01 October, 2021

Կոմսը (Վերջին Սուրհանդակը)

Անձնուրաց ֆետայիներու հին ճամբորդը: Դար մը իր ուսերուն՝ անմահ ընկերներուն քովը գնաց:

Թերեւս ամէնէն շատ ծանօթութիւններ ամբարած՝ անդիի աշխարհին մէջ հոգեխռով հին անձնուրացներու զեկուցաբերը պիտի հանդիսանայ Վահան Փափազեան:

Հին օրերու կորովի ֆետային: Կեանքի շարունակութեան ընթացքին մտաւորական գործիչ, գրող, Օսմանեան Փառլամէնտի անդամ... Ու նաեւ անկախ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Ազատագրական օրերու թափուած արիւնի վարձատրութիւն:

Կոմսը եղաւ այն քիչերէն մէկը, որ 1903էն սկսեալ, զէնքը ուսին հայ լեռները բարձրացաւ: Զէնքին հետ իր խօսքն ու թելադրանքները տարածեց իբրեւ գործիչ ու ղեկավար: Եղաւ մահը արհամարհող ու անձնուրացութիւնը նկատեց Անմահութիւն:

Ու այսօր մահը երբ իր դուռը բախեց, ինքն արդէն անմահութեան ճամբան բռնած էր:

Յիշատակներու բազմերանգ կեանքի մը պատկերը կը ներկայացնէ մեզմէ բաժնուած Կոմսը: Զոհողութեան, քաջութեան, կազմակերպական ընդունակութեան հարստութիւն մը կը թողու իր ետին:

«Ազդակ» Պէյրութ. Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 1973. Թիւ 177 (12653)
Սիրելի հին ընկեր, մեր պաշտամունքը տար այն հին ընկերներուն, որոնք անմահ են ու ամէն օր մեր հետ կը խօսին: Ըսէ՛ անոնց որ Հայ ժողովուրդը կայ եւ պիտի մնայ, ամուր պիտի մնայ մեր լեռներուն, մեր ժայռերուն նման: Հ. Յ. Դաշնակցութեան հին, միջին եւ նոր սերունդները Կոմսը իրենց կողքին պիտի զգան, երբ հայոց վերջին հարիւր տարիներու պատմութիւնը թղթատեն ու անցեալով ապրին:

Այս հաւատքով քեզ ճամբայ կը դնենք: Աներեր հաւատքով:

Կ. Սասունի
«Ազդակ» Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 1973
Թիւ 177 (12653)