Բնիկ երզնկացի էր Քեռին: Կը պատկանէր Շիշմանեան բարեկեցիկ ընտանիքին, ու իր բուն անունն էր Ռուբէն: Ուսում առած էր Երզնկայի Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Կը վարէր, իր եղբօր Գրիգորի հետ, վանահայրութիւնը Սուրբ Մեծ-Լուսաւորիչ վանքին, Սեպուհ լեռան կողքերուն վրայ կառուցւած: Յեղափոխութեան կարապետներէն եղած էր իր շրջանին մէջ, ու նախ քան հայդուկապետ դառնալը, մասնակցած էր Գալուստ Արխանեանի խմբին: Այս վերջինին՝ իր ընկերներով ձերբակալւելէն առաջ, Քեռի՝ Երզնկայի կեդրոնական կօմիտէի աջակցութեամբ, կազմակերպելու ձեռնարկած էր արդէն նոր հայդուկախումբ մը, որ ահ ու սասրսափ ձգեց, կոտորածներէն առաջ, հայ հարստահարող թիւրք ու քիւրդ պէյերու վրայ ու իր հովանին տարածեց, կոտորածներու պահուն, հայ գիւղերու եւ բնակչութիւններու վրայ, որոնք կը գտէնւէին Քէմախի ու Տէրսիմի սահմաններուն մէջ:
Կոտորածներու երկունքի թւականներն էին: Թիւրք բռնակալութեան կամայական խժդժութեանց ենթարկւած Հայաստանը ահի ու սարսափի մէջ կը գալարւէր: Յեղափոխական քարոզչութիւնը, նպաստաւորւած Սասունի մէջ կատարւող վայրագութեանց ու օրւան դժնդակ իրականութիւնները դարձող կախաղաններու մղձաւանջէն, հայ հայդուկին սիրտը ալ աւելի կ'արիւնոտէր ու զայն վրէժխնդրութեան անսանձելի զգացումովը կը բորբոքէր: Իւրաքանչիւր վայրկեան սրտակեղեք ու սահմռկեցուցիչ անակնկալ մը կը կայծակէր Հայութեան գլխին ու մահու եւ կենաց տագնապը կ'ուրւականէր անոր շփոթ գոյութեան մէջ:
Երզնկա ու իր շրջակայ հայաբնակ գիւղերն եւս միեւնոյն ճգնաժամը կ'անցնէին: Բթառիճ գիւղին մէջ օր ցերեկով կ'առեւանգւէր ու կը բռնանարւէր 15 տարեկան կոյս աղջիկ մը՝ Վայիտ պէյ կոչւած Ճիմինցի թիւրք սրիկայէ մը, ու քաղաքին մէջ, Հայոց եկեղեցիներու հրապարակին վրայ, հայ երիտասարդ մը կը սպաննւէր քիւրդ փայտավաճառէ մը, ու թէ՛ պէյ եւ թէ՛ քիւրդ անպատիժ կը մնային: Այս վերջին դէպքը կը պատահէր 1895 օգոստոս 12-ին (ն.տ. կիրակի օր մը): Քեռի կ'իմանայ այդ վերջին վայրագութեան լուրը ու առիթը այլեւս եկած կը համարէ վրէժխնդրութեան դաս մը տալ Երզնկայի վայրենի կառավարութեան: Իմանալով որ թիւրք գայմագամ մը Քէմախէն Երզնկա պիտի ճամբորդէ չորս զինւորի եւ հայ անասնաբոյժի մը, Պողոս Տատեանի (Գօլ-Աղասի) ընկերակցութեամբ՝ իր 17 հոգիէ բաղկացած խմբով կը փութայ անմիջապէս Երզնկա տանող Քէմախի կիրճը կտրել, ուր յաջորդ օրը կ'երեւին կառավարական այդ ճամբորդները:
