Անսպասելի էր Գաբրիէլի մահուան գոյժը: Տարիքի ու փարձառութեան իր ամենէն հասուն շրջանին, երբ դեռ իրաւամբ շատ բան կը սպասէինք իրմէ, ան կը փակէ իր աչքերը, յաւիտենապէս: Զինուոր մըն էր Յեղափոխութեան ճամբուն վրայ: Իսկ զինուորը, երիտասարդ ըլլայ թէ չափահաս, վտանգներու մէջէն կը քալէ: Արկած մը, պատահական գնդակ մը, կամ առօրեայ ծանր, սրտմաշ աշխատանքներ վերջ կուտան թանկագին կեանքերու:
Եւ միայն սա վերջին 3-4 տարիներու ընթացքին, քանի՜-քանի սքանչելի ընկերներ կորսնցուցինք: Մեր մեծ ու աննման Դրօն ու Վահանը, ապա Արշակ Յովահննէսեանը, Գասպար Իփէկեանը, Տիգրան Պաղտասարեանը, Սասունցի Մուշեղը, բժիշկ Արտաշէս Բաբալեանը եւ ուրիշները: Եւ կարծես այս հեւասպառ ահարշաւին թափը պահելու համար, Գաբրիէլն ալ կը միանայ անոնց՝ խոր սուգով ու տխրութեամբ համակելով իր բոլոր ընկերներն ու ծանօթները:
Երզնկայէն կը ճանչնամ զինքը: Խոհեմ, լուրջ ու հաւասարակշռուած: Զաւակն էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը: Իր հայրը՝ Գուրգէն Լազեան, Օսմանեան Սահմանադրութեան օրերուն գիւղախումբի մը կառավարիչն (միւտիր) էր: Գեղեցկադէմ, պարթեւ հասակով, աշխոյժ, յանդուգն ու լեզուանի մարդ մը, որ յաճախ թուրք պաշտօնատարներու հետ կռիւներ ունեցած է ի պաշտպանութիւն իր հոգացողութեան յանձնուած հայ գիւղացիութեան շահերուն:
1895-96ին բանտարկուեցաւ Երզնկայի մէջ: Ապա ղրկուեցաւ Էրզրում, դատուեցաւ ու աւելի երկար բանտարկութեան վճիռ ստացաւ: Պոլսէն՝ ներումի արժանացաւ եւ դարձաւ իր ծննդավայր քաղաքը: Բայց այնուհետեւ ալ երբեք չդադրեցաւ յեղափ. աշխատանքներ կատարելէ:
Լազեան ընտանիքը բազմանդամ էր: Ընտանիքի տէրը՝ Գուրգէն, իշխանական տոհմի մը տիպարն էր: Մայրը՝ Զարուհին, հին օրերու իշխանուհի մը, իսկ զաւակները՝ չորս մանչ եւ չորս աղջիկ – Գաբրիէլ, Միքայէլ, Ռաֆայէլ, Գէորգ, Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Սաթենիկ ու Քնարիկ: Հաւանաբար դեռ պիտի երկարէր այս շարքը, եթէ վրայ չհասնէր պատերազմը եւ անոր զուգընթաց հայկական մեծ ողբերգութիւնը:
Եւ ի՜նչ եղաւ նահապետական այս չքնաղ ընտանիքը: Ան ունեցաւ այն ճակատագիրը, զոր ունեցան բոլոր միւսները: Տան ընտանիքի նահապետը՝ Գուրգէն, Եփրատի եզերեքը, Ձորբերան գիւղին մէջ կացինահար եղած է: Իսկ մայրը եւ եօթը զաւալները նահատակուած են տարագրութեան ճամբաներուն վրայ: Ընդհանուր նախճիրէն Գաբրիէլ հրաշքով ազատած է: Ինկած է Պոլիս: Մտած է թրքական զինուորական վարժարան: Ապա անցած է Հայաստան եւ իբրեւ սպայ՝ միացած մեր հայրենի բանակին:
Չեմ կրնար մոռնալ 1920 թուի ապրիլեան օր մը, Երեւանի Աբովեան փողոցի վրայ դէմ դիմաց եկանք: Աչքերուս դժուարաւ հաւատացի: Բայց նոյն Գաբրիէլն էր՝ զինուորական տարազի մէջ: Հաճելի ու հանդարտ ժպիտ մը աչքերուն մէջ, իսկ դէմքին վրայ կը թեւածէր հին օրերէն եւ իրմէ անբաժան խաղաղութիւն մը, որ կարծես խոտոր կը համեմատէր իր պաշտօնին, դիրքին եւ օրուան փոթորիկներուն: Կարճ ողջագուրումէ մը յետոյ, ըսաւ:
–Կ'երթամ Ռուբէնը եւ Սիմոնը (Վրացեան) տեսնելու: Մեր բանակը ծանր վիճակի մէջ է: Բոլշեւիկ գործակալները կը թունաւորեն միտքերը: Եթէ ձեռք չառնուին վճռական միջոցներ, բանակը կրնայ ամբողջապէս ձեռքէ ելնել:
Գաբրիէլ իրաւունք ունէր: Մայիսեան ապստամբութիւնը հետեւանք էր բոլշեւիկեան դաւերուն: Ճիշդ է, այդ ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ. հայ ժողովուրդը իր միակամութեամբ եւ հոգեբանութեամբ յաղթեց անոր, բայց աւերը գործուած էր: Հայկական բանակի մէկ կարեւոր մասը վարակուած էր բոլշեւիկեան թոյնէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն յետոյ Գաբրիէլ անցաւ Յունաստան: Աթէնքի մէջ ան լծուեցաւ կուսակցական աշխատանքի: Իր ընկերներուն հետ հիմնեց «Նոր Օր»ը: Ուժ տուաւ կազմակերպութեան զօրացման: Գործեց նաեւ մշակութային գետնի վրայ: Աւելի քան 20 տարի է ան հաստատուած էր Գահիրէ:
«Հայրենիք» Պոսթոն, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 1959, Թիւ 14,397 |
Կուսակցութեան մէջ իր վերելքը արագ եղաւ: Գործօն, աշխատասէր, խոհական, համոզումներով ամուր ու աներեր, տարուէ տարի ան կատարեց նուաճումներ: «Յուսաբեր»ի խմբագրութեան ու վարչութեան անբաժան մասն էր ան: Գործերու մէջ խտիր չէր դներ: Իր նպատակը գործը եւ անոր կատարումն էր եւ ոչ՝ պաշտօն, դիրք ու աստիճան: Եւ մի՞թէ այդպէս չեն եղած միւսները – համայն Դաշնակցութիւնը ամէն տեղ եւ իր վարիչները:
Բացի իր յաճախակի յօդուածներէն, որոնք այնքան հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին՝ «Յուսաբեր»ի, «Հայրենիք»ի եւ մեր կուսակցական օրկաններուն մէջ, Գաբրիէլ մեզ տուաւ նաեւ գիրքեր: «Հայաստան եւ Հայ Դատը» երեք ընդարձակ հատորներ են, որոնք «Յուսաբեր»ի տպարանէն լոյս տեսան 1942-1957ին: Մեր դատի վերաբերեալ վաւերագրեր եւ այ եւ օտար աղբիւրներէ քաղուած արժէքաւոր վկայութիւններու հաւաքածոներ են այս գիրքերը, որոնք որեւէ ժամանակ պիտի չդադրին օգտակար ըլլալէ հայ ընթերցողներուն: Ասկէ զատ, երկու հատորներով Գաբրիէլ մեզ տուած է նաեւ Հայ Ազատագրական Շարժման նուիրուած յեղափոխական դէմքերու շարք մը – մտաւորականներ եւ հայդուկներ: Եւ գրեթէ այս բոլոր հատորներն ալ սպառած են կարճ ժամանակի ընթացքին:
Մաքուր, ազնիւ, բիւրեղեայ հոգիով ընկեր մըն էր Լազեան: Չէր սիրեր վէճ ու աղմուկ: Իր անձին եւ կատարած աշխատանքին շուրջ ալ չկային վէճեր ու տարակարծութիւններ: Դաշնակցական էր բառիս իսկական իմաստով, միշտ նախանձախնդիր մեր կուսակցական աւանդութիւններու պահպանման: Եւ այդ է պատճառը որ մեր մեծերու շարքին ինքն ալ իր տեղը գրաւեց՝ զարմանալիօրէն մինչեւ վերջ պահելով իր չափի եւ համեստութեան զգացումը: