18 January, 2022

Յեղափոխական Մեծագոյն Առաքեալի Յիշատակին

Ռոստոմը չկա՜յ այլեւս:

Լակոնիկ գոյժ մը, որ լախտի հարուածի նման ծանր, կ'իջնէ հայ ժողովուրդի գլխուն, ցնցելով զայն ուժգնօրէն եւ խոցելով հայ սրտերը ազատութեան այնքան մօտիկ արեւծագի այս բաղդաւոր օրերուն:

Մարտական կազմակերպութեան հիմնադիրներու սրբազան երրորդութեան վերջին շառաւիղն է որ կը մարի, ու կ'անհետանայ հայկական երկնակամարէն:

Դաշնակցական անխորտակելի զրահաւորը, երեսուն տարի շարունակ կատաղի ովկէանի ալիքներուն դէմ պողպատեայ կամքով ու տոկունութիւնով մաքառեցնող, ու դէպի ազատութեան բաղձալի ափունքը առաջնորդող հանճարեղ նաւապետներէն էր ան, որ անժամանակ կերպով հոգեկան անվերջ վերիվայրումներէ հիւծած, կ'երթայ միանալ իր անմահ ընկերներու կարաւանին, հայ ազատագրութեան սրբազան դատի ռահվիրաներուն:

Հայ Տէրվիշն էր ան, որ թափառականի ցուպը ձեռին ամէն տե էր, հայ դաժան ճակատագիրը յեղաշրջելու ու նոր դարագլուխ մը բանալու միսիօնով:

1908ի օսմ. սահմանադրութենէն քիչ վերջ Պոլսոյ Հ. Յ. Դ. Բերայի ակումբին մէջ մեր ամէնուս պաշտամունքի ու գուրգուրանքի առարկայ դասախօսն էր ան. իսկ անկէ վերջ 1916-ին էր կրկին զինք տեսայ Կովկասի մէջ: Ոչ մէկ փոփոխութիւն չէր կրած երբ այդ պարագան յայտնեցի իրեն Ահարոնեանի բնակարանին մէջ, ծիծաղեցա՜ւ. եւ թախիծով լեցուն այդ ծիծաղը ինչե՜ր չէր պարունակէր իր մէջ:

Ճի՛շդ է, պատմութեան սեփականութիւնը դարձած իր ընկերներէն ոչ ոք այնքան բաղդաւոր եղաւ ապրելու, ու իր ցանած սերմերու արդիւնքը մասամբ տեսնելու տեսակէտէն՝ որքան Ռոստոմը, բայց ոչ ոք այնքան տառապալից կեանք մը ապրեցաւ, ինչքան ինք:

Ճշմարտութեան, նուիրումի, զոհաբերութեան ու այլ առաքինութիւններու բիւրեղ խտացումն էր այդ կեանքը, անսպառ կորովի թանկագին հանք մը, յոյսի, աշխատանքի ու պայքարի հազուագիւտ պաշարներով լի շտեմարան մը, արդարութեան մարմնացումը, ու ամէն րոպէ պոռթկալու պատրաստ հրաբուղխ մըն էր ան. իր հրաշէլ լաւայի տակ հայութեան ոսոխները թաղել սպառնացող:

«Յառաջ» Օրաթերթ (Թիֆլիս) Չորեքշաբթի, 22 Յունուարի 1919

Հոյակապ ու հազուագիւտ անձնաւորութիւն մըն էր ան, որու էութեան, կեանքի ամէն մէկ մասնիկը կապ ունի հայկական կեանքի բոլոր իրադարձութիւններուն հետ: Ան եղաւ մեծագոյն դաստիարակը, աւագ ուսուցիչը նոր սերունդին. ու իր զոհաբերութեան անհաշուելի օրինակներով նոր կայծ եւ անխորտակելի կամքի շաղախը ներմուծեց իր ընկերներուն եւ նոր սերունդի կազմին մէջ:

Հայկական բարձրաւանդակի վրայ թառած հայութեան պաշտպան ու անոր ոսոխներու հոգէառ հրեշտակապետն էր ան, որ իր կեանքով կերտած դաշնակցական հոյակապ շէնքը՝ կտակելով իր ընկերներուն, զանոնք սրբացուցած կը հեռանայ, իր պարտականութիւնը կատարող կճշմարիտ հայրենասէրի գոհունակութիւնով:

Բայց ո՛չ, անհաւատալի է անոր մահը. չէ՞ որ աստուածները անմահ են:

Այո՛, անմահ է ան, որքան ատեն կ'ապրի հայութիւնը. անոր կեանքը սրբազան մատեան մըն է, որը՝ պէտք է դառնայ հաւատամքը յեղափոխական նոր սերունդին, եւ ուղեցոյցը, ղեկը հայկական նորակազմ հանրապետութեան եւ ապագայ միացեալ պատմական Հայաստանի կառավարութիւններուն:

Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ Դումանի, Զաւարեանի եւ Ս. Օհանջանեանի սրբազան շիրիմներու կողքին նոր շիրիմ մը եւս կ'աւելնայ:

Գնա՛, կազմակերպելու ընդունակութիւններով անփոխարինելի ու անգին ընկեր. ներկայ սերունդի հարազատ զաւակները խոր յարգանքի զգացմունքներով ու պատկառանքով ծնրադիր կը խոնարհին քու թարմ շիրիմին առջեւ, եւ շուտով երբ ծագի մեր արեւը, հայ ժողովուրդը որպէս յարգանք ազատութեան ճանապարհին ինկած բոլոր հերոսներու յիշատակին կանգնելիք յուշարձանի կողքին, կը կանգնէ անպայման քեզ նուիրուած առանձին յուշարձան մը, եւ այդ հրապարակը կը դառնայ հայութեան ամէնաթանկագին սրբավայրը ու ուխտատեղին, նոր սերունդի դաստիարակչական ամենամեծ դրոցը:

Յարգա՜նք ու յաւիտենական անդորրութիւն քու յոգնատանջ նշխարներուն:

Յ. Գ. Յովակիմեան (Շիքակօ)
«Հայրենիք» Պոսթոն
Ուրբաթ, Ապրիլ 4, 1919,
20րդ Տարի, Թիւ 2109