Բնիկ երզնկացի էր
Քեռին: Կը պատկանէր Շիշմանեան բարեկեցիկ ընտանիքին, ու իր բուն անունն էր Ռուբէն: Ուսում
առած էր Երզնկայի Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Կը վարէր, իր եղբօր Գրիգորի հետ,
վանահայրութիւնը Սուրբ Մեծ-Լուսաւորիչ վանքին, Սեպուհ լեռան կողքերուն վրայ կառուցւած:
Յեղափոխութեան կարապետներէն եղած էր իր շրջանին մէջ, ու նախ քան հայդուկապետ դառնալը,
մասնակցած էր Գալուստ Արխանեանի խմբին: Այս վերջինին՝ իր ընկերներով ձերբակալւելէն
առաջ, Քեռի՝ Երզնկայի կեդրոնական կօմիտէի աջակցութեամբ, կազմակերպելու ձեռնարկած էր
արդէն նոր հայդուկախումբ մը, որ ահ ու սասրսափ ձգեց, կոտորածներէն առաջ, հայ հարստահարող
թիւրք ու քիւրդ պէյերու վրայ ու իր հովանին տարածեց, կոտորածներու պահուն, հայ գիւղերու
եւ բնակչութիւններու վրայ, որոնք կը գտէնւէին Քէմախի ու Տէրսիմի սահմաններուն մէջ: