցուցահանելով այդպիսով մեր աննւաճ կամքի ու յամառ եւ հետեւողական պայքարի իրական արժէքը յետագայ սերունդներուն համար:
Հ. Բագրունի
«Ազատ Հայաստան»
Օրգան Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան
Չորեքշաբթի, 23 Փետրւարի 1921 թ.
Թիւ 4