«Ընկերնե՛ր, սուրով յաղթանակ տանողները արօրով յաղթանակ տանողներէն կը յաղթուին, իրենց տեղը անոնց տալու կը պարտաւորուին: Սուր շարժող ձեռքը կը յոգնի, սուրը պատեանին մէջ կը ժանգոտի. մինչ արօր վարող բազուկը ա՛լ աւելի կ'ուժովնայ, անոր խոփը ա՛լ աւելի կը փայլի»:
...
Բոլոր պայմաններուն մէջ, նոյնինքն թուրք ժողովուրդի հաշուին, ո՛րքան ալ արդար, ցաւագին բան մը կայ այս շատ յապաղուն հատատումին մէջ:
Աւելի՛ քան եղերաողբերգական բան մը կայ այս խոտովանութեան մէջ յատկապէս հա՛յ ժողովուրդի հաշուին, իբրեւ գլխաւոր զոհերէն մէկը թուրանական արիւնազանգ սուրին:
...
Փաստը այն է, որ արդի Թուրքիան, անունէն զատ, արդիական գրեթէ ոչինչ ունի: Դեռ այսօ՛ր ալ թուրք ժողովուրդի մտայնութեան, հոգեբանութեան ու կենցաղին մէջ տիրականը «արօր»ի իմասութիւնը չէ, այլ «սուր»ի, վայրագութեան տենդն է գերազանցօրէն:
...
Մակաբուծային ներկայութեան մը չարաչար քաշքշուքը, փաստօրէն, ժամանակին հետ չկարենալ քալելու յետախաղաց սնանկութիւն մը, քաղաքակրթական իր նախնադարեան մակարդակէն դուրս չկարենալ գալու տարօրինակ բթութիւն մը, զոր ո՛չ պատմական միջավայրը կը յաջողի բուժել եւ ոչ ալ արտաքին շռայլագին նպաստաւորումը:
Յամենայն դէպս, էականը եւ ընդգծելին միայն եղերական այս եղելոյթը չէ: Տրամաբանութեան կարգով, արդի Թուրքիոյ հիմնադիրը, վերի մտածումները բանաձեւած ատեն, ի միջի այլոց, կը մոռնար վեր առնելու այլ լրացուցիչ, բայց նո՛յնքան հիմնական ճշմարտութիւն մը.
Ա՛յն, որ կեանքի մէջ ամէ՛ն երեւոյթ, ո՛րքան ալ դրական ու առաջատար, շատ բան կը կորսնցնէ իր էութենէն, երբ կը դադրի հանրօգուտ եւ հանրարժէք պաշտօնակատարութենէն եւ կը դառնայ ինքնանպատակ:
Ահա այս իմաստով ալ, նոյնքան վնասաբեր ու աղիտալի է ճակատագրականօրէն ոչ միայն «սուր»ի պաշտպամունքը կամ ֆիզիքական ուժի ապաւինումը պատմա-քաղաքական կեանքի մէջ, այլեւ «արօր»ի վարդապետութիւնը, ըստ ինքեան եւ ըստ էութեան:
...
Իրաւացի է հաստատումը, երբ կ'ըսենք, թէ թուրքը թէ՛ ինքն իրեն եւ թէ շրջապատին համար ճակատագրականօրէն սխալ վարքագիծ մը կը կիրարկէ, երբ իր ամբողջ գոյութիւնն ու հաւաքական բովանդակ ճակատագիրը սուրին, ֆիզիքական ուժին միայն կ'ապաւինի:
Սակայն ազգային նոյնքան ճակատագրական ծանր եւ էապէս սխալ վարքագիծ չէ՞, երբ հայ ժողովուրդը, մանաւանդ թուրքի, լուծին տակ կամ անոր դրացնութեան մէջ, հակառակ նոյնիսկ իր բազմապիսի առաւելութեանց, կ'ապաւինի բացառաբար «արօր»ին, շինարար ու ստեղծագործ իր ուժին կամ հզօրանքին, բարբարոս հորդաներու սուսերային արիւնոտ շկահիւնին մէջ:
Խորքին մէջ, հայեւթուրք դարաւոր յարաբերութեանց բովանդա՛կ ողբերգութիւնը պէտք է որոնել ահա տարականոն այս իրողութեան, անբնական այս զուգորդութեան եւ անհեթեթ այս «գոյակցութեան» մէջ,– «սուր»ի պաշտամունքին եւ «արօր»ի վարդապետութեան այս զուգահեռական, այլ միակողմանի եւ ինքնանպատակ գործադրութեան, աւելի ճիշդ՝ սուրի եւ արօրի այս մնայուն հակադրութեան մէջ:
...
Մինչ հանրայայտ ճշմարտութիւն է, ազգերու եւ պետութեանց ընդհանուր պատմութեան ու հոլովոյթին մէջ, որ եթէ «սուր»ը, առանց «արօր»ի նպաստին, սնանկութիւն է եւ անխուսափելի ինքնամահացում, «արօր»ը եւս, առանց «սուր»ի զօրավիգին, համազօր է անխուսափելի ճորտացման յարահոլով ստրկացման ճամբով, աստիճանական ու ցաւագին մահացման:
«Սուր»ը եւ «արօր»ը լրացուցիչ, իրարու նախապայման եւ իրարմով պայմանադրական ազդակներ են մի՛ եւ նո՛յն ժողովուրդի ձեռքին ու կեանքին մէջ, սակայն զիրար չէզոքացնող եւ սնանկացնող գործօններու կը վերածուին, բնակա՛նաբար, երբ իւրաքանչիւրը տարբեր ազգի մը էութեան, գործելակերպին ու պատմահայեցողութեան մնայուն պատուանդանը կը հանդիսանայ, իբրեւ հաւասարապէս – կամ մօտաւորապէս – աղէտաբեր ռազմավարութեան մը առարկայ:
Եթէ ճիշդ է, իրապէս, որ միայն «սուր շարժող ձեռքը կը յոգնի», նո՛յնքան ճիշդ է նաեւ այն, որ միայն «արօր վարող բազուկ»ը եւս «կը յոգնի» օտարի լուծին տակ կամ պա՛րզապէս... կը կտրուի, երբ չի հպատակիր «սուր շարժող»ի կամքին: Ա՛յս է պատմութեան անողոք տրամաբանութիւնը, ո՛րքան ալ ընդունելի կամ մերժելի նկատուի բնականօրէն:
...
«Արօր»ը «սուր»ին եւ «սուր»ը «արօր»ին համընթաց ու ապաւէն: Եւ որպէսզի «սուր շարժող ձեռք»ը չյոգնի, պատմական անհրաժեշտ հանգրուաններու, պէտք է գիտնայ նաեւ «արօր վարող բազուկ»ի վերածուելու արհեստը եւ, ընդհակառա՛կն, «արօր վարող բազուկ»ը, որպէսզի իր ազատ ու անկաշկանդ գոյութիւնը եւ հարազատ միջավայրը ապահովէ, կարենալ «ա՛լ աւելի ուժովնալու» համար մանաւանդ, պարտաւո՛ր է, միեւնո՛յն ձեռնհասութեամբ ու յարատեւութեամբ, նաեւ «սուր շարժող ձեռք»ի վերածուելու, ե՛րբ եւ ո՛րքան որ պատմական հարկը պահանջէ:
...
Իրաւ է, անվիճելի է, որ մեզի պէս քանակով փոքր, ֆիզիքապէս տկար, ռազմապէս թոյլ, աշխարհագրականօրէն ցանուցիր ազգի մը համար էական նշանակութիւն ունի որակը, ոգեկան հզօրանքը:
Անվիճելիօրէն մեր ուժին ու ապահովութեան գրաւականը խաղաղութեան ճակատին վրայ, մեր ամէնէն ամուր զրահը մշակոյթն է, արօր շարժող մեր բազուկն է, մեր արժէքը, կեանքի ու յարատեւութեան հզօրագոյն լծակը մեր ցեղային շինարար ու ստեղծագործ հանճարին մէջ է:
Ոգեկան հզօրանքի՛ մը մէջ, վերջապէս, որ ռազմադաշտերու մէջ չի ստեղծուիր, ոչ ալ ռազմադաշտերու մէջ կը կորսուի, սակայն, վերջին հաշիվու, ռազմադաշտերէն հեռու ալ չի՛ պահպանուիր երկար ատեն, մանաւանդ երբ տեւաբար զուրկ կը մնայ ֆիզիքական ուժի իր պահպանակէն ու պատուանդանէն:
Փաստօրէն հայրենիքը, ազգային անկախ պետականութիւնը ժողովուրդի մը քաղաքական ճակատագիրը միայն ոգեկան հզօրանքով չի կերտւիր: Անհրաժեշտ է անոր զուգահեռ զարգացնել ու ամրապնդել նաեւ մեր ֆիզիքական, մարտական ուժի աղբիւրն ու պահեստները:
...
Սարգիս Զէյթլեան