ԻՆՔՆ էր
որ Երազիս, մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր,
Ապառաժի
մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի,
Իր ըմբոստացողի
հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն,
Ու իր
ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած,
Հոգին
փրկութեանը սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման,
Որ եղբօր
մը օտարացումէն իր հոգին կ'արիւնի,
Խօսեցաւ
ինծի Ան, և իր բառերը իրարու ետևէ, և կարգ առ կարգ,
Խիստ էին
և քաղցր և ճշմարիտ և քինայոյզ և առնական...
«Եւ ահաւասիկ
ես եմ, ո՜վ մեղկութեան ու աշնարժութեան զաւակ,
Որ աղմկայոյզօրէն
այս իրիկուն հեռուներէն կուգամ,
Քու քնացողի
անտարբեր ու անգործօն ու եսակա՛ն ու տկար,
Երիտասարդի
մարմինդ ու էութիւնդ ու հոգիդ,
Բազուկիս
հարւածովը ու սուրերուս շառաչին հետ,
Կռիւներու
հարկադրիչ ժամերուն համար, վերջնականապէս ցնցելու...
Ունկնդրէ՛
իմ ձայնիս որ այս վճռականութեան օրերուն
Մեր ցեղին,
մեր վրէժին ու մեր արիւնին աղաղակն է ահարկու,
Ու խառնւէ՛,
ընկերացի՛ր, եղբայրացի՛ր, սա՛ մեր արիւնարբու ամբոխին հետ՝
Եթէ դեռ
քու հոգիիդ մէջ ազատութեան ոևէ կայծ վառ մնաց,
Եթէ դեռ
քու բազուկներդ քաջութիւնը ունին թշնամիներ հարւածելու,
Եթէ սրիտդ
գէթ անգամ մը խոցոտւեցաւ մեր մայր-հողին մահացումէն,
Եթէ ցեղիդ
տառապանքէն ու անմեղներու կոտորածին մղձաւանջէն,
Քու ներսիդիդ
ատելութեան ու բարկութեան անտառները բարձրացան....
Եթէ դուն
դեռ կեանքիդ մէջը պիտի կրնաս նպատակի մը փաթթւիլ,
Եթէ դեռ
քու աչւըներդ այդ անօգուտ արցունքներէն չի կուրացան...
Եթէ դուն
քու աղօքներդ Ատելութեան գոռումներու փոխեցիր,
Եթէ ցեղիդ
ռազմական ու արեգակի արիւնին՝
Երակներուդ
ու գլխիդ մէջ բորբոքւիլը դեռ կը զգաս,
Եթէ դեռ
Արամին, Տիգրանին, Արտաշէսին և Վարդանին,
Յաղթանակող
զօրութենէն քու մէջդ շունչ մը մնաց,
Եթէ Սերոբներու,
Փարեաններու, Պետօներու և Ժիրայրի,
Դիւցազնական
քայլերէն քու երազողի նայւածնքերուդ առջև,
Անձնւիրութեան,
վրէժի և ազատութեան ճանապարհ մը բացւեցաւ,
Ոտքի՛
կեցի՛ր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկւէ՛ անոնց հետ,
Որովհետև,
գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի և յոյսի օրերուն,
Մեր ամէն
մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն...»
Յանկարծ
խումբերը հեռացան արևածագին կրակներուն մէջէն,
Ու իրենց
կամաւորի գիտակից ու վճռական քայլերուն հնչիւնը երկաթեայ,
Մարմարակոյտեր
փշրող անհամար կռաններու հնչիւնը ունէր...
Մինչդեռ
թշնամիներէն անջատւած գլուխներ ջահերու պէս բոցավառէին՝
Իրենց
ուսերուն վրայ բարձրացուցած սուրերուն կատարներէն...
Ու տեսայ
որ տաք արիւն մը կը քամւէր, խռչափողերէն, կաթիլ առ կափիլ, դէպի վար,
Անոնց
ամէն մէկուն լայն ու զօրաւոր ու մերկ ծոծրակները թրջելէն...
Եւ ես
այն ատեն նախանձութեամբ ու տարփանքով հողին վրայ ծնդրադիր՝
Իրենց
հերոսի քայլերուն հետքը երկուղածօրէն համբուրեցի...
«Հայորդիներ» շարքէն
1903, Փարիզ
«Հայրենիք» Պոսթոն
Շաբաթ, Ապրիլ 29 1905
6-րդ Տարի, Թիւ 17 (303)
«Դրօշակ» – 1903, Թիւ 4