1921 թուականին, Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան նախօրեակին (Փետր. 16)՝ Երեւանի բանտին մէջ Չեկայի ձեռքով կացինահար սպաննուեցան յիւսունէ աւելի կալանաւորներ, որոնց կարգին նաե՛ւ յանդուգն ու խիզախ մարտիկ, հայ կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատար եւ, մինչեւ իր դաւադրաբար ձերբակալումը, Նոր Պայազիտի հայ հանրապետական զօրամասերու պետ՝ Համազասպ Սրուանձտեան, Խաչէնի կռիւներուն մէջ իր խոյանքներով յայտնի «Ասկերանի հերոս»ը, որ աշուղական ծանօթ երգին մէջ կը յիշատակուի յարգանքով ու հիացումով.
Ծնած էր Վան, 1873ին: Պատանի տարիքէն իսկ մաս կազմած է Դաշնակցութեան շարքերուն: Արհեստով ոսկերիչ, մտաւոր պատրաստութիւն եւ յեղափոխական դաստիարակութիւն կը ստանայ կուսակցութեան շարքերուն մէջ:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու շրջանին (1905-1906) կ'անցնի Կովկաս եւ իբրեւ խմբապետի հռչակ կ'ապահովէ Ղարաբաղի, ապա մանաւանդ Խաչէնի եւ Ասկերանի կռիւներուն մէջ:
Ցարական համատարած հալածանքի օրերուն, հետապնդումի ենթակայ, կ'անցնի Պոլիս՝ ուր գործօն դերակատարութիւն կը ստանձնէ շրջանի Դաշնակցական կազմին մէջ: Հաղորդական, ջերմաշունչ եւ անկեղծ՝ համակրանքի առարկայ կը դառնայ շուտով: Շարքերում էջ ստացած իր դաստիարակութեան շնորհիւ, գաղափարական-քարոզչական աշխատանքներու մէջ եւս կ'ունենայ վարկ եւ հեղինակութիւն:
1914ին, Պոլսոյ շրջանին պատգամաւոր կ'ընտրուի եւ կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան ութերորդ Ընդհ. Ժողովին (Կարին): Մաս կը կազմէր Թուրքերու հետ որեւէ ձեւի գործակցութեան դէմ եւ բուռն հակառակորդ ղեկավարութեան: Համաշխարհային Ա. Պատերազմի յայտարարութեան վաղորդայնին կը մեկնի Կովկաս, փարելու համար կամաւորական խումբերու կազմութեան գործին՝ որուն ջատագով եղած էր նախ քան Ազգ. Բիւրոյի կողմէ գործնական որեւէ քայլ այդ ուղղութամբ: Իրեն կը յանձնուի Երրորդ Գունդի հրամանատարութիւնը, զոր կ'արժեցնէ պատուով ու լրիւ: Գործօն դեր ունեցած է նաեւ Արարատեան ջոկատի մէջ: Քեռիի, Դրոյի եւ Խեչոյի հետ մաս կը կազմէր Վանը ազատող հերոսներու շարքին:
Եղած է յաջորդաբար Թիֆլիզ, Հիւսիս. Կովկաս, ապա նաեւ Պաքու, որուն անկումէն ետք՝ նախ Պարսկաստան, յետոյ Երեւան (Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք), հետագային մասնակցելու համար բոլշեւիկներու Մայիսեան շարժումի զսպողական գործողութեանց եւ թաթար տարրերու սանձահարման:
1920ի վերջին օրերուն նոր Պայազիտի զօրամասերուն պետն էր: Խորհրդայնացումի համաձայնութենէն ետք, զինուորական կոմիսար Աւիս Նուրիճանեանի «ազնիւ խօսք»ին վստահելով՝ կու գայ Երեւան, պաշտօն ստանձնելու համար բանակին մէջ: Աւիս կեղծ սիրալիրութեամբ կ'ընդունի զինք, սակայն հազիւ... բարի ճանապարհ մաղթած իրեն՝ կը հրամայէ ձերբակալել ու նետել բանտ:
Երկու ամիս ետք, ապստամբութեան նախօրեակին, գազանային խուժդուժութեամբ եւ կացինահար պիտի սպաննուէր, բոլշեւիկ ոճրագործենրու ձեռքով...