09 October, 2021

ՀՅ Դաշնակցութիւն-Իններորդ Ընդհանուր Ժողովի նիստերը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները կանոնաւորապէս, օրական երկու նիստ գումարելով:

Բացի քանի մը շրջաններէ պատգամաւորներ լրիւ հասած են եւ ժողովն ունի 61 վճռական ձայն, առանց հաշւելու խորհրդակցական ձայնով հրաւիրւած 21 ընկերները:

07 October, 2021

Արդարութեան Խօսքը

Մեր Խօսքը

Հայ ժողովուրդը այսօր կը սպասէր արդարութեան խօսքը լսել:

Երկու ամիսէ ի վեր սրտատրոփ, հեւիհեւ հետեւեր էր ան Մեծ Դատի մը բոլոր փուլերուն: Իր մէկ զաւակն էր զոր կը դատէր Բրիտանական Արդարութիւնը, այն որ արդարութիւններուն լաւագոյնը, մեծագոյնն էր ճանչցուած: Ու հայ ժողովուրդը յոյսով ու վստահութեամբ լեցուած կը սպասէր դատաւորներու վճռին, որով հետեւ անիկա արդարութեան խօսքը պիտի ըլլար:

Անգլիական Պատերազմական Ատեանը Իր Վճիռը Տուաւ

Անգլ. Պատերազմական Ատեանը որ երկու ամիսէ ի վեր կը դատէր Ճիվանշիրի Սպանիչ Պ. Միսաք Թորլաքեանը Երէկ Իր Վճիռը Տւուաւ

Ընդհ. Հրամանատարին Կողմէ Վաւերացուելէ Ետք Միայն Պատերազմական Ատեանը Պիտի Հաղորդէ Իր Վճիռը

02 October, 2021

Մահ Ընկերուհի Լոլա Սասունիի

Երէկ առաւօտ, սրտի կաթուածի հետեւանքով, աչքերը յաւիտենապէս փակեց բացառիկ արժանիքներով օժտուած վաստակաւոր հայուհի մը, որ ամբողջ կէս դար, Պոլսէն մինչեւ Կովկաս, ապա Սասուն, անկէ Հայաստան ու յետոյ Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Լիբանան, իր ամէնօրեայ բեղուն գործունէութեամբ, ինքնամոռաց անձնուիրութեան եւ ջերմ ու վարակիչ հայրենասիրութեան տիպար հանդիսացաւ:

Ինչո՞ւմն է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ուժը

Դաշնակցութեան Օրուան առթիւ, արժէր յետադարձ մի հայեացք ձգել մեր անցած շրջանների վրա. այդպիսով մենք ի վիճակի կը լինենք մեր գոյութեան եւ ուժի գաղտնիքը հասկանալ եւ օգտագործել նրան:

01 October, 2021

Կոմսը (Վերջին Սուրհանդակը)

Անձնուրաց ֆետայիներու հին ճամբորդը: Դար մը իր ուսերուն՝ անմահ ընկերներուն քովը գնաց:

Թերեւս ամէնէն շատ ծանօթութիւններ ամբարած՝ անդիի աշխարհին մէջ հոգեխռով հին անձնուրացներու զեկուցաբերը պիտի հանդիսանայ Վահան Փափազեան:

Անդրանիկը Սիւնեաց Երկրում. Զ. Տաճկական Սպառնալիքի Տակ

Հոկ. 12ին պարզւեց պատւիրակութեան բերած թղթերից, որ տաճիկները Զանգեզուրի գաւառապետ են նշանակել բժիշկ Միքայէլ (Միշա) Պարոնեանին, որ Ազգ. Խորհրդի նախագահն էր, իսկ գաւառակապետի պաշտօն են տւել Նիկոլայ Յովսէփեանին, որ անդամ էր նոյն Ազգային Խորհրդի: Այդ գրութիւնների առիթով տեղի են ունենում անախորժութիւններ. Անդրանիկը ջղայնացած անպատւում է յիշածս հասարակական գործիչներին, թէ ինչո՞ւ տաճիկները նրանց են վստահացել եւ կարեւոր պաշտօններ յատկացրել: