Երէկ առաւօտ, սրտի կաթուածի հետեւանքով, աչքերը յաւիտենապէս փակեց բացառիկ արժանիքներով օժտուած վաստակաւոր հայուհի մը, որ ամբողջ կէս դար, Պոլսէն մինչեւ Կովկաս, ապա Սասուն, անկէ Հայաստան ու յետոյ Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Լիբանան, իր ամէնօրեայ բեղուն գործունէութեամբ, ինքնամոռաց անձնուիրութեան եւ ջերմ ու վարակիչ հայրենասիրութեան տիպար հանդիսացաւ:
Ըներուհի Լոլա Սասունիի մահով, հայութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի մեր գածութը կը կորսնցնէ մէկը այն հազուագիւտ ընտիրներէն, որոնք իրենց անձնական բարերար դրոշմը դին մեր իրականութեան կարեւոր մէկ երեսին վրայ, որ հայ կնոջ գործունէութիւնն է հասրարակական կեանքի մէջ:
Տասնամեակներ շարունակ, խիզախ, աննկուն, իր համոզումներուն տէր, իր կոչումին գիտակից հայուհին եղաւ Լոլա Սասունի, բոլորէն սիրուած, ընդհանուր յարգանքի առարկայ խաչուհին, որուն մօտ հանրային ջիղը ուժգնօրէն կը զացնէր իր զօրութիւնը, վայելելով նպաստը գերազանցապէս գործնապաշտ անձնաւորութեան մը:
Մեր կեանքին անբաժան մասնիկն էր ան: Հաւանաբար ամէնէն ժողովրդականը լիբանանահայ դէմքերէն, նաեւ այն՝ որ ամէնէն աւելի գործ ունեցաւ իր ժողովուրդին հետ, ամէնէն աւելի ապրեցաւ հայութեան համար, գործեց անոր ծոցին մէջ, մոռնալով նոյնիսկ իր ընտանիքը, իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ծով կարիքներուն հասնելու յարատեւ պատրաստակամութեամբ մը:
Այսպ պահուս, երբ դժուար պարտականութիւնը ունինք մեր ժողովուրդին գուժելու իր մահը, աւելիով կը դժուարանանք ներկայացնելու զինքը, ճանչցնելու բոլորին ծանօթ Տիկին Սասունին, որ երբեք ժամանակ չունեցաւ իր մասին խօսելու, երբ այնքան գործ կար շուրջը, իր աշխոյժ ղեկավարութեան կարօտ այնքա՜ն աշխատանք:
Ինչ որ գիտենք իր կեանքին մասին, կ'ամփոփուի քանի մը թուականներու մէջ, վերջին կէս դարու մեր կեանքին ամէնէն յատկանշական թուականները:
Ծնած է Բինկեան 1894ին: Մեծատուրեան գերդաստանի զաւակ, կանուխէն իր մէջ կոչում զգացած է հանրային ծառայութեան: 1910ին անցած է Պոլիս, ուր յաճախած է Ամերիկեան Գոլէճ, զայն աւարտելով 1915ին: Նոյն թուականներուն մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը, իբրեւ անդամ ուսանողական միութեան:
Հազիւ շրջանաւարտ ապրած է կոտորածներու եւ Ապրիլեան սեւ օրերու մղձաւանջը: Քանի մը ուսանող ընկերներով անցած է Պուլկարիա, միանալով Ապրիլեան Եղեռնի զոհերու ընտանիքներուն: Պուլկարիայէն ղրկուած է Կովկաս եւ 1916ի սկիզբը միացած է կամաւորական գունդերուն: Անոնց հետ անցած է Վան, անկէ Պիթլիս, ու ապա, Մուրատի եւ Սեպուհի հետ, հասած Մուշ:
1916ին, միացած է Տարօնի սասունցիներուն եւ նշանակուած է Խնուսի եւ Մուշի հայկական բոլոր որբանոցներու ընդհանուր գործավար, կազմակերպելով որբերուն արեւելեան Հայաստանի փոխադրութեան գործը:
1917ին ամուսնացած է ընկ. Կարօ Սասունիի հետ եւ հետեւեալ տարին, մինչ ամուսինը կը գտնուէր Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ, ինք սասունցիներու հետ, ձիաւորներու զօրամասին մէջ, մասնակցած է Սարդարապատի կռիւներուն:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, ամուսնին հետ փոխադրուած է Ալեքսանդրապոլ, ուր նահանգապետի պաշտօն կը վարէր ընկ. Սսաունի:
Հայաստանի խորհրդայնացումին, Երեւանի մէջ բանտարկուած է դաշնակցական այլ ղեկավարներու հետ, ու Փետրուար 17ի գիշերը, մահուան սարսափը ապրելէ ետք, շնորհիւ ազատարար ապստամբութեան փրկուած է եւ ապա, Զանգեզուրի վրայով անցած է Թաւրիզ: Քանի մը տարի Պարսկաստան մնալէ ետք, ընտանեօք փոխադրուած են Վիեննա, ապա Ժընեւ, անկէ Փարիզ, ուր մնացած է 1925էն 1933:
Փարիզ գտնուած միջոցի,ն բեղուն մասնակցութիւն բերած է Կապոյտ Խաչի գործունէութեան:
1933ին փխոադրուած է Հալէպ, ուր չորս տարի մնալէ ետք, 1937ին վերջնականապէս հաստատուեաւ ՊԷյրութ:
Ընկերուհի Լոլա Սասունի, Լիաբանանահայ Օգնութեան Խաչի ղեկավար անդամ, յաճախ ատենապետուհի եւ գործավար, իր կեանքին ամէնէն արդիւնաւէտ տարիները անցուց մեր գաղութին մէջ եւ իբրեւ գնահատանք ո՛չ միայն յարգուեցաւ ու սիրուեցաւ բոլորէն, այլ նաեւ լիբանանեան պետութիւնը բերաւ իր մեծարանքի բաժինը, երկու տարի առաջ զինք արժանացնելով Լիբանանեան Մայրիներու Ազգային Կարգի շքանշանին:
Վերջին ամիսները, գիտէր թէ մօտ է վախճանը: Առոյգ ու աշխոյժ այս հայուհին կը զգար, թէ սիրտը պիտի դաւաճանէ իրեն: Արդէն երկու տարի առաջ տագնապ մը անցուցած էր, բայց առանց իր եռանդէն ու կորովէն բան կորսնցնելու: Վերջին փափաքն էր այցելել Հայաստան: Մահէն առաջ, գէթ անգամ մը եւս տեսնել հայրենի հողը, որ իր երիտասարդական խանդավառութեան օրրանը եղած էր, որուն ծանօթ էր ժայռ առ ժայռ, գիւղ առ գիւղ:
Ու գնաց: Գնաց հակառակ իր մտերիմներուն եւ բարեկամներուն թախանձանքին:
-Երթամ տեսնեմ ու յետոյ մեռնիմ:
Այս վճռական ու կտրուկ պատասխանան առջեւ, զինաթափ եղան բոլորը: Ճամբու դրին զինք, կսկիծով, բայց նաեւ այն խոր գոհունակութեամբ, որ մասնակից կը դառնան այդ պահուն Տիկին Սասունիի հոգին փոթորկող ապրումներուն գոնէ մէկ մասին:
Վերադարձաւ, հազիւ տասը օր առաջ: Ու ինկաւ անկողին: Բայց պատմեց, պատմե՜ց տեսածները, իր խնդավառութիւնը փոխանցեց բոլորին, ու յանկարծ, գերագոյն իր ուխտը կատարած ուխտաւորի մը հոգեկան խոր սփոփանքով, մարեցաւ, անձայն, անշշունչ:
Յարգա՜նք իր քաղցր յիշատակին: