14 June, 2022

Ռուբէն Դարբինեան

Ծնած է Ախալքալաք եւ տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած Եկատերինոտարի եւ Թիֆլիզի ռուսական վարժարաններուն մէջ: Իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ ակամայ ընդմիջումներով, Մոսկւայի եւ Հայտելպէրկի (Գերմանիա) համալսարաններուն մէջ:

1903-ին, միջանակարգի (գիմնազիա) պատրաստութիւն ստացած կը մեկնի Մոսկւա եւ շրջան մը կը հետեւի պատմութեան եւ լեզւագիտութեան ճիւղերուն, սակայն յեղափոխական խմորումներու եւ ներքին խռովութեանց բերումով համալսարանը կը փակւի: Ուսանող Դարբինեան կ'անցնի Գերմանիա եւ կը հետեւի ընկերային գիտութեանց իր դասընթացքներով հռչակաւոր Հայտելպէրկի համալսարանի իմաստասիրութեան եւ իրաւագիտութեան ճիւղերուն: 1906ին միայն, երբ Ռուսիոյ ներքին կեանքը բնականոն ընթացք կը ստանայ, կը վերադառնայ Մոսկւայի համալսարան,ը, 1909ին կը ներկայացնէ իր աւարտաճառը Thesis եւ՝ իբրեւ դոկտոր ընկերային գիտութեանց՝ կ'իջնէ հանրային կեանքի դաշտերը:

Արեւելահայ բազմաթիւ դէմքերու նման, որոնք միջավայրի եւ պայմաններու բերումով մինչեւ երիտասարդութիւն ռուսերէնը գործած են իբրեւ «մայրենի լեզու», Ռուբէն Դարբինեան եւս երկար ատեն շատ տկար է եղած հայերէնի մէջ. սակայն երբ հայ կեանքը դարձած է իր գործունէութեան գլխաւոր մարզը, շուտով դարմանած է իր այդ տկարութիւնը եւ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը հաւասար չափով գործածած է մամլոյ թէ կազմակերպական մարզերու մէջ:

Տակաւին համալսարանական գրասեղաններու առջեւ (1902 եւ 1903)՝ հանրային եւ հրապարակագրային աշխատանքի լծւած է, իսկ 1906էն սկսեալ – Գերմանիոյ ուսանողական տաիրներուն – ընկերային եւ քաղաքական շարժումներով մօտէն հետաքրքրւած: Նոյն տարին (1906) անդամագրւելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն՝ պատասխանատւութիւններ ստանձնած է կազմակերպական մարմիններու մէջ, Հիւսիսային Կովկասի եւ Թիֆլիզի հանրային-կուսակցական եռուզերին բերելով իր մասնակցութիւնը:

Ռոստոմի հետ իր ծանօթութիւնը հաստատած է Թիֆլիզի մէջ, իսկ Էջմիածնայ Ազգային-Եկեղեցական ընդհանուր ժողովին՝ ուր ներկայ էին Սիմոն Զաւարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, ՄԻքայէլ Վարանդեանի եւ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամ) նման կարկառուն դէմքեր՝ առիթ ունեցած է ուղղակի շփումով եւ անձնական ճանաչումով սերտ կապ հաստատելու Դաշնակցութեան այդ շրջանի մտաւորական ընտրանիին հետ: Հազիւ մասնագիտական ուսումը լրացուցած եւ վերադարձած Մոսկւա՝ ցարական իշխանութիւնները Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ կը ձեռնարկեն սուր հալածանքի մը: Խուսափելու համար ձերբակալւելու բացորոշ վտանգէն՝ Դարբինեան (որ մինչ այդ ծանօթ էր իբրեւ Արտաշէս Չիլինգարեան) կեղծ անցագրով մը կ'անցնի նախ Պոլիս, իսկ 1910-ին՝ Գերմանիա, ուր նոր դժւարութիւններ կը սպասէին իրեն:՝ Գերմանական ոստիկանութիւնը... «ռուսական լրտես» մը կը տեսնէ իր մէջ, սակայն Դարբինեան կը յաջողի փրկւիլ եւ անցնիլ Թիֆլիզ՝ պարսկահպատակի անցագրով մը, ուր մինչեւ 1919 խմբագրական եւ կազմակերպական աշխատանքներով մնաց Թիֆլիս, Պաքու, Մոսկւա, Քիեւ, Ռոստով, Պաթում ու այլ քաղաքներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1920ին, կը կոչւի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին, իսկ երբ խորհրդային կարգերը կը հաստատւին՝ տարագիր ղեկավարութեան հետ կ'անցնի նախ Թաւրիզ ու Թեհրան, ապա Միացեալ Նահանգներ՝ ուր 1922-1968- մօտ կէս դար, վարեց «Հայրենիք»ներու խմբագրապետի պաշտօնը, կազմակերպական յանձնառութեանց կողքին:

Ռուբէն Դարբինեանը մօտէն ճանչցողներ, անոր 1920-1968 թւականներու կիսադարեան կեանքը կը բաժնեն երկու շրջանի: Առաջինը (մինչեւ 1940-ական տարիներ) կը յատկանշւի ե՛ւ մամլոյ ե՛ւ կազմակերպական կեանքի մէջ գործօն, վճռական եւ ազդու գործունէութեամբ, իսկ երկրորդը՝ 1940-1968՝ առաւելապէս հրապարակագրային ծաւալուն աշխատանքներով: Դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ քիչեր իրեն չափ հեռու մնացած են ժողովրդային լայն զանգւածներէ: Չէր երեւեր բազմութիւններու եւ հանրային մէկտեղումներու մէջ,- թէեւ կը հետեւէր հայ կեանքի բոլոր ելեւէջներուն: Շեշտւեցաւ կղզիացումը իր մէջ՝ տարիքին հետ: Խառնւածքի այս գիծով կը տարբերէր սերնդակից միւս ղեկավարէն՝ ողբ. Սիմոն Վրացեանէ, որ, ընդհակառակն, կենդանի ու անմիջական կապ կը պահէր ժողովրդային զանգւածներու հետ:

Ամերիկահայութեան 1920-1970 տարիներու կիսադարեան պատմութեան մէջ պատմական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ սակայն իր կազմակերպական ու հրապարակագրային դերակատարութիւնը: Իբրեւ նախաձեռնարկ «Հայրենիք» ամսագրի եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի հրատարակութեան՝ եղաւ Ամերկայի այս շրջանի կեդրոնական մարմիններուն գլխաւոր աջակիցը:

Յարգա՜նք իր յիշատակին ու վաստակին:

Ռուբէն Դարբինեանը մահացած է 14 Յունիս 1968-ին:

Մ.
«Ալիք», Թեհրան
Կիրակի, 3 Օգոստոս, 1975
ԽԵ. Տարի, Թիւ 171 (11, 049)