Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Գըզըլ-Աղաճ գիւղի պետ եւ նշանաւոր վաշխառու Ճէզայիր աղան, իր երկու ծառաներուն հետ, երբ կը շրջագայէր, իր սրատես աչքերէն չի վրիպեցան երկու հայ, որոնք հեռուէն իրենց կը մօտենային: Անոնցմէ մին միջահասակ, թիկնեղ, խոշոր ու կլոր երեսով, սեւ եւ անոյշ աչքերով, լայն ճակատով մարդ մըն էր: Աղան, հետաքրքրութենէ մղուած, անմիջապէս մօտեցաւ անոնց եւ հարցուց առինքնող հայուն:
Սակայն Ճէզայիր աղա կանչել տուաւ գիւղին ջոջ հայերը եւ, երկար վիճաբանութիւններէ յետոյ, առաջարկեց անոնց:
Եւ օտարական հայը՝ երեք քիւրտի յանձնուելով Մուշ ուղարկուեցաւ:
Այդ անծանօթը՝ Սեւ-Քարեցի Սագօն էր:
* * *
Դատաւորը, իւղոտ որս մը գտած ըլլալէն երջանիկ, մանրակրկիտ հարցումներ կընէ Սագօին:
–Անշո՛ւշտ, կարելի՞ է որ չըլլայի, ես որ ամէն օր կը տեսնէի կառավարութեան գործած խժդժութիւնները: Անոնց դէմ բողոքելու համար՝ մասնակցեցայ Խանասորի արշաւանքին եւ վարեցի ձիաւոր խումբը:
Այս յանդուգն պատասխանին վրայ, անմիջապէս բանտ կը դրուի Սագօ: Շաբթուան մը մէջ, իր անոյշ ու մեղմ բնաւորութեամբ՝ գրաւած է արդէն բոլոր բանտարկեալ Ճէպրանցի քիւրտերու սիրտը: Իր հմայիչ լեզուն եւ հոգեկան կորովը մանաւանդ հիացում կազդէ անոնց: Եղբայրական յարաբերութիւն մը կը հաստատեն անոր հետ եւ, առանց անոր, հաւկիթ մը անգամ չեն ուտեր:
Հարցաքքնութեանց վերջանալէն ետքը, օր մը, Թօմրուխ Աղասին եւ ուրիշներ կը մօտենան Սագօի եւ կուզեն ոտքերը շղթայել: Պահ մը խորհելէ յետոյ, Սագօ կըմբոստանայ:
Ու Թօմրուխ Աղասին կ ըյանդգնի մօտենալ Սագօին: Կրակ կտրած՝ այս վերջինը իր երկաթէ ձեռքով ապտակ մը կը զարնէ մարդուն՝ որ հինգ տարեկան երեխայի մը պէս գետին կը փռուի:
Ոսիկանները կը փութան օգնութեան: Սագօ, ձեռքին կռնակով, շաչիւն ապտակներ հրամցնելով՝ պատին կը փակցնէ զանոնք:
Բանտին ծակերէն, քիւրդ բանտարկեալները՝ Սագօ քաջութիւնը տեսնելով՝ կը պօռային խանդավառ.
–Կեցցե՛ս, Սագօ, կեցցե՛ս: Մի՛ շղթայէք քաջին ոտքերը, իրաւունք չունիք:
Վրայ կը հասնի զօլ-աղասի Հիւսէին աղան:
Ու զօլ-աղասիի խոստման վրայ Սագօն հաւանեցաւ որ շղթայեն իր ոտքերը...
Բանտարեկալները, հայ թէ քիւրտ, որ ականատես եւ ականջալուր եղած էին անցած դարձածին, Սագօի ներս մտնելու տաեն, միահամուռ սկսան աղաղակել.
–Կեցցէ՛, կեցցէ՛ Սագօն:
Եւ կուզէին իրենց ձեռքերուն վրայ պտտցնել հերոսը...