Ափսո՜ս, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրուած եւ ընտիր հայրենասէրներու շարքէն մեծ կաղնի մըն ալ ինկաւ, յանձին վեթերան ընկեր Ահարոն Սաչաքլեանի:
Անշուշտ գիտէի, թէ ան կ'ապրէր իր խոր ծերութեան տարիքին մէջ: Ընկերուհի Էլիզա Սաչաքլեան իրարու յաջորդող նամակներով ցաւով ու դառնութեամբ կը հաղորդէր, թէ «Սաչաքին վիճակը օրըստօրէ կը ծանրանայ, առողջութիւնը կը քայքայուի»: Բայց, դարձեալ չէի հաւատար տեսնել վախճանը: Կ'ուզէի տեսնել,ո ր մեր վեթերան ընկերը դեռ երկար ապրէր ու մեր մէջ, մեզի հետ ըլլար իր պարթեւ հասակովը, իմաստուն խորհուդներովը եւ գործնական կեանքի քուրային մէջ վաստկած փորձառութեամբը: Կ'ուզէի որ դեռ երկար տարիներ անիկա մեր մէջ եւ մեզի հետ ըլլար, որովհետեւ իր անխօս – բայց հեղինակաւոր ներկայութիւնն անգամ ուժ էր, յոյս ու հաւատք կը ներշնչէր, հաւասարակշռութիւն կը պահէր, եւ պատկառանք կ'ազդէր բոլորին: Կարելի՞ էր երեւակայել որ ընկեր Ա. Սաչաքլեանը բացակայ ըլլար ոչ միայն Սիրաքիւզի, այլ նաեւ ամբողջ Ամերիկայի շրջանի պատգամաւորական ժողովներէն: Իր լրջութեամբ, սակաւախօսութեամբ, ծանրաբարոյ կեցուածքով, բոլորին հանդէպ ունեցած աննախապաշար սիրեով, բծախնդիր աշուապահութեամբ, կուսակցական հաւատամքով սիրուած էր բոլորէն: 62 տարիներու իր կուսակցական կեանքով, նուիրումով ու գործունէութեամբ դարձած էր վստահելի հեղինակութիւն մը: Վերջին աւելի քան կէս դարու Ամերիկայի շրջանի ազգային-կուսակցական հրատապ խնդիրներու լուծման մէջ ունեցած էր իր բաժինը, եւ դարձած էր հանրածանօթ դէմք մը, որ եթէ պատկերացնել ուզենք, աներկբայելիօրէն կրնանք ըսել որ ինքնատիպ էր, ինքնուրոյն – Սաչաքլեանական:
Մօտէն ծանօթ էր վերջին վաթսուն տարիներու ընթացքին Ամերիկա այցելող կուսակցական բոլոր գիրծիչներուն: Օգտակար եղած էր անոնց, եւ ինքն ալ օգտուած անոնցմէ, աւելի խորացնելով իր հայրենասիրական ու կուսակցական ըմբռնումները:
Հակառակ անոր, որ գրեթէ իր պատանեկան տարիքին բաժնուած էր ծննդավայրէն, եւ ուրիշ մէկը այդ տարիքին կրնար կորսուիլ օտարութեան համայնակուլ ծովին մէջ, Ահարոն Սաչաքլեան միշտ խորշանք ունեցած էր անբարեյոյս ու թեթեւսօլիկ մարդոց հանդէպ, հեռու մնացած էր իր տարիքին համար այնքան գրաւիչ վայելքի ու հաճոյքի ճամբաներէն, եւ գեղեցիկ նախընտրութեամբ մը միշտ ջանացած էր կապ ու շփում ստեղծել ազգային ու կուսակցական առաջաւոր դիրքերու մէջ գործող հայրենասէր մարդոց հետ:
Ատոր պատճառը այն էր, որ լրջութիւնը, դեռ ի տղայ տիոց իր նկարագրի հիմնական գիրծերէն մէկն էր, ապա իր մէջ շատ զօրաւոր էր միշտ կարդալու, սորվելու անյագ ծարաւն ու սէրը: Ահա այդ տուեալներով է որ կը բացատրուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ կրթարան ու վարժարան, եղած էր իր դասարանի առաջին աշակերտը, արժանանալով ուսուցիչներու եւ կրթական մարմիններու ջերմ գնահատանքին:
Ահարոն Սաչաքլեան ծնած էր Մալաթիոյ մէջ 1879 Սեպտեմբեր 8-ին:
Իր հայրը Արթին (Յարութիւն) Սաչաքլեան իր բնածին տաղանդին շնորհիւ վաստկած էր ճարտարապետի անուն, շինելով կամուրջներ, քարաշէն բաղնիք, մզկիթ եւ այլ հանրային շէնքեր:
Ճակատագրական դժբախտութիւն է, որ Ահարոն Սաչաքլեան չէ կրցած վայելել իր հօր սէրն ու գուրգուրանքը, նոյնիսկ չէր կրնար յիշել զայն, անոր համար, որ ինք հազիւ երեք ամսու եղած ատեն, երկրի ճարտարապետ Արթին Սաչաքլեան հիւանդութեան մը հետեւանքով մեռած է, եւ անոր թողուցած որբ զաւակները մեծցած են համակ սէր ու նուիրում եղող իրենց մօր խնամքին տակ: Ահարոնին մեծ եղբայրը Ստեփան Սաչաքլեան Ամերիկա գաղթող առաջին մալաթիացիներէն մէկը եղած է, որ ծանր աշխատանքով ու ծայրայեղ խնայողութեամբ գոյացուցած է ճանապարհածախսի բաւական գումար մը, եւ 1896ի ամառը Ամերիկա բերած է իր եղբայրը:
Ճամբան Ահարոն Սաչաքլեան՝ Մարսիլիոյ (Ֆրանսա) մէջ բախտաւոր հանդիպում ունեցած է մեծանուն հայրենասէր եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Փորթուքալեանին հետ: Այս վերջինը տեսնելով դեռ հազիւ 17 տարեկան Ահարոնին յայտնաբերած լրջութիւնն ու գեղեցիկ ընդունակութիւնները, կը քաջալերէ, կը գնահատէ զայն, եւ բաժանման ժամանակ խրատելով զայն կուտայ իր հայրական պատգամը ըսելով – բարի ճանապարհ քեզի տղաս, Աստուած հետդ ըլլայ, ուր որ ալ ըլլաս, անպատճառ շարունակէ ուսումդ, բայց երբեք չմոռնաս ազգութիւնդ, կրօնքդ ու մայրենի լեզուդ:
Հակառակ անոր, որ սկզբնական շրջանի իր ուսանողական օրերուն հայու երես տեսնելու պատհութիւնն անգամ չէր ունեցած, Ահարոն Սաչաքլեան երբեք մտահան չէր ըրած Մ. Փորթուքալեանի պատգամը, որ կարելի է ըսել իր գիտակցական կեանքի առաջին ուղեցոյցը եղած էր, եւ զինքը զերծ պահած օտար մայթերուն վրայ այնքան առատ գայթակղութեանց պատճառելիք խարխափումներէն:
Իր մեծ եղբօր Ստեփանին օգնութեամբ Հարֆըրտ Քընէթիքէթի Հընդ Սընկըրս հաշուապահութեան քոլէճը կը մտնէ, ուրկէ իրբեւ վկայեալ հաշուագէտ շրջանաւարտ կ'լլայ 1898ին: Կարճ ատեն մը հաշուապահութեամբ կը զբաղի Հարթֆըրտի մէջ գոհացուցիչ վճարումով, աոա կը հետեւի Ամերիկեան Նէյշիընըլ Կարտի զինուորական մարզանքներուն: Իր սպաները գնահատելով Ահարոնին յայտնաբերած կարողութիւնները, մանաւանդ ուղղամիտ ու վստահելի հաշուապահութիւնը, զայն պաշտօնի կը հրաւիրեն Պոսթընի արուարձաններէն Չարլզ Թաունի Նէյվի Եարտի գրասենեակը: Նոյն տարին Ահարոն Սաչաքլեան առաջնութիւն շահելով Ամերիկեան կառավարութեան բացած քննութեանց մէջ, կը ստանայ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ հաշուապահութեան պաշտօնը:
Բայց նախ քան հոն մեկնիլը Ահարոն Սաչաքլեան 1902ին պաշտօնապէս կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:
1905ին ընկ. Ա. Սաչաքլեան զինուորական հաշուեքննութեան պաշտօնով կ'երթար Ֆիլիփեաններու Մանիլա քաղաքը: Հոն իր ունեցած շփումներով, կը ստեղծէ լայն ու բարեկամական շրջանակ:
* * *
1909ին
կը մասնակցի Մասոնական Մանիլա Լոճին, եւ այդ կազմակերպութեան տպաւորիչ արարողութեամբ
թաղուեցաւ Սիրաքիւզի Մորնինկ Սայտ գերեզմանատան մէջ 1964 Օգոստոսին:
Հեռաւոր պաշտօնատեղիին մէջ իր նախանձելի վկայեալ հաշուագէտի պաշտօնը, Մասոնականութիւնը, հրապուրիչ շրջապատը չեն կրնար մոռցնել տալ հայրենասիրական պարտականութիւնները, ապա նաեւ մեծ հայրենասէր Մ. Փորթուքալեանի պատգամը:
1908ի թրքական կեղծ ու նենգամիտ սահմանադրութեան օրերուն Ահարոն Սաչաքլեան բուռն փափաք կ'ունենայ տեսնել իր կաթոգին սիրած մայրն ու Յակոբ եղբայրը, որ 1895ի կոտորածներէն ետք, Մալաթիայէն հեռանալով հաստատուած էին Տէօրթեօլ – Չոք Մարզուանի մէջ: Մանիլայէն ճամբայ ելլելով – Ճափոն, Հնդկաստան-Չինաստան ճամբով կը հասնի Պէյրութ-Լիբանան: Հոս կը փնտռէ ու կը գտնէ կուսակցական գաղափարակից ընկերներ, եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը կատարէ գործօն աշխատանք: Օր մը իր գտնուած վաճառատան մէջ քանի մը ընկերներ կուգան, խնդրելու համար վաճառականէն, որ իրենց համար մաքսատունէն հանէ սնտուկ մը առանց քննութեան: Խօսակցութեան ընթացքին կը հասկնան, թէ Ահարոնը դաշնակցական է, եւ շատ օգտակար կրնայ ըլլալ իրենց, իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի, եւ շատ լաւ անգլերէն կը խօսի. ճիշդ իրենց փնտռած մարդը: Կը յայտնեն գաղտնիքը թէ ակնարկուած սնտուկին մէջ զէնքեր կան, այդ պատճառով ալ ամէն գնով կ'աշխատին որ առանց քննութեան դուրս հանեն մաքսատունէն:
Ընկեր Ա. Սաչաքլեան սիրով յանձն կ'առնէ այդ վտանգաւոր պարտականութիւնը, եւ որպէս ամերիկեան քաղաքացի դուրս կը հանէ սնտուկը մաքսատունէն առանց քննութեան: Այդ զէնքերը կուսակցութեան կարգադրութեամբ կը փոխադրուին Մուսա-Տաղ: Մեծ եղեռնի սեւ օրերուն երբ Մուսա-Տաղի հերոսները կը մղէին իրենց պատմական դիւցազնամարտը, հոգեկան բաւարարութիւն մը կը զգար ընկեր Սաչաքլեան, մտածելով թէ գործածուած մաս մը զէնքերու փոխադրութեան մէջ ինքն ալ համեստ բաժին մը ունեցած էր:
1909ի Մարտ ամսուան վերջերը կը հասնի Տէօրթեօլ, եւ կը ողջագուրուի իր եղբօր հետ: Երկար մտածելէ ետք, ու տեղի ունեցող տխուր դէպքերը նկատի ունենալով այն եզրակացութեան կը հասնին, թէ թրքական սահմանադրութիւնը կեղծ է ու նենգամիտ: Կ'երթան Իսկէնտէրուն: Իրենց մեկնումէն քանի մը օր ետք կ'իրականանայ վատ նախազգացումը: Տէօրթեօլի հայութիւնը կը պաշարուի թուրք զինուորներու եւ թալանի տենչէն խելագարած խուժաններու կողմէ: Տէօրթեօլի հայութիւնը 15 օր հերոսաբար կը կռուի, իր տուած նահատակներու արեան գնով կը պաշտպանէ իր տունն ու պատիւը, մինչեւ որ կը վերցուի պաշարման համար տրուած հրամանը: Ահարոն Սաչաքլեան իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի, Իսկէնտէրունէն, ապա Մէրսինէն հեռագիրներով ու գաղտնի նամակներով Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ 1909ին տեղի ունեցող կոտորածներուն լուրը հաղորդեց քանի մը վայրերու ամերիկեան հիւպատոսարաններուն եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին: Այդ աշխատանքը անշուշտ որ ժամանակին ունեցաւ իր օգտակարութիւնը:
Ժամանակաւոր խաղաղութիւն հաստատուելէ ետք Ահարոն իր մեծ եղբօր Ստեփանին հետ կ'երթայ Սիս, հոն կը հանդիպի Դաշնակցութեան առաքեալներէն Սիմոն Զաւարեանին. միասնաբար այցելութիւն կուտան երջանկայիշատակ Խապայեան կաթողիկոսին. ապա քանի մը օրեր կը պտտըտին Անավարթա պատմական բերդին եւ այլ յիշատակելի վայրերու մէջ:
1910 Յուլիս 18ին կ'ամուսնանայ օրիորդ Էլիզա Տէր Մելքոնեանին հետ, որ եղաւ իր բովանդակ կեանքի ընկերը, եւ մանաւանդ վերջին տարիներուն իր առողջութեան վրայ գուրգուրացող եւ զինքը խնամող պահապան հրեշտակը:
1911ին կը վերադառնայ Ամերիկա: Կարճ ատեն մը կ'օգնէ իր եղբօր Հարֆթըտրի մէջ, ապա Պոսթոն երթալով կը ստանձնէ «Հայրենիք»ի գործավարութիւնը (մէնէճիր) պաշտօնը: Այդ ատեններ, կուսակցական ընկեր թէ համակիր երիտասարդներու մեծ բազմութիւն մը կար, որ կեդրոնական վայր մը չունէր, հանդիպումներու՝ ապա անխուսափելիօրէն ազգային-կուսակցական հարցերու շուրջ խօսելու համար: «Հայրենիք»ի տպարանը կը գտնուէր Պէնէթ փողոցին վրայ, խիստ աննպաստ տեղ մը: Ահարոն Սաչաքլեան կեդր. կոմիտէի ընկերներուն հետ խօսելով կ'արծարծէ ծրագիրը գնելու սեփական տուն մը, որուն առաջին յարկը ծառայէ որպէս տպարան, եւ երկրորդ յարկը ակումբ ընկերներու եւ հասարակութեան համար: Կը գնեն հին եկեղեցի մը, եւ փոփոխութիւններ մտցնելով կը վերածեն տպարանի եւ ակումբի: Ահա այդ հինաւուրց եկեղեցին է որ վերջին հրդեհի մը հետեւանքով այրեցաւ, եւ անոր տեղ բարձրացաւ «Հայրենիք»ի ներկայ շէնքը: Ընկեր Ահարոն Սաչաքլեան գոհ կը զգար, որ երկար տարիներ առաջ իր գործօն բաժինը ունեցած էր «Հայրենիք»ի շէնքի գնման մէջ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին Կեդր. Կոմիտէն դարձեալ ընկեր Ա. Սաչաքլեանը հրաւիրած էր Պոսթըն, նկատելով, որ Ամերիկայի մէջ հրատարակուող բոլոր օտարալեզու թերթերը պէտք է անգլերէնի թարգմանուէին ամերիկեան կառավարութեան որոշումով, եւ «Հայրենիք»ն ալ ենթակայ էր միեւնոյն օրէնքին: Այդ օրերուն քիչ էր անգլերէնի հմուտ Հայերու թիւը: Այդ գործն ալ կատարեց նուիրումով ու հաւատարմութեամբ:
1917ին ու 18ին Ազգային Միութիւն մը կազմելու մեծ եռուզեր կար Ամերիկահայ կեանքին մէջ: Թէեւ հատուածական կիրքերը որոմ ու տատասկ կը ցանէին, բայց նպատակը այնքան մօտ էր ժողովրդական լայն զանգուածներու սրտին ու հոգիին որ շատեր կը պաշտպանէին ազգային միութիւն մը կազմելու գաղափարը:
Ահարոն Սաչաքլեան ամբողջական նուիրումով լծուած էր գործի: Այնքան տարուած էր առաջադրուած գեղեցիկ նպատակով, որ իր տունն ու անձնական գործերը թողուցած էր երկրորդական գծի վրայ: Ընկերուհի Էլիզա Սաչաքլեանին յայտնած էր, թէ երբ ինք յաճախ քաղաքէն կը բացակայի, գիշերները տուն չի գար, հոս-հոն կանչելու-փնտռելու փորձ պէտք չէ ընէ. պէտք է գիտնայ թէ կամ ճամբու վրայ է հոս-հոն երթալու համար, կամ ժողովի մէջ: Գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրել որ ընկերուհի Էլիզա Սաչաքլեան ամբողջութեամբ բաժնելով իր ամուսնոյն կուսակցական-գաղափարական տեսակէտները, առաւելագոյն ուժ, թափ ու մղում կուտար անոր գործերուն: Ահարոն Սաչաքլեան անդամներէն մէկն էր Ամերիկահայ այն պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 1919 Փետրուարին գումարուած Ազգային Ժողովին:
1960ին Սիրաքիւզի հայ գաղութը արժանաւորապէս գնահատեց իր վեթերան անդամը, մասնաւոր ճաշկերոյթով մը, ուր խօսողներ դրուատեցին հանրանուէր գործիչը, անոր տալով փորագրուած գրատախտակ մը իր կատարած ազգային ծառայութեանց համար:
Ահարոն Սաչաքլեան 62 տարի անընդհատ գործած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Բացի Սիրաքիւզի հայ գաղութին մէջ իր ունեցած հանրանուէր գործունէութենէն, բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի շրջանի պատգամաւորական ժողովներուն, եւ մէկէ աւելի անգամներ Հ. Յ. Դ. Ընդհ. Ժողովներուն: Քանի մը շրջաններ եղած էր «Հայրենիք»ի գործավար (մէնէճըր), եւ երկար տարիներով իբրեւ վկայեալ հաշուագէտ, քննած էր Կ. Կ.ի եւ «Հայրենիք» հաստատութեան հաշիւները: Բազմաթիւ անգամներ մասնակցած էր Ամերիկահայ ազգային – կուսակցական կարեւոր հարցերու առընչութեամբ սարքուած խորհրդակցական ժողովներու: Պատուոյ անդամ էր Մալաթիոյ Կրթասիրաց Ընկերութեան հարազատ հատուածին եւ տարիներ շարունակ քննած էր կեդրոնական վարչութեան հաշիւները առանց վճարումի:
Արժանաւորապէս ստացած էր Ամերիկեան Մասոնական կազմակերպութեան 32րդ աստիճանը, որ մեծ պատիւ էր իրեն համար:
Եւ հիմա, երբ այս պարթեւ հասակով, միշտ լրջախոհ ու պատկառազդու, միշտ սակաւախօս – այլ գործնական, 85 ամեայ վեթերան դաշնակցականը, վաստակաւոր ազգային գործիչը կեանքի անյեղլի օրէնքով խոր ծերութեան մէջ հող կը մտնէ, վստահ եմ որ տասնեակ հազարաւոր ընկերներ ու բարեկամներ, հոս թէ արտասահմանեան գաղութներու մէջ, մեզի հետ գլուխնին կը խոնարհեցնեն անոր թարմ հողակոյտին առջեւ եւ սրտաբուխ՝ կ'ըսեն – վարձքդ կատա՜ր, սիրելի՛ Ահարոն Սաչաքլեան, լի ու լի կատարեցիր հայրենասիրական պարտականութիւններդ. հայ ժողովուրդը հպարտ կը զգայ քեզի պէս զաւակներ ծնած ըլլալուն համար:
-Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 1964
66-րդ Տարի, Թիւ 15,905
-Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 1964
66-րդ Տարի, Թիւ 15,906