17 February, 2024

Յովնան Դաւթեան

Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան պատերուն մէջ, իր վերջին ցաւատանջ շունչը տուող Յովնան Դաւթեանը սակաւաթիւ ներկայացուցիչներէն մէկն էր մեր այն երիտասարդ սերունդին, որոնք 1890 թուականին միասին գալով սկիզբը դրին հայ ժողովրդի Ազատամարտին, կամ աւելի ճիշդը, իրենց նախորդ սերունդներու յղացած մտքերը եւ երազած ծրագիրները գործադրութեան դրին կազմակերպելով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը:

Դաւթեանը ինքը ղարաբաղցի էր, ծնած 1868ին, Շուշի քաղաքի մէջ: Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր, իր ընտանիքը վաճառականութեամբ կը զբաղուէր Ղարաբաղի եւ Պարսկաստանի մէջ: Իւր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Շուշուայ հայոց թեմական դպրոցին մէջ: Երիտասարդ հասակին մէջ անցաւ Պարսկաստան ոչ թէ իւր պապերէն մնացած առեւտուրի գործը շարունակելու, այլ իբրեւ հայ ուսուցիչ, Թաւրիզի եւ Սալմաստի անշուք հայ դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարելու: Իւր այդ պաշտօնովը, ան 1890-93 թուականները մնաց Պարսկաստան՝ իբրեւ մէկ անդամը այն առաջին Դաշնակցական գաութին՝ որը հաստատուեց Ատրպատականի մէջ, այնտեղէն դէպի Վան գործիչներ եւ զէնք մտցնելու համար: Ընտրուած երիտասարդներ էին բոլորն ալ,- ուսուցիչ, բժիշկ, արհեստաւոր-զինագործ, հայդուկ, վարդապետ, որոնց բոլորին իրար միացնող կապը այն մեծ գաղափարն էր, որի իրագործման համար շատերը իրենց երիտասարդ կեանքը զոհաբերեցին արդէն: Կարօ Արիստակէս Զօրեանը, Մեծ Նիկոլը (Դուման), Թավաքալեան վարդապետը, Սեւքարեցի Սագօն եւ Ալօյեան Գալուստը – ասոնք բոլորը այն գաղութին անդամներն էին, որոնք շատոնց արդէն հեռացան այս աշխարհէն, զոհաբերելով իրենց կեանքը հայ ժողովրդի փրկութեան համար:

Այսօր, 1918-ին, Յովնանին վիճակուեց երթալ իւր ընկերներուն մօտ եւ պատմել անոնց մեր ժողովրդի վերջին դժբաղդութեանց մասին: Եթէ իսկապէս մարդոց հոգիները մահէն յետոյ էլ գիտակցութիւն ունին, ես կ'երեւակայեմ այն զայրոյթը, որ մեր աննման հերոսները՝ Կարօն, Նիկոլն ու Սագօն պիտի զգան, որ անկարող են այլեւս հրացանը ձեռին վազելու դէպի դաշտ, կոտորուող հայ ժողովուրդին օգնելու համար:

Յովնանը թէեւ ղարաբաղցի ծագումով, բայց իր խառնուածքով նման չէր իւր հայրենիքէն դուրս եկած մեր զինուորական ուժերուն, ինչպէս էին Նիկոլը, Վարդանը կամ Իշխանը. ան աւելի հեզահամբոյր եւ մեղմ բնաւորութեան տէր էր:

Մինչեւ 93 թուականը, Պարսկաստանի մէջ ուսուցչութիւն ընելէն յետոյ, անցաւ Շուէյցարիա՝ սովորելու հասարակական գիտութիւններ: Ժընեւի մէջ մնաց մինչեւ 97 թուականը, ուր թէ համալսարանը կը յաճախէր եւ թէ կ'աշխատակցէր «Դրօշակ»ի խմբագրութեանը:

