12 April, 2023

Թռուցիկ Թերթ. ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէի (Թիւ 1)

Հայ Հարուստներուն

Ճգնաժամը կը մօտիկնայ օրէօր: Մենք անոնցմէ չենք, որ խաղաղութիւն վերջնականապէս հաստատուած համարենք: Հրէշ սուլթանի դաւերը մեր աչքի առաջ պարզուած են. նա նոր պատրաստութիւններ տեսնելու մէջ է:

Հայ ժողովուրդը թշուառութեան հեղեղներու մէջ ինկած՝ այլեւս երկար իր գոյութիւն պահպանել անկարող է գազանին ճանկերուն մէջ:

Մեզ՝ յեղափոխականներուս վրայ կը ծանրանայ մտածել ժողովրդի գոյութեան մասին. այո՛, մենք ստեղծեցինք ներկայ դրութիւնը եւ մենք պիտի լինինք գործը գլուխ բերողները:

Յեղափոխութիւնը չէ մեռած: Որչա՜փ մեծ զոհեր տուինք, այնչափ աւելի պէտք է բորբոքուի մեր մէջ սուրբ կրակը:

Ժողովուրդը մեզ հետ է միշտ. միայն փոքրամասնութիւն մը – հայ հարուստ դասակարգը անտարբեր աչքով կը նայի իւր յեղափոխական զաւկին, իւր փրկութեան համար արիւն թափողին: Նոր չէ այս անտարբերութիւնը: Յեղափոխութեան երեւան գալէն վեր՝ այդ եղած է միշտ մեր հարուստներուն վարմունքը: Անոնք տաճկին, քիւրտին չեն խնայեր իրենց բարեկամութիւնը, իրենց հարստութիւնը: Որչա՛փ դիզուած հարստութիւններ թշնամու ձեռք անցան, մինչդեռ անոնց մէկ հարիւրերորդ մասը ժողովրդի փրկութեան գործի մէջ ահագին դեր կարող էր կատարել:

Եւ այնչափ դառն փորձեր աչքի առաջ ունենալէ յետոյ, ո՞ր հարուստը հաւատք ունի տակաւին իւր ոսկու վրայ:

Սակայն, երբ հայ յեղափոխականը դիմում կանէ հարուստներուն իրենց պարտականութիւնը կատարել տալու համար՝ անոնք առանց կարմրելու երես կը դարձնեն անկէ:

Բայց մի՞թէ յեղափոխութիւնը հարուստներու հետ պիտի վարուի այնպէս՝ ինչպէս մինչեւ հիմա: Երբէ՛ք:

Երբ սուլթան չի համոզուիր մեր արդար իրաւունքը մեզ տալու, երբ քիւրտը սոսկալի գազանութեամբ չի դադրիր մեր արիւնը խմելէ եւ մենք պարտաւորուած ենք ուժ գործ դնել անոնց դէմ, ի՛նչ տարբերութիւն անխիղճ սուլթանի, վայրենի քիւրտի եւ քարասիրտ, անզգայ հայ հարուստի մէջ. բոլորն ալ հաւասրապէս թշնամի են յեղափոխութեան, թշնամի՝ ժողովրդի ազատութեան:

Երբ հասարակ ժողովուրդը հարիւր հազարներով կը մորթուի, կը թալանուի ու այդ չի ազդեր հայ հարուստներու վրայ եւ նրանք սառն անտարբերութեամբ կը դիտեն իրենց շուրջ, իրենց եղբայրներու դիակներու կոյտեր՝ մի՞թէ անոնց զեղխ ու մոլութիւններով լեփլեցուն կեանքը հիւլէի մը չափ նշանակութիւն պիտի ունենայ մեզի համար: Ի՞նչ բանի պէտք են հասարակութիւնը կեղեքող այդ տզրուկները:

Այո՛, եթէ այս պատմական սոսկալի ճգնաժամին, հայ հարուստները շարունակեն տակաւին անտարբեր մնալ, եթէ Դաշնակցութեան Վսապուրականի Կեդ. Կօմիտէի կողմէ եղած բացարձակ դիմումները ապարդիւն անցնին՝ մեզ կը մնայ գործադրել ամբողջովին Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէի վերջին մէկ որոշումը:

ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէ
6 Յունւ. 97

«Դրօշակ»
31 Մարտ 1897, Թիւ 6