15 հոկտեմբեր 1900
Բայց ի՞նչ ռգուտ՝ երբ դաւաճանութեան հրաւէրը բարձրէն կուգայ: Խոզ-Օրմանեան, Պօլսի աղբերը բաւական չհամարելով, իր կնճիթը կերկնցնէ մինչև հոս: Աղբիւրը համար այնչափ ջանք և ճիգ թափելէ վերջ, երբ հազիւ քիչ մը շունչ առած էր անոր մահւամբ, ահա նոր Աղբիւրներու վերերևումը կրկին սկսած է վրդովել իր խաղաղ քունը և դեռ ամառւանէ հրահանգներ ղրկած է Բաղէշի առաչնորդին, որպէս զի ամէն քաղաք և գիւղ հովւական թղթերով յորդորեն ժողովրդեան՝ չպաշտպանել և չօգնել յեղափոխականներու և ի հարկին կառավարութեան ձեռքը մատնել: Հարկ չկա աւելացնել, որ առաջնորդը սկսած է կատարելի յուդա-Օրմանեանի հրահանգներն:
Յուլիս 21-ին մեր զինւորներէն Ճարտար և Սաքօ՝ Խլաթի Թուխ գիւղը՝ տան մը մէջ կը պաշարւին Շանկօ և Հռլաշ աշիրէթներէն: Ճարտար և Սաքօ, մին տան ետևէն, միւսէ դուռնէն, անվեհեր դուրս կը ցատկեն հրացան ի ձեռին և բաւական հրացենաձգութենէ վերջ՝ լեռ կը բարձրանան անվնաս: Քիւրդեր, փոխանակ անոնց ետևէն իյնալու, իրենց սովորութեան համեմատ, խեղճ գիւղացիներու վրայ կը թափեն իրենց բարկութւինը. Խոշրուտ անունով գիւղացի մը իր 15-16 տարեկան Նատրօ անունով զաւկին հետ կը սպաննեն և մէկ քանիներ ալ կը վիրաւորեն: Կառավարութիւնը վարձատրութեան համար անոնցմէ մէկ քանիներուն հրացաններ կը բաշխէ:
28 նոյեմբեր
Բաղէշի Խլաթ, Դատիկ և Կիւզէլ-Դէրէ գաւառներուն մէջ կառավարութիւնը նորէն սկսաւ խուզարկութիւններ ընել: Բոլոր գիւղերը զինւորներով լեցւած են, իսկ քիւրդեր՝ կազմ և պատրաստ՝ նշանի մը կըսպասեն թիւրք զինւորներու օգնութեան հասնելու և գրոհ տալու խեղճ աղքատ ժողովրդեան վրայ՝ աւարելու, յափշտակելու և սպաննելու միակ նպատակով: Սակայն հակառակ այս ամէն խստութիւններու՝ յեղափոխականը չդադրիր իր գործունէութիւնը շարունակելէ:
Անցեալ օր մատնիչ մը ևս գնաց հանգչելու Մուհամէտի գոգը: Կծւակ գիւղացի ռէս Պետրոս, ժամանակէ մը ի վեր սկսած էր յայտնի համարձակ մատնութիւններ ընել և լրբաբար յոխորտալ յեղափոխականներու դէմ՝ սպառնալով մինչև անգամ անոնց ընտանիքի պատւոյն: Վարձատրութիւնը չուշացաւ. ամսոյս սկիզբը, երբ քաղաքէն կը վերադառնար, մօսինիի հինգ գնտակներ անոր մարմինը ծակոտեցին իր գեղէն 10 վայրկեան հեռու և գիւղը որջ ընող զինւորներու աչքին առջև: Զինւորները օգնութեան կը վազեն, բայց ահաբեկիչը արդէն աներևոյթ եղած էր:
Այս դէպքը առիթ մը եղաւ կառավարութեան ձեռքը և պատրւակ իր պաշտօնեաներուն՝ ժողովուրդը խոշտանգելու համար: Խլաթ գաւառի դահիճ, չէրքէզ Ալի-պէյ, անւանակից և արժանի գործիք գազան Ալի-փաշայի, մտած է հայ գիւղեր. վա՜յ այն կիներուն, որ տգեղութեան համբաւը չունին, վա՜յ այն հարուստներուն, որ մատնիչ ըլլալու արժէքը չունին, վա՜յ այն երիտասարդներուն, որ գիւղի զապթիէներու և հարկահաւքներու քմահաճոյքին դիմադրած են. ամէնքն ալ առհասարակ գանակոծութեան, բռնաբարման և բանտի կը դատապարտւին: Օրինակներ անպակաս են: Ուրտապցի Պետրոս անունով մի քսանամեայ երիտասարդ ձերբակալւելով՝ կը գանակոծւի, կը դաղտի, կը բռնաբարւի և ապա քաղաքի բանտը կը փոխադրւի, այն ամբաստանութեամբ թէ կապ ունի յեղափոխական զինւորներու հետ, մինչդեռ իր միակ յանցանքը Ուրտապի քիւրդ պէկին անհաճոյ լինէլն էր:
Կառավարութիւնը Կծւակ գիւղացիներէ պահանջեց, որ ռէս Պետորսը սպաննող Աւագը, որ 4 տարիներէ ի վեր փախստական կապրի, իրեն յանձնեն: Գիւղացիները կը յայտարարեն՝ թէ նա շատոնց ի վեր փախստական է և թէ շատ անգամներ զինւորներու հետ կռւած է ուրիշ տեղեր. թող կառավարութիւնը բռնէ: Վերջին երբ կը պնդէ, կծւակցիներ կ'առաջարկեն. «Մեզի քսան զէնք տւէք, և մենք մէկ ամիսէն ձեզ յանձնենք Աւագը»: Կառավարութիւնը կը մերժէ:
Այս խուզարկութիւններու ժամանակ, մէկ քանի հայ մատնիչներու առաջնորդութեամբ, 80-ի չափ զինւորներ կը պաշարեն Ջրհոր գիւղը՝ Սերոբի հօրեղբօր որդի ՅԱԿՈԲԸ ձերբակալելու համար: Յակոբ մինակ գիւղի քովի բլուրը կը բարձրանայ և կըսկսի կռւիլ քաջաբար: Քրդեր և մօտակայ ուրիշ գիւղերու զինւորներ օգնութեան կը հասնին պաշարողներուն: 4-5 ժա կռիւէ մը վերջ Յակոբ՝ երեք չորս տեղէ վիրաւորւած՝ կ'իյնայ: Երբ կը տեսնէ՝ թէ այլևս անկարող է կռիւը շարունակելու, կը կոտրէ հրացանը: Զինւորներն Յակոբի դիակը իր զգեստով և զէնքի կոտրտածներով սայլի մը վրայ դրած անամօթ յաղթանակով մը Բաղէշ կը տանին 4 սպանւած զինւորներու դիակներուն հետ:
Յակոբ, ժողովրդին ահաւոր վրէժխնդրութեան փայլուն արտայայտութիւններէն մէկը, իր հերոսացումով սրտապնդող օրինակ մը ևս կուտայ մեզ, իր հայրենիքի ազատութեան համար կռւողներուն: