17 April, 2023

ՎԱՐԴ-ՄԱՆՈՒՇԱԿ. Յակոբ Աբրահամեան

Ծնած է 1873 ապրիլ 2-ին Ատաբազարի մէջ. որդին է հանգուցեալ Աբրահամ Աստւածատուրեանի, որ ծանօթ է ատաբազարցիներու իր ազգային ու կառավարական բարւոք պաշտօնավարութեամբ:

Յակոբ (յեղափոխական անւամբ Վարդ-Մանուշակ) նախնական ուսումն ու կրթութիւնը առած է տեղւոյն Ս. Կ. թաղի Ներսէսեան վարժարանի մէջ: Տղայ հասակէն հայրը կորսնցուցած ըլլալով, ստիպւած է ապրուստը հայթայթել դերձակութեան արհեստին հետեւելով:

Բնատուր ձիրքերով օժտւած այս պատանին կեանքին նշանաբանն ըրած էր ինքնազարգացումը ու այդ մտօք այնչափ յառաջդիմած՝ որ իր հետ յարաբերութիւն հաստատող ամեն անհատ, եթէ չգիտնար իր զարգացման պայմանները, համալսարանական բարձր շրջան մը անցնողի տպաւորութիւնը կունենար: Գտնւեցան մարդիկներ, որոնք այդ մտօք հարցում ուղղելու միամտութիւնը կունենային: Իր բարութեամբ ու ազնիւ գաղափարներով, ուր որ պանդուխտ կեանք անցուցած է, ըլլայ Պօլիս ու Ամերիկայ՝ համակիրներու լայն շրջանակ մը ստեղծած է իր շուրջը, վկա՜յ սահմանադրութենէն աստին Պօլսոյ ու իր ծննդավայրը շահած բարեկամները՝ որոնք դժբախտութիւնը ունեցան իր դագաղին շուրջ հաւաքւելու, լացին իր յիշատակին վրայ Մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ:

Պզտիկ հասակէն ընկերային թերի կազմակերպութիւններուն դէմ ըմբոստ մը եղած է:

Առաջին բանավէճը ունեցած է ՆԵրսէսեան վարժարանի նոյն օրւան տեսուչ Կարապետ վարդապետ Մազլըմեանի դէմ (այժմ եպիսկոպոս), երբ սա կուզէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնւած մարմնամարզական գործիքները փճացնել ու իսպառ հեռացնել իբր ոչնչութիւն մը դպրոցական ծրագրէն: Կը վախնար որ՝ մարմնամարզութեան պատճառաւ եկեղեցւոյ բակը երեկոները հաւաքւող երիտասարդութիւնը դպրոցի հետ շփման մէջ ըլլալով իրենց դարձուցած էնթրիկներուն կը տեղեկանայ:

Իր գաղափարները առաջադրելու համար յիշեալ վարդապետին գլխուն թափած է այն սեւ մաղձը՝ ինչ որ կուտակւած էր սրտին մէջ. մէկ խօսքով յետադիմական կոչած է զայն. առաջին յաղթանակը այս է եղած:

Իր յեղափոխականի խմորումը առաջին առթիւ կը կերպարանաւորւի տեղւոյն Ս. Կ. եղեկեցւոյ բեմէն Գարեգին վարդապետի զգայացունց յեղափոխական քարոզէն վերջ (Սասնոյ ջարդէն առաջ): Յիշեալին կրակոտ զգացումներէն հմայւած՝ ձգած է ամեն զբաղում, ձգած է ընտանեկան հանգստաւէտ կեանքը ու յարած է յեղափոխականի փշոտ ու տառապանքով լի կեանքին:

1895-ին գաղթած է Ամերիկայ, մտնելով դաշնակցական շարքերու մէջ: Հինգ տարի վերջ Զւիցերիոյ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ժընեվի Կեդրոնական Պիւռօին որոշումով Իզմիր կը խրկւի կազմակերպիչի հանգամանքով:

1900-ի Փարիզի արւեստահանդէսին ներկայ ըլլալով հոնկէ կանցնի Իզմիր: Ճիշտ այն ատենն էր, լաւ կը յիշեմ, երբ իր ընտանիքին սիրելիները հայրենիք վերադարձին կը փափաքին, սա՝ կը պատասխանէր՝ «Ես Արաքսիին սիրահարած եմ, անոր հետ նշանւեցայ ու պիտի ամուսնանամ»: Ուրիշ առթիւ դարձեալ կը գրէր. «Արաքսին հիւանդ է, բժիշկները որոշում տւին, որ ծանր է վիճակը, հիւանդապահներու խնամքին կը կարօտի, որուն համար չեմ կրնար հայրենիք վերադառնալ»*: (*Գրաքննութենէն նամակը կարենալ անցնելու համար այս ձեւ ծածկագրութեամբ կը թղթակցէր. Արաքսին՝ Մայր Հայաստանի համար ըսել կուզէր): Ուրիշ ատեն մը եւս կը գրէր. «Մեր ընտանիքէն աստղ մը պիտի փայլի, որուն լոյսով շատեր պիտի լուսաւորւին ու դուք այս առթիւ երջանիկ պիտի ըլլաք»:

Իզմիրի Կեանքը

Երբ Իզմիր կուգայ, ամերիկեան քաղաքացիի բասբօրդը հիւպատոսարանը կանոնաւոր կերպով արձանագրել տալէ վերջ, իր դերձակութեան արհեստին յարմար խանութ մը կը բանայ ու իբր թէ արհեստով կը պարապի. կըսկսի կազմակերպչական գործին:

Նախ պրօպագանդը դպրոցականներէ կըսկսի, խորհելով որ երիտասարդութենէն աւելի, մատաղ սերունդին մէջ յեղափոխական սերմ ցանելով աւելի նպատակին հասած կ'ըլլայ: Քիչ ատենէն կը յաջողի անոնց մէջ ազգային հուրը բորբոքել: Իր սահուն ու դիւթիչ խօսքերով հիացում ազդած ու անոնց երեւակայութիւնը թեւաւորած է:

Մարզած է Ամերիկայի մէջ զինավարժութեան սիստեմով ու ալ գործը գլուխ հանածի ուրախութիւնով՝ իր բուն նպատակակէտին՝ Կարին քաղաքը երթալով, հոն իր վերջին յանձնառութիւնը գործադրել որոշած է. արդէն իր ընկերներէն մին միեւնոյն յանձնառութեամբ երթալէ վերջ՝ ձերբակալւած ու կախաղանի դատապարտւած էր:

Մինչեւ ճամբորդութեան համար պատրաստութիւն կը տեսնէ, յանկարծ հրահանգ կուգայ Ժընեւվէն, որպէս զի կազմակերպութեան նպաստահաւաք մարմնոյ Իզմիրի հանգանակիչի գործը ինք ստանձնէ:

Վերջին հրահանգին եւս յանձնառու ըլլալով, տեղւոյն ջոջերուն կը դիմէ, որոնք լաւ ընդունելութիւն կ'ընեն իր առաջարկներուն, նոյնիսկ կը յուսադրեն ուրիշ առթիւ դարձեալ լիուլի նպաստել:

Կը մնայ միմիայն նոյն օրւան առաջնորդ սրբազանին դիմել: Ժողով մը գումարելով Հայկ էֆ. Թափարանեանի կը վիճակի ներկայացնելու հոգը: Սա՝ ամեն կերպով անյաջողութեան կը մատնւի իր ձեռնարկներուն մէջ, նոյնիսկ չկրնալով ունկնդրութեան արժանանալ: Ու ճարահատած դարձեալ գործը կը յանձնւի Յակոբին:

Բառին ընդարձակ առումով, ճէնդըլմէնի մը վայել տարազով կը ներկայանայ առաջնորդարան ու լուր կը խրկէ Մելքիսեդեկ եպ.-ի թէ՝ Կիւլպէնկեաններու կրտսեր որդին՝ Սարգիս էֆ. եկած է ու ունկնդրութիւն կը խնդրէ:

Երբ կը լսէ սրբազանը այս հմայիչ անունը յանկարծակիի եկած վազելով կը դիմաւորէ ու ողջագուրելով համբոյրներու մէջ կ'ողողէ կարծեցեալ Կիւլպէնկեաններու շառաւիղը: Բազում հարցումներով բարեկամին ընտանիքին վրայ տեղեկութիւններ կըստանայ: (Ընթերցողը գոհ թողելու համար, սա ալ ըսեմ թէ՝ նախապէս ծանօթութիւն առած կ'ըլլայ Յակոբ Կիւլպէնկեաններու գերդաստանին մասին. իսկ առաջնորդը պզտիկ հասակէն տեսած ըլլալով բնաւ չկասկածեր ու իրօք Սարգիս էֆ. կը կարծէ):

Բաւական խօսակացութենէ վերջ, ալ կը վճռէ իր ունկնդրութեան նպատակին թելը ձեռք առնել:

Վերջապէս կը հասկցունէ իր յեղափոխական մը ըլլալը ու իր տեսութիւնները կը պարզէ:

Այն ատեն առաջնորդը իբր պզտիկ յանդիմանութիւն մը կ'ըսէ, թէ ինչո՞ւ այս կերպ Սարգիս անունով ներկայացար փոխանակ բուն քու անունովդ ներկայանելու, որուն համար կեղծարար մակդիրը կուտայ: Այն ատեն Յակոբ կը պատասխանէ.

«Որովհետեւ Ձեզ պէս բարձրաստիճան կղերականի մը ունկնդրութեան արժանանլու համար միջոցներ կը պակսին. քանի որ իբր պարզ մահկանացու թէնէզիւլ (զիջում) չէք ըներ եւ նոյնիսկ այդ առթիւ անպատեհութիւններ չեն պակսիր, քանի որ պր Փաթաբանեանի առթիւ օրինակը ցցուցիք, ատոր համար ստիպւեցայ այս ձեւ վարւիլ, հարկը օրէնքը կը լուծէ-ի վարդապետութեամբ»:

Վերջապէս պէտք եղածը հասկցնելէ վերջ, Փաթաբանեանի ունկնդրութեան չ'ընդունելուն համար 10 ոսկի տուգանք վճռւելով հրաժեշտ կառնէ, հետեւեալ չորեքշաբթի օրւան ժողովին դարձեալ «Սարգիս» անունով ներկայանալու որոշում տալէ վերջ:

Տխրահռչակ Մագսուտ Առաջնորդարանի մէջ

Պօլսոյ ընկերները ժամանակին լուր կուտան Յակոբին՝ թէ զինքը լրտեսելու համար Պօլսէն Մագսուտ անունով մատնիչ մը խրկւած է Իզմիր, որուն մանրամասն դիմագծութիւնը պատկերացուցած են նոյն գրութեամբ:

Առաջնորդին հետ ունեցած տեսութենէն վերջ, երբ ժողովին ներկայանալու օրը կը մօտենայ, պէտք եղած նախազգուշութիւնները կ'ընէ: Հետապնդումներու ժամանակ փախելու միջոցները ուսումնասիրելէ վերջ՝ որոշեալ օրը կերթայ առաջնորդարան ժողովին ներկայանալու: Գերբնական ճիգերով սանդուխներէն վեր կելլէ, որուն մթնոլորտէն թունաւորիչ ազդեցութիւն մը կը զգայ:

Վերջապէս բարապանի մը հետ լուր կը խրկէ, թէ «Սարգիս էֆ. եկած է, ժողովին պիտի ներկայանայ»:

Իսկ առաջնորդը պատասխան կը խրկէ թէ՝ «տակաւին քիչ մը կարեւոր գործեր ունի, հետեւապէս պէտք է սպասել»:

Այսպէս ժամ մը կըսպասէ սրահը, երբ երիտասարդ մը ու քահանայ մը կուգան սրահին մէջտեղ կը կենան ու իբր թէ կը խօսակցին: Երիտասարդը աչքէ կանցունէ Յակոբին, երբ սա՝ ուշքի կուգայ եւ կըզգայ թէ Մագսուտի դէմ յանդիման կեցած է, այն ատեն ժողովէն լսելի ձայնով կը պոռայ հետեւեալը:

«Սրբազա՛ն, այս խաղը խաղացիք այն տեսակ մարդու մը, որ անձնազոհ ըլլալ վճռած է: Եթէ ինծի պէս հազարաւորներ ալ մատնելու ըլլաք, դարձեալ մեր դատը դատ է. վստահ եղէք թէ՝ մէկդ ողջ չպիտի մնաք ու յեղափոխականի գնդակով պիտի մեռնիք»:

Աճապարանքով սանդուխներէն վար կ'իջնայ ու ինքզինքը փողոց կը գտնէ. երբ ետեւ կը դառնայ, կը տեսնէ որ Մագսուտ զինքը կը հետապնդէ, վերջապէս առջեւէն վրիպելու համար դարձդարձիկ փողոցներու մէջ կը մտնէ: Մինչ Մագսուտ ալ միեւնոյն դերին մէջ Ժանվալժանի ու Ժավերի դերը աւլեի գերազանցելով. իրիկւան մութէն օգտւելով հետքը կը կորսնցունէ եւ այդ օրը կ'ազատւի խաֆիէին ճիրաններէն: Ամէն օր պատահականութիւններով լի 15 օրեր կ'անցնի: Տասնեւվեցերորդ օրը ոստիկան մը կը ներկայանայ խանութը ու կ'ըսէ. «շուտ ե՛լ, հագւէ, ոստիկանատուն պիտի երթանք»: Յակոբ կը պատասխանէ. «խեր ըլլայ»: «Տակաւին լեզու ունի՞ս խօսելու, շուտ ըսի, շո՛ւտ», կ'ըսէ ոստիկանը: «Ո՞վ կը փնտռէք», կը հարցունէ ոստիկանին. «դուն Յակոբ Աբրահամեանը չե՞ս, դերձակ». «ոստիկան էֆ. հոդ է որ կը սխալիք. Յակոբ Աբրահամեանը սա փողոցէն կը դառնաք երկրորդ փողոցին անկիւնը կը գտնւի. 11 տարեկան աշակերտ մը ունենալով կ'ըսէ անոր. «շուտով սա էֆէնտիին տար Յակոբ Աբրահամեանի խանութը»: Մինչ տղան կը պատրաստւի առաջնորդելու, ոստիկանութիւնը ներողութիւն խնդրելով, առանց աշակերտը հետը առնելու, դուրս կ'ելլէ: Այն ատեն Յակոբ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, Իզմիրի միօրինակ փողոցները ձեռք կ'առնէ ու մինչեւ իրիկուն փողոցէ փողոց թափառելով, մթութեան մէջ կերթայ իր թաքստոցը:

Ոստիկանը, որ քիչ առաջ երազ կը տեսնէր «Պաշ Գօմիթէն» իր ձեռքով ձերբակալւած ըլլալուն՝ որով բարձր պաշտօնի մը պիտի հասնէր ու մեծ նւէր մը առնելու յոյսէն կ'օրօրւէր, երբ իր ձեռքէն որսը կը փախցունէ, զայրացած կը հետապնդէ, բայց ի զուր:

Այն ատեն կը ստիպւի ձայն տալ կառավարութեան ու հրամանագրով մը կուգայ Յակոբի գոյքերը գրաւելու: Միեւնոյն ատեն չմոռնար երկու աշակերտները բանտարկել տալ:

Հետապնդումները ամեն որ կը շարունակւին – ամբողջ տասնեւհինգ օր: Օձիքը ձեռք տալու վտանգին տակ՝ ճարահատած Իզմիրի մէջ ապրելու կարելիութենէն, կը վճռէ վերջնականապէս երթալ հաստատւիլ իր նպատակակէտը եղող Էրզրում քաղաքը:

Վերջին առթիւ ժամադրութիւն մը եւս կ'ընէ Էօտէմիշ գտնւող ազգայինի մը հետ ճամբորդելէ օր մը առաջ:

Ժամադրութեան օրը կիրակի էր: Այդ օրւան ձերբակալւելուն նախազգացումը ունենալով իր ընկերներուն կը յայտնէ իր զգացումները, որոնք խորհուրդ կուտան այս վտանգալից ժամադրութիւնը յետաձգել. բայց իբր պարտականութեան անթերի կատարող, ճշտապահ մարդ՝ ականջ չկախելով իր զգացումներուն, հրաժեշտ կ'առնէ իր ընկերներէն եւ կը դիմէ ուղղակի երկաթուղիի կայարանը Էօտէմիշի տոմսակ առնելու:

Գնացքի ժամանակ չ'ըլլալով, տոմսակ կտրող պաշտօնեային կը դիմէ հասկնալու համար թէ՝ ե՞րբ կառախումբը կը մեկնի.- պաշտօնեան կ'ըսէ թէ երկու ժամէն կրնայ գալ իր ճամբորդութիւնն ընելու համար: Հրաժեշտ առնելով, կը մեկնի երկու ժամ վերջ դարձեալ գալու նպատակաւ:

Երկու ժամ վերջ արդէն տեղաւորւած էր կառախումբին մէջ, երբ Էօտէմիշի կը մօտենայ կը նշմարէ խումբ մը ամերիկեան դպրոցի օրիորդներ, որոնց ընկերանալով վար կ'իջնայ ինքզինքնին օրիորդներուն ուսուցիչի ձեւ տալով, ոստիկաններու աչքէն վրիպելու մտօք: Այս դրութեամբ հազիւ թէ 10-15 քայլ կը յառաջանան, ահա օրիորդները վայրկենապէս կ'անհետանան իր շուրջէն տատրակներու պէս, թողելով զինքը 15 ոստիկաններու մէջ... ընկերակցութեամբ նենգամիտ, մատնիչ Մագսուտի*: (*Նոյն օր առաւօտեան Յակոբ Էօտէշիմի համար տոմսակ առնելու գացած ատեն՝ Մագսուտ լրտեսեր է մինչեւ կայարան, երբ Յակոբ ետ կը դառնայ, սա պաշտօնեային դիմելով կը տեղանայ, թէ երկու ժամ վերջ դարձեալ պիտի գա՞յ Էօտէմիշ երթալու համար. այն ատեն ոստիկաններու ընկերակցութեամբ կըսպասէ Յակոբի Էօտէմիշ կայարան դուրս ելլելուն:)

Վայրկենապէս շղթայի առնելով ոստիկանատուն կ'առաջնորդեն. կէս ժամ վերջ արդէն տարածւած էր Յակոբի բանտարկութեան լուրը, ամբողջ քաղաքը յուզումի մատնելով. այս առթիւ 200-է աւելի ձերբակալութիւններ տեղի կ'ունենան Իզմիրի մէջ:

Բանտի մուտքը ու չարչարանքները

Եըլդըզի Կարմիր Գազանին վարձակալները երկու տարիէ ի վեր հետապնդած «Պաշ Գօմիթէն» երբ կը բռնեն, կ'աշխատին շահեկան գաղտնիքներ կորզել, այն տեսակ գաղտնիքներ, որոնք իրենց համար կենսական կարեւորութիւն ունին. քանի որ Իզմիրի պէս մեծ նահանգի մը «ղեկը» յանձնւած էր: Կը խորհրդակցին, թէ ինչ տեսակ գազանային տանջանքներ կրնան տնօրինւիլ. տանջանքներ, որոնց նշանը արձանագրւած չ'ըլլայ մինչեւ այդ պահը բռնակալին տարեգրութեանց մէջ: Կուզեն ահաւոր գաղտնիքներ կորզելով ամբողջ Իզմիրի հայութիւնը պատասխանատու բռնել յեղափոխական կազմակերպութեանց մէջ մտած ըլլալու ամբաստանութեամբ:

Տանջանքներու առաջինն էր. օր մը մինչեւ իրիկուն արիւնելու աստիճան գանակոծելէ վերջ, ջուրի քանալի մը վրայ ձգւած կասկարային մերկ վիճակի մէջ պառկեցուցած են, այսպիսով թէ ջուրին ազդեցութենէն եւ թէ երկաթին պաղութենէն ջիղերը կարկամած են: Այս դրութեամբ 11 օր անօթի թողած, 11-րդ օրը հարցաքննութեան կանչած են եւ ոչ մէկու հետ հաղորդակցութիւն ունեցած է: Հարցաքննութեան մէջ երբ պատասխան չէ տւած՝ կրկին զնդանը առաջնորդած են, ուր իր աչքին առջեւ ներկայացուցած են եղունգները քաշելու գործիքներ, ակռայ քաշելու եւ նոյնիսկ ձեռքին ու կուրծքին վրայ կրակ վառած են. ամեն ստիպումնին անհետեւանք մնացած է: Վերջապէս ալ ճարահատած՝ Յակոբ գրիչ մելան մը կուզէ, իբր թէ գրաւոր պիտի յայտնէ իր խոստովանութիւնները ի մեծ գոհունակութիւն զինքը չարչարող դահիճներուն, որոնք պահ մը կը յուսադրւին ու շուտ կը բերւին պահանջած բաները: Կը սկսի հետեւեալը գրել.

Վսեմապատիւ Քեամիլ փաշա
                        Կուսակալ Իզմիրի

Յուսալի է, որ պիտի ներւի ինձ յուսահատ երկտող մը գրել Ձերդ բարձրապատւութեան՝ Ձեր աչքին  առջեւ պատկերացնել անլուր տանջանքները բանտի ու տեսակ տեսակ խոշտանգումները, զոր այս վայրկեանիս կը գործեն մարդիկներ մատնոյս վրայ, իբր թէ հոգի ունեցող արարած մը չ'ըլլայի: Այո՛, անոր համար աւելի կը ցաւիմ, երբ կը տեսնեմ, որ Ձեզ պէս ազատական հռչակւած կուսակալի մը հրամաններով կը գործեն այս խժդժութիւնները, որոնք միմիայն Ճինկիզ Խաններու, Լէնկթեմուրներու անուններուն կցւած կրնայ տեսնւիլ պատմութեանց էջերուն մէջ: Հիմայ կը պահանջեմ որ կամ հրաժարիք այդ համբաւեալ ազատական, լուսամիտ մակդիրներէդ եւ կամ վերջ տաք այս բռնութիւնները գործել տալէ իմ մարմնոյն վրայ, որ ալ դիմանալու ճարը չէ մնացած վրան: Իբր պարզ մահկանացու խորհուրդ կուտամ Ձեզի, փոխանակ այս չարչարանքներուն դիմելու, զիս մահւան դատապարտել տաք եւ կախաղան բարձրացնել, որուն պատրաստ կըզգամ ինքզինքս: Արդէն վճռած եմ մեռնել իմ յեղափոխականի կոչումովս, ուրեմն բնաւ յոյս մի ունենաք, թէ ինձմէն գաղտնիք պիտի կրնաք կորզել: Վերջին առթիւ կ'ըսեմ, որ ամօ՛թ, հազար ամօ՛թ կը սեպեմ Ձեր ազատականի անւան, երբ արատ կը քսէք անոր: Մահապարտ մը այս ձեւով չարչարելէ զգուշացէք:

Ամենախոնարհ ծառանիդ
Վարդ-Մանուշակ

Երբ նամակը Քեամիլ փաշայի կը տարւի, փաշան վայրկենական հրաման կուտայ չարչարանքները դադրեցնելու եւ դատավարութիւնը փութացնելու համար ամեն ջանք չի խնայէր:

Առաջին դատավարութիւնը

1902 մայիս 2-ին բանտարկւելով, նոյն ամսուն 17-ին դատավարոութիւնը տեղի կունենայ Իզմիրի դատարանին մէջ:

Նոյն օրը Իզմիրի ամբողջ հայ հասարակութիւնը անձկութեամբ ելքին ու վճռին կըսպասեն: Դատաւորը օրինական հարց-պատասխանի կըսկսի եւ ոչ մէկուն կը պատասխանէ Յակոբ: Երբ կը հարցունէ «դուն Յակոբ Աբրահամեանը չե՞ս», այն ատեն կը պատասխանէ անգլ. լեզւով. «Ես ամերիկեան քաղաքացի եմ, կը կոչւիմ Վարդ-Մանուշակ»: Ու հանելով բասբորդը կը ներկայացնէ դատաւորին. (ոստիկանատուն տարւած ատեն գաղտնի տեղ մը պահած ըլլալով, չեն կրցած գտնել խուզարկութեան ժամանակ), որով ամերիկեան քաղաքացի անւամբ կը պահանջեմ, որ հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ մը գտնւի հոս, հակառակ պարագային ինծի բնաւ չէք կրնար հարցաքննել»: Նոյն օրը կը լսւին իբր վկայ առաջնորդին կողմէ կաշառւած առաջնորդարանի քարտուղարը, միեւնոյն ատեն Գարաթաշի քահանայ Տէր Ոսկիին տղան Կարապետը, որոնք ամեն կարգի զրպարտութիւնով Յակոբի գործը ծանրացնելու չեն քաշւիր: Դատավարութիւնը 15 օր վերջը կը յետաձգւի:

Մագսուտ ու իր վախճանը

Դաշնակցութիւնը Մագսուտը ոչնչացնելու համար Ռուսիայէն անուն հանած ահաբեկիչ մը կուզէ: Պետրոս կեղծ անունով տղայ մը կը խրկեն: Մագսուտի դիմագծութեան վրայ ծանօթութիւն ստանալով՝ Պետրոս կը ձեռնարկէ գործի: Երկար հետապնդումներէ վերջ՝ օր մը շուկան կը հանդիպի ու կը հարցունէ. «պ. Մագսուտը դուք չէ՞ք, որ Յակոբ Աբրահամեանը մատնեց»: Հազիւ պատասխան տալու միջոց կուտայ ու ահա վեցհարւածեանը քաշելով դիտապաստ կը ձգէ հոն ու կըսկսի փախչել: Ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ տերրօրիստ Պետրոսը փողոցէ փողոց վազած ժամանակ, քանի մը անցորդ յոյներ որ առջեւը աթոռներ նետելով չկրնար յառաջանալ, այս կերպով ինքն ալ կը ձերբակալւի յետոյ. մինչ տակաւին Յակոբ դատի մէջ էր՝ ինքը կախաղան կը բարձրացւի, խոր սուգի մէջ ձգելով իր բանտակից ընկեր Յակոբը:

Պալէօզի տերրօրը

Յակոբի բանտարկութենէն վերջ, Դաշնակցութեան կողմէ դիմում կ'ըլլայ Մատթէոս Պալէօզեանի... Սա բիրտօրէն կ'ըսէ թէ «ես եմ Յակոբ Աբրահամեանը ձերբակալելու գործը դիւրացնողը, եթէ տակաւին պնդէք, ձեզի ալ կառավարութեան պիտի յանձնեմ»: Այս կերպով մէջտեղ կ'ելլէ Պալէօզեանի մատնութիւնը ընդ աջակցութեամբ առաջնորդին:

Յակոբի առաջին դատավարութեան մէջ Պալէօզ օղլուի ու առաջնորդին դրդումով՝ առաջնորդարանի քարտուղարին՝ Կարապետի սուտ վկայութիւնները տալէ վերջ, երբ յիշեալներուն կողմանէ առած կաշառքները բաժնելու համար քարեջրատուն մը կերթան, Յակոբի երկու ընկերները, որոնք ներկայ էին դատավարութեան ու լսած էին տրւած սուտ վկայութիւններն ու մատնութիւնները, կը հետապնդեն մինչեւ գարեջրատուն. Հազիւ թէ սեղանին գլուխ նստած՝ իրենց վկայութեան պտուղը պիտի վայելէին – երկու գնդակներ կը տապալեն զիրենք: Ահաբեկիչները առանց շւարումի կերթան ուղղակի Պալէօզեանի վաճառատունը ու հոն ալ գործը լմնցունելէ վերջ, ուղղակի նաւամատոյց կերթան Եւրոպա փախչելու մտօք: Կը դիմեն թիւրք նաւավարի մը, որուն կը խոստանան 20 ոսկի, եթէ սա իրիկուան մութին իտալական շոգենաւ մը, որ այդ վայրկեանին խարսխած էր ծովուն բացերը, հոն տանի, բայց նաւավարը բացէիբաց կը մերժէ սոյն առաջարկը, որ սակայն հրէայ նաւավար մը կ'ընդունի, խոստանալով իրիկուան ժամը 3-ին իր նաւովը իտալական շոգենաւը տանել այս ճամբորդները: Երկու ոսկի կանխավճար տալէ վերջ, ահաբեկիչները իրենց թագստոցը կը վերադառնան:

Այդ օրւան 3 սպանութիւնները ամբողջ քաղաքը յուզումի մատնած էին արդէն. կարեւոր ձերբակալութիւններ եղած էին: Ահաբեկիչները ժամադրութեան համեմատ նաւամատոյց կերթան որոշեալ ժամուն ու կը մտնեն նաւը. հազիւ թէ ծովուն բացերը կերթան՝ ընկերներէն մին կը նշմարէ, որ նաւապետը լուցկի մը կը վառէ սիկարը վառելու պատրւակաւ ու իր մտածմունքը ընկերոջ կը յայտնէ իսկ սա կը հարցնէ նաւավարին, թէ ինչո՞ւ վառեց լուցկին. երբ որոշ պատասխան մը չ'առնէր, այն ատեն կը քաշէ վեցհարւածեանը ու շանթահար կըսպանէ հոն. հոս է որ կըսկսի վերջին մաքառումը: Իտալական նաւուն լուսարձակները շողալով համակ ծովը ցորեկւան լոյսի պէս կը լուսաւորեն: Այն ատեն ծովամարտ մըն է, որ կըսկսի ոստիկաններու ու երկու ֆէդայիներու միջեւ, որոնք կը շրջապատւին ոստիկաններու յատկացւած նաւակներով: ՖԷդայիին վերջին գնդակը կը մնայ, կ'ուղղէ իր ճակտին ու նաւուն մէջ կ'իյնայ. իսկ միւս ընկերը գոնէ այդ գնդակին յոյսն ալ չունի, ինքզինքը կը թունաւորէ, սակայն թոյնն ալ իր ազդեցութիւնը չգործեր: Ոստիկանները երկուքն եւս բռնելով կը տանեն պահականոց: Երբ հարցաքննութեան կըսկսի գօմիսէրը, գնդակահարը մահամերձ կ'ըսէ թէ «ամեն պատասխանատւութիւն իրեն կը պատկանի, քանի որ ինչ սպանութիւն որ գործւած է այն օրը իր ձեռքով պատահած է, ու հոգին կ'աւանդէ:

Իր ընկերը դատապարտւելով՝ կեդրոնական բանտը կ'առաջնորդւի ու հոն Յակոբի բախտակից ընկերը կ'ըլլայ մինչեւ սահմանադրութեան թւականը: Իսկ Առաջնորդը տեսնելով յեղափոխականի գնդակին ազդեցութիւնը, զոր մէկիկ մէկիկ մատնիչներն ու իր արբանեակները փճացուց՝ ահ ու դողէն սոսկալի հիւանդութեան մը բռնւելով՝ իր վախճանն ալ փութացաւ: Այսպէս ահա տխրահռչակ խաֆիէները յեղափոխական ձեռքով կը ջնջւին, Յակոբ Աբրահամեանի գործն ալ աւելի կը դժւարանար...

Ամերիկեան հիւպատոսին ներկայութեան՝ երկրորդ դատավարութիւնը կըսկսի հրապարակաւ:

Այս անգամ կանոնաւոր կերպով դատաւորին բոլոր հարցումներին կը պատասխանէ ու կըսկսի յստակ կերպով բացատրել իր սրտին մէջ կուտակւած դառնութիւնները.

«Ո՜վ դատաւորներ, կ'ըսէ, դուք որ 30 միլիոն ժողովրդի ճակատագիրը ձեր ձեռքին մէջ ունիք, փոխանակ ժողովուրդ մը անլուր տանջանքներու, խոշտանգումներու ենթարկելու՝ ձեր խղճի ձայնին անսալով կառավարեցէք անոնց վստահութիւնը ձեր վրայ աւելցուցէք: Ձեր արդի բռնած միջոցներով երկիրը փճացնելէ աւելի բան մը չէք շահիր. ինձի պէս Յակոբ մը, Մարկոս մը սպաննելով, կախելով, խոշտանգելով չկարծէք թէ այս յեղափոխութիւնը, որ ծայր տւած է, պիտի կրնաք ոչնչացնել: Եթէ ես ու ընկերս մեռնինք, մեր տեղ ուրիշներ կը յաջորդեն, ուր հալածանք կայ, հոն ծաւալում կայ. այս բնական օրէնք մ'է, որոյ օրինակները աշխարհի մէջ հազւագիւտ չեն: Փոխանակ հալածելու, դժգոհութեան պատճառը մէջտեղէն վերառէք, երկիրը բարեկարգեցէք ու այն ատեն պիտի տեսնէք, թէ յեղափոխականը իր սուրը վար պիտի դնէ, սուրին տեղ գրիչը ձեռք պիտի առնէ ու երկիրը պիտի զարգանայ... Ո՜վ դատաւորներ, ես կառավարական ռէժիմին դէմ ըմբոստ մըն եմ եւ ոչ աւելի: Ձեր վճռին կըսպասեմ»...

Դատաւորները ապշանքով լսած են այդ ճառը: Նոյնիսկ Կարմիր Սուլթանը այդ դատավարութեան համբաւը լսելէն վերջ, կ'ըսեն, փափաք յայտնած է Յակոբին տեսնելու, բայց Իզմիրէն լուր տրւած է, թէ այդ կարգի անձնաւորութիւն մը առանց փախցնելու վտանգին ենթարկելու Պօլիս ղրկելը անկարելի է:

Դատաւորները կախաղանի վճիռը կուտան: Մինչ անդին թոյլ կերպով իսկ պաշտպանութիւն չկրնար գտնել ամերիկեան հիւպատոսին կողմէ: Թիւրք կառավարութիւնը ունեցած բասբօրդին կարեւորութիւն չտւաւ, առարկելով, թէ ամերիկեան հպատակ ըլլալէ առաջ թրքահպատակ է, քանի որ ծննդեան ու օսմ. հպատակութեան արձանագրութիւնները ջնջել տւած չէ կառավարութեան տօմարներուն մէջէն:

Բարեբախտաբար այդ օրերուն անգլ.իալական կառավարութիւնը կախաղանի դատապարտութիւնը արգիլել տւած էր Բ.արձրագոյն Դրան վրայ ճնշում բանեցնելով, որով Յակոբը ցմահ բերդարգելութեան դատապարտւեցաւ:

Բանտի կեանքը

Երբ ցմահ բերդարգելութեան վճիռը կը տրւի, բարձրագոյն ատեանի կողմէ ցնոր տնօրինութիւն Իզմիրի ամենէն «ապահով» կեդրոնական բանտը կ'առաջնորդւի, ուր կը մնայ եօթը տարի, մինչեւ որ Թիւրքիոյ մէջ սահմանադրութիւնը հռչակւելով ինքն ալ ազատ կ'արձակւի:

Թիւրքիոյ Պասթիլը տեղաւորւելէ վերջ, առաջին մտածումը կ'ըլլայ իր բանտակից մահապարտները սիրաշահիլ, այդ առթիւ իր լեզւի կարողութեանը կոչում ընելով, կը յաջողի անոնց համարումը շահիլ եւ բանտի մէջ իրարու միս ուտող հակառակորդ տարրերը հաշտեցնել: Հոն, ուր յարգանքը գոյութիւն չունէր, իրեն հանդէպ մասնաւոր պատկառանք մը ստեղծած էր:

Իրեն համար բանտարկւած քաղաքական յանցաւորներուն ամեն տեսակ հանգստութեան հոգը իր վրայ կ'առնէ. բանտին «պահապան հրեշտակը» ըլլալը կը սահմանւի:

Թէպէտ եւ իր նիւթական կարողութիւնը ոչինչ էր, հոն, ուր անօթի ու կարօտ մը կը տեսնէր, իսկոյն կը հասնէր ու իր ունեցած քիչէն անոնց ալ բաժին կը հանէր: Կ'օգնէր նոյնիսկ արիւնարբու աւազակներուն՝ որոնք աւելի եւս տաք վերաբերում մը կ'ունենային իրեն հանդէպ:

Բանտին տնօրէնը տեսնելով իր արտաքոյ կարգի բարի յատկութիւնները ու իր ունեցած արհեստին նրբութիւնները իմանալով, կուզէ օգտագործել զայն: Այդ առթիւ կառավարական պաշտօնեաներու զգեստ կարելու գործը իր վրայ առնելով, մեքենայ մը բերել կուտայ բանտը: Յակոբ իր բանտակից ընկերներէն աշակերտ ճարելով կըսկսի գործի. այսպիսով թէ զբաղում մը ունեցած կ'ըլլայ եւ թէ առիթ կունենայ իր ունեցած բարի տրամադրութիւններն ալ աւելի ազատօրէն ու լայն կերպով գործադրել, օգնելով թշւառներուն:

Հազիւ թէ տարի ու կէս այսպէս կը շարունակէ, չար բախտէն բանտին տնօրէնը կը փոխւի, տեղը կուգայ դաժան անձ մը, որ կուզէ իր նախորդին սկսած բարի գործը քայքայել, լուր կը խրկէ Յակոբի, թէ վերջ գտած են իր աշխատութիւնները:

Որովհետեւ յուսահատելը իրեն անծանօթ էր, այս անգամ ալ յուլունքով գործիքներ շինելու արհեստը սորվելու կը ձեռնարկէ. քիչ ժամանակէն կը սորվի եւ այս կերպով դերձակութեան պակասը կը լրացնէ:

Յամառ աշխատանքով այն տեսակ ձեռագործներ կ'արտադրէ, որ տեսնողին հիացում կը պատճառէ:

1908-ի յուլիսին, Սահմանադրութեան լուրը կ'ոգեւորէ Յակոբին, ազատութիւնը ալ աւելի առոյգութիւն կը պարգեւէ անոր:

Իզմիրի հայ հասարակութիւնը գիտցաւ գնահատել անձնազոհ գործիչը: Այն օրը՝ Իզմիրի ազգային տօներէն մէկն եղաւ: Իր ֆիզիքական քայքայումը դարմանելու համար՝ երկու շաբաթ Իզմիրի մօտ ջերմուկները մնալէ վերջ, վերադարձաւ իր հայրենիքը՝ Ատաբազար, ուր իր քաղաքացիներն ալ աւելի գեղեցիկ կերպով կրցան փառաւորել իրենց բազմամեայ տարագիր ազգակիցը: Քաղաք եկածին պէս դիմած է կազմակերպութեան գործին: Տեղւոյն մէջ աղքատիկ գործաւորուհիները պաշտպանելու համար կապիտալիստներու էնթրիկներուն դէմ՝ գործաւորական միութիւն մը կազմակերպած է, որ կը շարունակի ցայսօր:

Իր մահւանէն երկու օր առաջ, Էշմէյի դպրոցին խնամակալուհիներէն միոյն (մէկուն) Պօլիս Ազիզիէ օթէլի այցելութեան առթիւ, խօսեցաւ գեղեցիկ ճառ մը դպրոցի մասին: Տակաւին կ'արձագանքեն ականջիս մէջ այն հրահանգիչ խօսքերը, որոնք, աւա՜ղ վերջինը եղան... «Ամեն կարելին ըրէք՝ դուք զձեզ աղայական լուծէն հեռու պահելու համար. բնա՜ւ զոհողութիւն ընելէ մի քաշւիք, նեղ պարագաներուդ ինձի դիմեցէ՛ք»....

Յակոբ Աբրահամեան մեռաւ Սամաթիոյ իր մտերիմներէն միոյն տունը, ուր Զատկի առթիւ շնորհաւորութեան գացած էր, 1913 ապրիլ 17-ին:

Իր մտերիմներուն ներկայութեան՝ մարմինը ամփոփւեցաւ Պալըքլը, 1896-ի ջարդին նահատակներուն քովիկը, աւելցնելով անոնց վրայ բանտի ու խոշտանգումի զոհ հերոս մը եւս:

Վիկթոռ
«Դրօշակ» – Ապրիլ 1904
Թիւ 4 (239)

Ֆիլիպէի «Ռազմիկ» թերթի տարբեր յօդուածներու եւ թղթակցութիւններու, ինչպէս նաեւ «Դրօշակ»-ի մէջ հրատարակուած «Պետրոս» կեղծանունով, 1905-ին կախաղան բարձրացած ահաբեկիչ Խորէն Սարգիսեանի (Պետրոս Ազիզոֆ) կենսագրականին մէջ յիշուած է, թէ ան ահաբեկիչն է սոյն յօդուածին մէջ յիշուած «Պալէօզին»: «Ռազմիկի» թիւերէն յօդուածի մը մէջ կը հանդիպինք նաեւ «Եդուարդ» անունով յիշատակուած ահաբեկիչի, ով ըստ յօդուածի Պետրոսի ընկերն էր, ով անձնասպան եղաւ նաւուն մէջ:

«Դրօշակ»-ի 1902 թուականի Թիւ 7-ին մէջ «Մաքսուտ Ասլանեան»-ի ահաբեկման լուրին մէջ յիշուած է, որ տեռօրիստները ազատ են: Հետեւութիւն կ'ընենք, թէ այս յօդուածին «Մագսուտ ու իր վախճանը» բաժնին մէջ, Մագսուտի ահաբեկումէն անմիջապէս ետք «Պետրոս»ի ձերբակալման լուրը շփոթութիւն է, առանց ժխտելու հնարաւորութիւնը, առ այն, որ նոյն Պետրոս Ազիզոֆն է Մաքսուտի ահաբեկիչը: