Բաւակա՛ն է.– գընդակ
մ'առած կը մեռնի,
Դէմքը գետնին, իբրև
հողին սըրբութեան
Ներքև թաղել ջանար
իր մեղքն հոլանի,
Իբրև ճընշէր մեծ դատաւորն
իր վըրան:
Զինքը չի լար ոչ ոք,
ոչ ոք չի սըգար.
Աւելորդ : Հրէշ մ'էր
ան. անդունդի
Նետեց հոգին, հոգին
նետեց դէպ խաւար,
Ինչպէս տըզրուկ մ'արիւն
ծըծած կը պայթի:
Փոսի՛ն, փոսի՛ն.– արևը
թող իր վըրան
Չը պղծուի, շողն անկեղծ
է, անձնուէր է.–
Իր համբոյրին մէջ թոյն
չապրիր մատնութեան,
Հողին, սերմին մէջ
կեանք, արիւն կը ծորէ:
Օդն ու կապոյտը բարի
են, նուիրական.
Հեռո՛ւ իրենց ծոցէն
նենգին մընացորդ.
Հեռո՛ւ սուտին, շահին,
հեռին, մատնութեան
Զազիր դիակն ու փըտութիւնն
աւելորդ:
Փոսի՛ն, փոսի՛ն.– և
թող ըլլայ փոսն այդ՝ խոր,
Խոր՝ անդունդէն, խոր՝
դըժոխքի պարոյրէն.–
Լոյսին տարտին հոն
չը սուզի հեշտածոր,
Եւ ձայնն հովին, և
կամ արցունք մ'աստղերէն:
Փոսի՛ն, փոսի՛ն.– մեծ
է վարձքն, ո՛վ մարդիկներ,
Վերցուցէք օձն՝ որ
կը թունէր թագնուած.
Հեռացուցէք լիզողն
օտար կօշիկներ,
Կամ մեր այն շունն՝
որ մեր քղանցքէն էր խածած:
Ո՛հ, այն շատեր լացուց,
լացուց ուղխօրէն.
Իր փեռեկած վէրքերը
դեռ կը ցաւին
Հիւղակներու, զընդաններու
խորերէն.
Իր սիրոյ ափն ելունդ
ձըգես մեր ափին:
Մեր արցունքով, արիւնով
հացն էր շինուած.
Եւ մեր ոսկրէն ոսկոր,
ջիղէն էր ջիղ ան,
Սընուած մ'էր լոկ մեր
ծիւրանքէն գոյացած.
Մեր կառափտեղն էր խընճոյքին
իր սեղանն:
Եղբայր մը զինք ընդգըրկեցինք.–
Կայէնն էր:
Մեր պորան իրար կը
կապէր մօր մէ՛կ աղիք.
Կը հանգչէին նոյն խաչին
վրայ մեր շըրթներ,
Ու մատնեցին մեզ այդ
շըրթունքն աւասիկ:
Ազատութեան գըլխարկին
տեղ փռիւզական՝
Զոր ընդվըզումն արիւն
թելով է հիւսեր,
Ան Սուլթանին մահիկն
ընտրեց լանջքին վրան,
Մըզկիթ գընաց, Նեմեսիսն
'րաւ փէյզամպէր:
Առաջնորդեց հոտառու
շան մը նըման
Թըշնամին մեր տուներուն
մէջ, ռումբի բով.
Յետոյ պառկած մեր բանտերուն
շեմին վրան
Հըրճուանքի երգն ոռնաց
կարմիր ցըռուկով:
Խածաւ պատռեց ըստինքն
այրի իր Մօրկան՝
Ուրկէ ծըծած էր ումպ
առ ումպ իր օրեր.
Եւ կոտրեց զինք մեծցընող
ա՛յն օրօրանն՝
Ուր մեր և իր վաղը
տըժգուն կը նիրհէր:
Դիակ մ'է արդ. Խորխ՝
զոր թաղուց օձ հոգի՛ս:
Սիրտը ժահրի թակոյկն
է ա՛լ խորտակուած.
Ափին մէջ պինդ՝ զոր
կը սեղմէ տակաւին՝
Արծաթը թեփ, և ոսկին
հող է դարձած:
Ոչի՛նչ է ան.- ժողված
գանկին թասին մէջ
Հիւլէներն իր մըսին,
տառերն իր անուան՝
Թողէք իջնէ մոռացման
վիհը անվերջ.
Թող մեր անէ՛ծքն իրեն
ըլլայ լոկ դամբան:
Չը լաս, ո՛վ կին. դուն
որ պիտի չը տաս ալ
Արգանդ հրէշի մ'որուն
սերմն է իժի թոյն:
Չը լաս, ո՛վ կոյս,
չը լաս հոգին այդ մըռայլ.
Հայրը հայր չէ, երբ
դահիճ է շատերուն:
Մոռցիր սէրն իր, ըսպաննէ
այդ արեան սէրն.
Հոգիիդ մէջ ճըզմէ հունդերն
իր համայն.
Իր վիզն անցուր երկար
մազիդ խոպապներն,
Եւ սուրբ վրէժով, ո՛վ
կոյս, խեղդէ՛ խեղդէ՛ զայն:
Դանիէլ Վարուժան
«Ռազմիկ», Ֆիլիպէ
Գ. Տարի, Թիւ
45 (238)
Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ,
1908