1897-ին, Դաւթեանը անցաւ Կ. Պոլիս, եւ մասնակցեցաւ տեղական Կեդրոնական Կոմիտէի այն ձեռնարկի կազմակերպութեանը, որու նպատակն էր Օսմանեան Պանքը օդ հանել դինամիթով՝ ի պատասխան այն խոստմնադրուժութեանը, որ եւրոպական դիւանագէտները ըրին 96ին, երբ մեր ընկերները Պանքան գրաւած՝ կը պահանջէին հայկական բարենորոգութեանց գործադրութեանը համար երաշխիքներ: Այդ փորձը անյաջող անցաւ եւ Դաւթեանը ու Վարդգէսը քանի մը ընկերներով ստիպուած եղան Պոլսէն հեռանալ:

Ժընեւ վերադառնալով՝ Դաւթեանը ամուսնացաւ ժընեւացի գաղափարական եւ համակրելի օրիորդ Հորթանս Բէրշիէին հետ, որը Դաւթեանին սիրելով, սիրահարուել էր նաեւ մեր խեղճուկ հայ ժողովուրդին, եւ դեռ Ժընեւ եղած միջոցին, սկսել էր հայերէն սովորիլ՝ աշխատակցելու համար իր ամուսնոյն՝ հայ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ:

1898ին, Յովնանն ու Հորթանսը թողուցին Ժընեւը եւ գացին միասին հայ մանուկներու դաստիարակութեամբ զբաղուելու Պարսկաստանի մէջ: Մինչեւ 1904ը Թաւրիզի հայոց դպրոցներուն մէջ երկուսն էլ իրենց բոլոր ուժը գործադրեցին մեր նոր սերունդին օգտակար լիենլու, ի վերջոյ տիկին Հորթանսի առողջութիւնը բոլորովին քայքայուեց, թոքախտ ստանալով վերադարձաւ իր հայրենիքը: Շուէյցարիայի բուժարաններուն մէջ մէկ տարի մնալէն յետոյ, երբ տակաւին բաւական ուժ կը զգար իր մէջ, 1905ին, Դաւթեանները գացին Կովկաս՝ այնտեղ շարունակելու իրենց օգտակար գործունէութիւնը, Թիֆլիսի հայ դպրոցներուն մէջ: Մինչեւ 1908 թուականը, մնացին Թիֆլիս, բայց Դաշնակցականներու դէմ սկսուած հալածանքին հետեւանքով, նորէն անցան Թաւրիզ, ուր երկուսը միասին կառավարեցին շատ յաջող կերպով Թաւրիզի հայ դպրոցները՝ մինչեւ 1914 թուականը:

Եւրոպական պատերազմէն երկու տարի առաջ՝ Յովնանն ու Հորթանսը, երկուսն ալ, բոլորովին քայքայուած առողջութիւննին կազդուրելու համար, նորէն վերադարձան Ժընեւ, ուր յոյս ունէին մէկ տարի մնալէ յետոյ, նորէն վերադառնալ դէպի իրենց սիրած գործը: Բայց երկուսն էլ իրենց աչքերը փակեցին Հայաստանէն շատ հեռու, Ժընեւի խոնաւ երկնքին տակ, մեր կեանքի ամենատխուր եւ մռայլ օրերուն:

Ցտեսութիւն, սիրելի Յովնան, մենք էլ ենք շուտով գալու ձեր ետեւէն: Քեզ վիճակուեց ամենավատ լուրերը տանիլ մեր այն ընկերներուն՝ որոնք իրենց աչքերը բաց մտան գերեզման: Գնա՛ պատմէ մեր Սիմոնին ու Քրիստափորին, Սագոյին ու Նիկոլին, Եփրեմին ու Քեռուն – որ մէկը յիշեմ, պատմէ՛ բոլորին այն ինչ որ տեսար ու լսեցիր այս երեք տարուայ մէջ, ասա՛ նոյնպէս որ մեզ մնացողներուս մխիթարողն ու սիրտ տուողը միայն այն հւաատքն է՝ որ ձեզ բոլորիդ երազած լաւ լուրն ենք բերելու մեզ հետ միասին:

Ա. Գ.
«Հայրենիք», Պոսթոն
Շաբաթ, 2 Մարտ 1918
19րդ Տարի, Թիւ 1778