20 April, 2023

«Ցեղին Սիրտը». Նեմեսիս

Քերթողն հսկայ մրրըկավարս, հրաչուի,
Նըւիրական արուեստանոցն իր մըտաւ,
Եւ փակեց լայն պողպատ դռներն հապշտապ,
Փակեց փեղկերն երկնքին դէմ, որոնց նեղ
Ճեղքերուն մէջ մընացին
Արեգակին մազերն ոսկի, սանտըրուած:
Լեռնակուտակ զանգուած մ'ընտիր մարմարի
Այդ շէնքին մէջ մըթընշաղ
Կ'սպասէր՝ ձեւն հագնելու հին դիւցազնի.
Եւ կամ գուցէ կը յուսար
Որ աստղերէն իջնելով՝
Պիտի Աստուած մը գայ իր մէջ բընակիլ:
Զանգուածը այդ ապառաժ մ'էր բարբարոս՝
Որուն մէջ դեռ կը մընայ
Կիսաւոեր բոյն մը արծուի.
Եւ խորն իր մէկ խոռոչին
Օձ մ'էր ծուարած, ու կը նընջէր հանդարտիկ:
Քերթողն ինքզինք պահ մ'անհունին մէջ հոգւոյն
Ըզգաց Աստուած.– Սոթտեց թեւերը ջղուտ.
Ոսկեղղէն մուրճը ափին մէջ, տըժգոյն, վեհ,
Մարմարին դէմ գլխեբաց,
Հըսկայի պէս կանգնեցաւ...
Նշմարեցին աչքերը ձեռք մ'այն ատեն
Մութին ծոցէն՝ կարկառուն՝
Որ վիթխարի բըռնած սափոր մը՝ պարպեց
Խորն իր հոգւոյն լայնալիճ
Տիեզերքին ըստեղծահիւթն հողաբոյր:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Արուեստնոցին բիւզանդական գըմբեթէն
Յոյսի ձէով լի սուրբի գանկ մը կախուած
Կ'ըլլար ջահն իր լուսատու:
Ան կը տեսնէր մարմարին շուրջը ձեւուած
Հըզօր երազն՝ որ միս կ'առնուր եւ ծալքեր:
Մըտածումներ այդ քարին կոյս ծոցին մէջ՝
Իր արմատներն յուշիկ յուշիկ կը խրէր
Ծառի մը պէս ձիթենի:

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց...
Ամէն մէկ բուռն հարուածին տակ յաղփ մուրճին՝
Ինչպէս թէ ռումբ մը պայթող՝
Ուղխ մը կայծեր, քարերու հետ խուռնախիտ,
Կ'անձրեւէին պատերն ի վար խաւարչուտ
Պըսակի պէս քայքայուող:
Դուրսն ողկոյզներն յասմիկին
Կը թափէին մուրճին մէն մի թնդիւնէն
Փեղկերն ի վար իրենց կապոյտ ծաղիկներ:

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց...
Մինչեւ որ բիրտ վայրենութիւնը քարին
Նըւաճուեցաւ, եւ ահա գլուխ մը կնոջ
Մարմին մէջ թարմօրէն
Ծաղկեցաւ բարձըր շուշանի մ'հանգունակ:
Չըքնաղ էր այն, միանգամայն էր ահեղ.
Հելլենական արձաններու կուրութեամբ
Կը յառէին խորունկ աչերն՝ որոնց մէջ
Կարծես հոգին, անդունդն ի վեր մագլցող
Կարիճի պէս կամաց կամաց կ'երեւնար: 

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց...
Բանաստեղծն իր բազուկին տակ կենսադրոշմ
Կը փորագրէր կարծես քերթուած մ'ահաւոր.
Խոր ծալքերուն մէջ կեանք առնող մարմարին
Մէն մի հարուած դաշնակութիւն մ'էր քնարի,
Յանգ մ'էր տուն մ'էր, եւ կամ էր շեշտ մ'օդասլաց:
Մէն մի հարուած ռըմբագոռ
Ըմբոստ երգ մ'էր ոսկի մուրճով երգուած՝
Որուն Աստուած երկնքին մէջ կ'ունկնդրէր: 

Դանիէլ Վարուժան
«Ազատամարտ», Կ. Պոլիս
Կիրակի, 17/30 Յունւար 1910
Բ. Տարի, Թիւ 186