Իր Վերջին Բառերը
–«Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72-րդ տարեդարձը:
«Ինչո՞ւ, սակայն, հայ ժողովուրդը համախումբ կը մասնակցի այս հանդիսութիւններուն եւ կը գուրգուրայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ:
«Որովհետեւ՝ ծնունդն է ան Հայոց տառապանքին եւ ազատագրական երկունքին:
«Կարելի չէ բաժնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ Հայոց ժողովուրդի պատմութենէն. այնքա՜ն նոյնացած են անոնք իրարու:
«Բազմաթիւ օտար ու մեծ ազգերու մեծ կուսակցութիւնները՝ անհետացած են քաղաքական բեմերէ. մինչ Դաշնակցութիւնը...»:
Ասոնք եղան վերջին բառերը անմոռանալի մեր ընկերոջ՝ Գուրգէն Մխիթարեանի:
Ըսաւ, ու ինկաւ յեղակարծօրէն...
Ինկաւ հերոսի մը պէս, որ կռուի դաշտին վրայ կը մեռնի:*
Երբ Մահը Կը Բաժնէ Զինք Մեզմէ
Անհատի մը կեանքը նման է իւղաներկ պատկերի, որուն գեղեցկութիւնը կարելի է տեսնել միայն այն ատեն, երբ քիչ մը կը հեռանաք անկէ: Մահն է այն անհրաժեշտ տրածութիւնը, որ հնարաւորութիւն կուտայ տեսնելու մեզմէ յաւէտ հեռացող անձին ամբողջ պատկերը, անոր ամբողջ գեղեցկութիւնը:
Ինչպէս զինուորի մը համար լաւագոյն մահը պատերազմի դաշտին վրայ է, այնպէս ալ՝ հանրային գործիչի մը համար կարելի չէ երեւակայել աւելի լաւ մահ մը, քան այն, որ վիճակուեցաւ մեր սիրելի ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանին:
Մահուան առթիւ եղած ցաւակցական այն բազմաթիւ ջերմ արտայայտութիւնները, որոնք կուգան մեր բոլոր գաղութներէն, ցոյց կուտան, որ մեր ժողովուրդը խորապէս կը զգայ, թէ անոր մահով ի՜նչ արժէքաւոր ուժ մը կը կորսնցնէ մեր մամուլը, մեր գրականութիւնը:
Ռ. Դարբինեան
«Ինչպէ՞ս Կը Մեռնին, Ինչո՞ւ Կը Մեռնին»...
Զրոյցի թէ լուռ պահերուն՝ Գուրգէն կը հարցնէր, կարծես ինքնիրեն եւ ինծի. «Ի՞նչպէս կը մեռնին, ինչո՞ւ կը մեռնին... Եւ, երեւակայե՜լ՝ որ այլեւս չկան»: Յուսահատութիւն չկար իր այդ շատ նախնական հարցումին մէջ, զոր առաջին մարդն ալ ըրած է... Յուսահատութիւն չկար իր այդ հարցումին մէջ, հակառակ անոր որ մահը անծանօթ անկիւն մը թաքնուած էր՝ յարձակելու համար, յաճախ, բժիշկի խնամքին ներքեւ էր, վերջին երկու տարիներուն:
Այս երկու տարիները՝ Գուրգէն տարաւ յամառ լաւատեսութեամբ. նո՛յն յամառ լաւատեսութիւնն էր, որ զինք կապած էր կեանքին ու մանաւանդ նպատակին: Հասկնալի էր իր այդ լաւատեսութիւնը, որովհետեւ իր գաղափարական սնունդը առած էր առողջ հողէ եւ արմատէ:
Գուրգէն, իր գաղափարական սնունդը առած է Սահմանադրական շրջանի մեր գրականութեան եւ մշակոյթի առողջ վերելքէն: Այնատեն, դեռ շատ երիտասարդ, իր բաժինը բերած է այդ վեըելքին՝ իբրեւ այդ սերունդի ցայտուն մէկ ներկայացուցիչը:
Կոչումով առաւելապէս գրականագէտ՝ կապուած էր կեանքին եւ իրականութեան, եւ իրականութիւնն ալ պահանջեց զինք հայ գրականութենէն՝ որպէս դրական քննադատի: Թնտռեց մեր գրականութեան մէջ այն՝ որ ջիղ ունի, եւ ունի սրտի առողջ բաբախում:
Կոչուած էր մեր գրականութեան մէջ կարեւոր դեր կատարելու՝ իբրեւ գրական քննադատ. եւ սակայն, մեր իրականութեան մէջ ո՞վ կրցած է տէր ըլլալ իր կոչումին:
Գուրգէն, իր ազնուական յամառութեամբ, իր մէջ ուժեղացուց նաեւ ազգային գործիչը, եւ մանաւանդ խմբագիրը՝ կոչումի շնորհքով. եւ տարաւ այդ բոլորը՝ իր ոճով, որ ինքն էր, յստակ, առողջ սրտի բաբախումով, եւ վստահ իմացականութիւնով: Պահեց այդ առողջութիւնը՝ մինչեւ իր վերջին օրը, երբ սեղանին վրայ դրաւ գրիչը, այն հաւատքով, որ յաջորդ օրը պիտի վերադառնար իր սեղանին:
Մինչեւ վերջ ալ պահեց իր ոճի առողջութիւնը, երբ, արդէն, հետզհետէ կը դանդաղէր իր սիրտը...
«Ինչպէ՞ս կը մեռնին, ինչո՞ւ կը մեռնին»...
Այդ գաղտնիքը իրենց հետ տարին բոլոր մեռելները...
Արդեօք Գուրգէն ստացա՞ւ իր պատասխանը, երբ վերջին անգամ վար ինկաւ՝ բանախօսութեան մը սկզբին:
Ինչքա՜ն կ'աւեղէն է կեանքը:
«Ինչպէ՞ս կը մեռնին, ինչո՞ւ կը մեռնին»...
Արդեօք ստացա՞ւ պատասխանը, երբ վերջին անգամ չկրցաւ լրացնել իր խօսքը, երբ, այսօր, իր յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի, երբ դագաղը շա՜տ կամաց հողին կ'իջեցնեն...
Իրաւ, ինչպէ՞ս կը մեռնին, ինչո՞ւ կը մեռնին:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