«Մենք սուլթանին շատ
խնդրեցինք կողկողագին ու լացինք,
Աղի-աղի արտասուքով ձեռքն
ու ոտքը լուացինք.
Բայց նա չանսաց պաղատանքին
ողորմելի հայերուն,
Այժմ նայինք, նա կը լսէ
որոտումը ռումբերին»:
Կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն,
յարգա՜նք Յեղափոխութեան նահատակներուն:
Մենք այս սրտաբուղխ բացագանչութիւնը
կընենք, ըմբռնած ըլլալով սա ճղմարտութիւնը՝ թէ կեանքը առանց յեղափոխութեան արժէք չունի:
Յեղափոխութիւնը տիեզերքին մէջ է արդէն: Մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարագլուխները
յեղափոխութեան պղնձէ պատւանդաններուն վրայ բարձրացած են: Երբ ազգերը բարոյական եւ իմացական
անկման մէջ են, յեղափոխական լծակը կռթնցնելու է անոնց, երբ թագակիր աւազակները, տզրուկ
իշխանաւորները կը քամեն ժողովրդին կենսականութիւնը, յեղափոխութիւնը բոցեղէն սուր մը
կը դնէ անոր ափին մէջ: