Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
14 November, 2019
12 November, 2019
Միսաք Թորլաքեան
1921 Յուլիսի 18ին, Պոլսոյ Բերայի շրջանին մէջ՝ մինչ Փըթի Շահ թատրոնէն դուրս կը
հոսէր հոծ բազմութիւն մը, միջահասակ երիտասարդ մը դժուարութեամբ ճամբայ բանալով իրեն,
մօտեցաւ վեց անձերէ բաղկացած խմբակի մը՝ որ կ'աճապարէր մօտակայ «Բերա-Փալաս» պանդոկը
մտնել, ու երեք անգամ յաջորդաբար կրակեց բարձրահասակ, թեկնեղ մարդու մը վրայ. ապա,
օգտուելով տիրող իրարանցումէն, յաջողեցաւ փախչիլ:
04 November, 2019
28 October, 2019
Զաւարեան Մուշի Մէջ
910-911 ուսումնական տարին էր: Զաւարեան
թողած Կովկասը՝ եկած էր կիսաւեր Տարօնը կենդանութեան ոգի եւ մտաւոր լոյս բերելու:
Նոյն տարուան դեկտեմբերին էր որ
Զաւարեանի հրաւէրով Մուշ պաշտօնավարութեան կ'երթար Բաբերդէն, Կովկասէն, Վանէն ուսուցիչներու
շարք մը: Վանէն գացողներու թիւը հինգ էր: Մեծ ոգեւորութեամբ ճանապարհ ընկանք դէպի Մուշ,
տեսնելու Հայոց հին Աստուածներու, Մամիկոնեաններու, Տարօնի առիւծներու հայրենիքը, պաշտօնավարելու
Դաշնակցութեան պատկառելի գործիչ Զաւարեանի ղեկավարութեան ներքեւ:
24 October, 2019
ԱՂԲԻՒՐ. Սերոբ Վարդանեան
1895-ի աշնան, ճիշդ այն ամսուն, երբ սուլթանական դաւադրութիւնը
կազմակերպւած էր ընդհանուր կոտորած առաջ բերելու համար հայաբնակ գաւառներու մէջ, Սերոբ
բաւական զօրաւոր խմբով մը, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ: Անոր
Սոխորդ հասնելու երկրորդ օրը լուր կուգայ թէ Բաղէշը կոտորւեր եւ շրջակայ գաւառներուն
մէջ ալ ջարդի սարսափ կը տիրէ: Սերոբ իր խումբի 27 տղաքներէն 15-ը կը բաժնէ կոտորածի
ահը կեցող գիւղերուն մէջ, խոստանալով որ վտանգի րոպէին ուր է ուր չէ օգնութեան կը հասնի.
իսկ ինք 12 հոգով կըսպասէ Սոխորդ գիւղի մէջ: Բաղէշի կոտորածի գուժերուն երկրորդ օրը,
Սոխորդը յանկարծ սեւ ամպերու պէս կը շրջապատւի կատաղի քիւրդերով, որոնք կուզէին այդ
գիւղին առաջին հարւածը տալ եւ տկարացնել զայն, միւս մնացած գիւղերը այլեւս հեշտ էր
ջարդել, թալանել ու աւերել: Քիւրդերը սակայն երբէք մտքերնէն չէին անցներ որ այնտեղ
յեղափոխականներ կարող էին գտնւիլ. միմիայն կը մտածէին գիւղացիներու մասին, որոնք իրենց
կարծիքով, ինչքան ալ կտրիճ ըլլային, անզէն՝ բան չէին կրնար ընել 5-600 զինւած քիւրդերու
դէմ: Ատոր համար ահագին պատրաստութիւններ տեսած էին նախօրօք, էշեր, սայլեր, ձիեր բերած
էին հետերնին, որպէսզի գիւղին ճոխ աւարն ու կողոպուտը կարենան բեռնալ եւ իրենց վրաները
փոխադրել:
Սերոբի Մահը (Նամակ Մուշէն)
Շատոնց է, բայց վերջերս մանաւանդ, կառավարութիւնը վճռած էր ամէն
կերպով մէջտեղէն վերցնել Սերոբը, որուն գոյութեան մէջ վտանգ կը նշմարէր: Կառավարական
բոլոր էնտրիկները, բռնի միջոցները, զուր անցած էին, մինչեւ որ ազգային սեւսիրտ դաւաճանութիւնը
միջամտեց եւ ծուղակի մէջ ձգեց լեռան առիւծը՝ որուն մռնչիւնը հերիք էր իկիտ զօրավարներու
ու վաշտերու սիրտը դող հանելու համար:
Subscribe to:
Posts (Atom)






