29 January, 2020

Արամի Մասին. (Սարգիս Յովհաննիսեան) 1879-1919


Մեր ազգային-քաղաքական ներկայ օրերուն, երբ ժամերն անգամ յղի են նորանոր իրադարձութիւններով, եւ հայ քաղաքական կեանքը կը դիմէ հանգրւանէ հանգրւան, երբ հայրենասէր հոգիները կը կերտեն նոր յոյսի փարոսներ, դժւար է գծել մեծ հայրենասէրի, սրբազնացած յեղափոխականի եւ պետական մարդու՝ Արամի բովանդակ պատկերն ու կեանքը: Տարիներ յետոյ, երբ մեր ալեծուփ կեանքը կը բռնէ խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքի ճամբան, անաչառ պատմագիրը խորին պատկառանքով պիտի մօտենայ՝ բնորոշելու համար Արամի մեծ դերը, մեր վերջին փոթորկալից տարիներու պատմութեան մէջ, դրսեւորելու անոր անսպառ կորովը, բեղմնաւոր գործունէութիւնը՝ Ղարաբաղէն մինչեւ Վան, Երեւանէն՝ Վարագ, Պոլիս-Օրդու-Ժընեւ, երբ մօտ քառորդ դար անսասան կանգնած մնաց պայքարի առաջին շարքերում՝ լի խորունկ հաւատով, ճիգերով եւ անձնւիրութեամբ:

Մեր արիւնոտ պատմութիւնը անօրինակ դիւցազնամարտերու շարան մըն է, բայց բոլոր հպարտ բախումներու մէջ, հրաշալի դրւագ մը կը կազմէ Արարատեան Ազատամարտը, որուն ոգին եւ ներշնչողը եղաւ Արամ:

Ո՞վ էր Արամը – Դաշնակցութեան, ուրեմն, եւ հայութեան այդ պարծանքը:

Հայ ազատագրական շարժման մէջ Դաշնակցութիւնը եղաւ մեր ժողովրդի անօրինակ ազատասիրութեան եւ հերոսական գաղափարականութեան, վսեմ տենչերու ամենափայլուն արտայայտութիւնը, իսկ անոր գաղափարին փարած յեղափոխականը՝ մտաւորականի եւ մարտիկի հիասքանչ համադրութիւնը: Եւ Արամը մէկն էր այդ ամբողջական յեղափոխական դէմքերէն:

Հայ ժողովուրդը կը ճանչնայ զայն որպէս Վասպուրականի ազատամարտի հերոս՝ Արամ փաշա, մեր պետական կեանքի մէջ ան պատմութեան էջն է անցած Արամ Մանուկեան անունով, բայց անոր իսկական անունը Սարգիս Յովհաննիսեան էր՝ զաւակը ազատասէր եւ հպարտ Սիւնիքի, ծնւած 1879-ին Զէյվա գիւղը, համեստ աշխատաւոր ծնողներէ:

Արամի հայրը յայտնի զինագործ էր, եղբայրները արհեստաւոր, եւ Արամը՝ բոլորի գուրգուրանքին ենթակայ: Հարազատներու միակ իղձն էր «ուսումնական» դարձնել իրենց սիրասուն Սաքօն, սակայն, տնտեսական միջոցները թոյլ չէին տար: Օր մը հայրը կը տանէ ծխական երկսեռ դպրոցի տեսչին եւ կը խնդրէ. «Վարժապե՛տ, տըղաս պէրալըմ վէր լո՛ւս հըվաքի, չորս ղօլը մըթէն ա, թող մը՛զ նըման քէօռ չմընայ»: Եւ Արամը կը սկսի յաճախել դպրոցը: Ապա «ուսումնական» դարձնելու նպատակով աւագ եղբայրը կը տանէ Արցախի գիտութեան տաճարը՝ Թեմական դպրոցը եւ 1890 թւականին Սարգիսը թեմականի աշակերտ էր:

Տարիներ յետոյ, Շուշւայ թեմականն ընկաւ անմխիթար վիճակի մէջ. 1900-ին տխրահռչակ Բենիկ վարդապետը, Խրիմեան Հայրիկի կողմէ «Դժոխք» կոչեցեալ այդ սեւագլուխ սեւահոգին, իր պարբերական մատնութիւններով կառավարութեան ձեռքը կը յանձնէ 15 աշակերտներ – ամենքն ալ բարձր դասարաններու ծաղիկներ – եւ կաքսորէ Ղարաբաղէն դուրս, որպէս յեղափոխականներ, խառնակիչներ: Ասոնց մէջ էր եւ Արամը – վեցերորդ դասարանի ամենայառաջադէմ աշակերտը: Բոլորն ալ կանցնին Երեւանի թեմականը եւ Խրիմեանի յատուկ տնօրինութեամբ, եւ ամենափայլուն կերպով կաւարտեն դպրոցը: Թեմականաւարտ այդ սերունդը, արդէն 1883-էն սկսած որդեգրւած Հ.Յ. Դաշնակցութեան, մարզւած կուսակցական-կազմակերպական կեանքի մէջ, Ղարաբաղի եւ Երեւանի նոր սերունդի ղեկավարը դարձաւ, եւ 1900-էն անոնք նետւեցան կենդանի գործի ասպարէզ:

Հ. Յ. Դ. Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէ (1906)
Կողբեցի Տիգրան, Վանայ Իշխան, Համազասպ Բաղէշցեան (Սալման)Արամ ՄանուկեանՎանայ ՍարգիսՄալխաս (Մալխասը ԿԿ-ի անդամ չէր)
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամին

«Ընկերնե՛ր, դուք երջանիկ էք, որ միջնակարգ դպրոցէն յետոյ հնարաւորութիւն ունեցաք համալսարան մտնելու: Ես, սակայն, իմ ընկերների հետ միասին զուրկ էի այդ հնարաւորութիւնից: Մենք թեմականը աւարտելուց յետոյ մեր հայեացքը ուղղեցինք դէպի Հայաստան, ուր ճիշդ է, «յաւելեալ արժէք» չկար, բայց կար «յաւելեալ արիւն»: Անմիջապէս անցանք Երկիր, ուր եւ մէկը միւսի յետեւից ընկան մեր լաւագոյն ընկերները...» Այսպէս կը խօսէր Արամը 1912ին, Ժընեւի մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ուսանողական համագումարի պատգամաւորներուն հետ, իր ընկերական ընտանիքի մասին:

Նպատակս այդ հերոսական սերունդի պատմութիւնը գրելը չէ – անոնց մէջ էին Մենակը, Թումանը, Իսաջանը, Իշխանը եւ ուրիշ անմահներ: Սակայն, պէտք է ըսեմ, որ անոնք ամենքը շուրջ երկու տարի Բագու, Շուշի, Երեւան, Ալեքսանդրապոլ եւ Կարսի շրջաններու մէջ յեղափոխութեան ոգին ամրապնդելով՝ անցան Երկիր՝ գալիք արեւածագը դարբնելու...

Արամին բաժին ընկաւ Վասպուրականը, ուր իր հզօր կամքով, անօրինակ նւիրումով արհամարհեց բռնապետական եաթաղանը եւ հայ կեանքին յեաղափոխական կորով ու շունչ ներշնչեց: Անոր եւ իր ընկերներուն պարտական ենք Վասպուրականի հերոսամարտը...

Դաժան խորշակը զարկաւ, եւ Արամը Վասպուրականի հայութեան հետ անցաւ Կովկաս. եւ հոս ալ դարձաւ կեդրոնական դէմքը Հայաստանի գործիչներու մէջ:

1918-ի գարնան մահու եւ կենաց օրերն էին: Հայկական միջնաշխարհի յուսացող աչքերը Արամին էին ուղղւած: Ժողովուրդն, առանց բացառութեան, Արամէն կը սպասէր փրկութեան ուղին: Եւ Արամ կրցաւ հերոսական վճռականութեամբ, անսասան կամքով, դաշնակցականի բովանդակ նւիրումով մարմնաւորել իր պաշտած ժողովուրդին յոյսը:

Ոտքի ձախէն՝ Արմուշ (Ասորի), Դաւիթ, Ազատ, Մօսո (Խլաթցի), Ղուկաս (Վանեցի), Նշան Աճէմեան (Շուշանցի), Ռուբէն (Կարնեցի), Գարեգին Միրզոյեան (Վանեցի)
Նստած ձախէն՝ Խաչիկ (Վանեցի), Փանոս Ժամհարեան, Յարութիւն Միրաքեան (Մշեցի), Արամ Մանուկեան (Շուշեցի), Մալխաս (Տրապիզոնցի), Աւետիս (Իսֆահանցի), Ջոջ Աղա (Վանեցի), Գրիգոր Շարամբէկեան (Վանեցի)
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Եւ Արամը, գործօն յեղափոխականի այդ անզուգական տիպարը, Քրիստափոր-Զաւարեան-Ռոստոմի կենսատու պատգամներու մշտավառ հնոցը, այդ ճակատագրական օրերին հնչեցուց իր ձայնը՝ «Բոլոր բազուկները՝ դէպի աշխատանք... բոլոր կամքերը՝ հայրենիքի համար... Բոլոր անձնւէրները՝ պայքարի դաշտ...»:

Արամի բերնով մեծ յոյսի ոգին էր, որ փրկարար ուղին կը ցուցնէր: Ժողովուրդը ոտքի ելաւ առիւծի ամեհի մռնչիւնով մը, եւ յաղթական եւ փառապանծ Սարդարապատներն ու Բաշ Ապարանները կերտեց...

Եւ թափւած արիւնի մէջէն ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որու առաջին ճիչը ողջունողը եղաւ Արամը:

Թադէ
«Դրօշակ» Յունուար-Փետրուար 1929
Թիւ 1-2 (284-285)