Քեռի կը հրամայէ հեռուէն որ անձնատուր ըլլան. զօրքերը իրենց գործը հասարակ աւազակներու հետ կարծելով նախապէս՝ դիամդրել կը փորձեն, բայց երբ հայդուկներու փոխադարձ պատասխանը «չավուշ» մը գետին կը փռէ, սուլթանի հաւատարիմ ծառաները ետ փախչելու իրենց սովորութեան կը դիմեն, ու հակառակ կողմէն ալ ճամբանին փակւած գտնելով՝ անձնատուր կ'ըլլան: Հայդուկապետը կը հրամայէ կեանքերնուն չդպչիլ, քանի որ անձնատուր եղած էին, ու կը գոհանայ միայն զէնքերնին ու խմբին հարկաւոր քանի մը գոյքեր առնելէ վերջ՝ Սեպուհի ժայռերը հեռանալ:
Յաջորդ օրը երզնկայի Դ-րդ զօրաբանակէն Եավէր Ահմէտ պէյը մօտ 1,500 զօրքերով կը սլանայ Քէմախ, հայդուկային խումբը բռնելու կամ զայն կոտորելու: Կը պաշարէ Ս. Մեծ-Լուսաւորիչ վանքը, ինչ որ կը դժւարացնէ խմբին յարաբերութիւնները վանքին հետ ու պատճառ կը դառնայ երկար օրեր անոր անօթի ու ծարաւ մնալուն: Ստիպւած՝ Քեռին կը հեռանայ իր բռնած ամուր դիրքէն, որուն մօտեցած էր արդէն՝ դաւաճաններու տւած տեղեկութիւններու շնորհիւ՝ տաճիկ բանակը: Հազիւ կը մօտենան հայդուկները մերձակայ հեղեղատին ու ջուր խմել կ'ուզեն, ահա զինւորական փողերը կըսկսին հնչել ու հազարաւոր գնդակներ կը թափւին իրենց գլխին վրայ: Քեռին կ'ըմբռնէ իր խմբին դրութեան բոլոր փափկութիւնը ու կը հրամայէ դիմացի լեռը մագլցել: Վերելքը դժւար էր ինքին քաղցած ու ուժաթափ հերոսներուն համար, երբ սուր ճիչ մը անոնց ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր ու աւելի ծանր պարտականութեան մը առջեւ կը դնէր զանոնք: Վիրաւորւած էր Քեռիի քոյրը, խմբին հերոսուհին ու դեռատի Ժան տ'Արքը, ու «վրէ՜ժ, եղբա՛յր» կը գոչէր: Պէտք չէր զայն բարբարոս թշնամիին գազանաբարոյ ախորժակին յանձնել, պէտք էր զայն ազատել: Քեռին ետ կը դառնայ ու յանդուգն պաղարիւնութեամբ մը իր քրոջ կը մօտենայ, կ'առնէ զայն իր ուսերուն վրայ, կը բարձրանայ զառիվերը՝ իր ականջներուն տակէն սուլ-սուլացող գնդակներու հանած ծուխին ու փոշիին մէջէն, եւ կը պատսպարէ ժայռի մը ետին: Այդ դիւցազնական արարքը հրաշքի մը տպաւորութեան տակ կը թողու զօրք ու զօրավար:
–Ա՜հ, եթէ այդքան
քաջ զինւոր մը միայն ունենայի... կը գոչէ պոնպաշին:
–Ա՜հ, եթէ այդքան
քաջ պինպաշի մը միայն ունենային... կը գոչեն զինւորները յուսահատ, որոնք արդէն «Մահմէտի
ճէննէթը» գլորւիլ սկսած էին, բարձրութեանց վրայ ապահով դիրքի հասած հայ հերոսներու
անվրիպելի գնդակներէն:
Հայդուկային խումբի իր կռիւը հերոսաբար կը շարունակէ, նահանջող
սիստէմով մը, ու կըզբաղեցնէ մինչեւ ամսոյն 20-ը թրքական խռպոտ զօրքերը: Քեռիի հրահանգներու
համաձայն՝ ընկերները խումբ-խումբ կը բաժնւին իրարմէ, զիրենք հետապնդող զօրաբանակին
ռազմագիտական բոլոր հնարագիտութիւնը պարապը հանելու նպատակաւ ու զիրար կը գտնեն անտառի
մը խորը, ուր ժամադիր եղած էին այդ եղերական կռւոյն մէջ:
Խումբէն կը պակսէին հինգ ընկերներ միայն, որոնցմէ երեքը ողջ բռնւած էին ու երկուքը, Արմենակ Պօյաճեան* ու Սեպուհ Գալայճեան,
սպաննւած՝ դիւցազնական պայքարէ մը յետոյ: Իսկ բանակը կը վերադառնայ Երզնկա, 15 օր թափառելէ
վերջ Սեպուհի ձորերուն մէջ, ունենալով 60 զինւորի կորուստ եւ 150-ի չափ վիրաւոր:
*
* *
Քեռիի քաջագործութիւնները շատ-շատ են: Պատմենք երկւո դէպք եւս:
Ք*** գիւղին
շէյխը անխղճօրէն կը հարստահարէր մերձակայ հայ ազգբնակութիւնները: Քեռի չի վարանիր օր-ցերեկով
անոր տունը մտնել քանի մը ընկերներով, վրէժխնդրութեան ոգւով վառւած: Շէյխը բացակայ՝
տունը կը գտնւէին անոր հարճը ու ծեր մայրը: Այն պահուն, երբ Քեռին կ'ուզէ աւարի տալ
տունը, հարճը, որ աննկատելի մնացած էր, երդիկ կը բարձրանայ ու հավար կը կանչէ: Քեռի
կը պաշարւի դաշտերուն մէջ աշխատող բոլոր մշակներէն, մանգաղով ու գաւազանով զինւած,
եւ միեւնոյն ատեն 50 ձիաւոր զօրք իխմբէ մը, որ պատահմամբ այդ միջոցին, գիւղէն կ'անցնէր
ու կ'ուզէր պահ մը հոն հանգստանալ: Քեռի դւորս կը ցատկէ տունէն ու կը հրամայէ դէպի
բլուրը գտնւող կէտը բռնողբ ազմութեան վրայ կրակ ընել: Պաշիբօզուքները սարսափահար կը
փախչին այդ կէտէն՝ ու կը թողուն ազատ անցք մը դէպի բլուրը: Երկու-երեք ընկեր, աջ ու
ձախ պաշտպանւած իրենց գիւղին մէջ գտնւած ընկերներէն, կը յաջողին բլուրը հասնիլ ու իրենց
կարգին պաշտպանել այս վերջինները՝ աջ ու ձախ գնդակահարելով բազմութեան երկու թեւերը:
Քեռի՝ իր այս ռազմագիտական հնարագիտութեամբ, կը յաջողի իր ընկերներով անհետանալ, մէկ
հեծելազօրք մեռած ու քանի մը պաշիբօզուք վիրաւոր ձգելէ վերջ:
Իրիկունը ուշ ատեն յաոգնած կը մօտենայ հայ Ա*** գիւղին խմբովին, հաց
ճարելու համար: Գիւղապետը սարսափահար Քեռիի ոտքը կ'իյնայ ու «օգնութի՜ւն» կը խնդրէ:
Այդ վայրկեանին, իրօք, գիւղապետին տունը իջած՝ կ'ուտէին, կը խմէին քիւրդ հռչակաւոր
աւազակներ, որոնք երկար ժամանակներէ ի վեր հայ գիւղերու պատուհասները դարձած էին: Վարանելու
ժամանակ չկար: Քեռի քանի մը ընկերներով կը մտնէ գիւղապետին տունը ու յանկարծակիի եկողի
մը բոլոր երեւոյթովը՝ քրդական լեզւով կը բարեւէ աւազակապետը ու անոր չորս ընկերները:
Կը պարզէ անոնց իր մէկ գեղեցիկ մտադրութիւնը, խոշոր աւազակային ձեռնարկ մը, ու կը հրաւիրէ
զանոնք այն իրիկուն իսկ զայն իրագործել՝ միացած ուժերով: Քիւրդ աւազակները սիրայօժար
կը համաձայնին: Գիւղապետին հարսը այդ միջոցին բարեւ բռնած՝ կը սպասէր քիւրդ աւազակապետներուն
իրեն սահմանած եղերական զայրկեանին, երբ Քեռի անոր ներկայութիւնը աւելորդ կը համարէ
եւ կը թելադրէ թողուլ զայն: Իր ընկերներով ճաշելէ վերջ, Քեռի կը հեռանայ աւազակներով
գիւղէն, ու ոփխանակ իրագործւելիք ծրագիրը առաջնորդելու՝ կ'առաջնորդէ զանոնք ձորերու
մէջ:
Հրացանի քնգեակ պայթումներ պահ մը կը խզեն գիշերային լռութիւնը...
Հայաստանի լեռներն ու ձորերը կը կրկնեն այդ արդար վճիռը ու կը ձայնակցին անոր անայլայլ,
որուն իրաւարար ու գործադրող կը կանգնէր հայ հայդուկի հրացանը
*
* *
Քեռիի քոյրը չէր միայն, որ իր եղբօր օրինակին հետեւած էր Շիշմանեան
ընտանիքին մէջ: Քեռիի փոքր եղբայրը Խորէն եւս իր 15 տարեկան հասակէն յեղափոխութեան
քաջ ու խիզախ զինւոր մը դարձած էր: Այն յեղափոխական քարոզչութիւնը, զոր Խորէն կ'ընէր
իր դպրոցական դասընկերներու մէջ՝ անկարելի է չյիշել հոս կը հաւաքէր իր շուրջը զանոնք
ու պատանեկան համոզւած պարզամիտ խանդավառութեամբ մը ոգեւոր՝ դէպի բարբարոսութիւնն ու
բռնակալութիւնը անոնց նողկանքն ու զզւանքը կ'արթնցնէր: Խորէն՝ Արխանեան խմբին մէջ կը
փայլի ու կը զոհաբերւի, հակառակ Քեռիի կամքին, որ զինքը տակաւին պզտիկ կը գտնէր յեղափոխական
հայդուկային գործունէութեան: Մինչեւ Արխանեան խումբը կը յանձնւէր, Խորէն նախամեծար
կը համարէր մահը քան շղթայակապ բանտը: Կը թողու քարայրը, ուր իր ընկերները կը գտնւէին
չորս-հինգ օրէ ի վեր պաշարւած, կը սլանայ զօրքին ու ամբոխին վրայ ու տասնեակ զինւորներ
սպաննելէ վերջ՝ վիրաւոր թշնամիին ձեռքը կ'իյնայ, որ վատաբար կը յօշոտէ ինքզինքը պաշտպանելու
կարողութենէն զրկւած առիւծը:
*
* *
Կը թողունք որ ապագայն ցոյց տայ մեծութիւնը եւ ճշդութիւնը այն
ծրագրին, զոր Քեռի գծած էր իր յեղափոխական գործունէութեան համար, որուն հեռապատկերն
էր Տէրսիմը... Ծրագիր մը, աւա՜ղ, այսօր զրկւած իր ամենէն եռանդուն գործադրիչէն:
Քեռի կը մասնակցի Դաշնակցութեան 1898-ի Ընդհանուր Ժողովին: Երզնկա
վերադարձին կը ձերբակալւի Տրապիզոնի մէջ, բայց քիւրդ ձեւացնելով ինքզինքը՝ կ'ազատի
այդ ծանր կացութենէն:
Վերջերս, սակայն, վերստին Երզնկայի կառավարութեան ձեռքը կ'ինայ,
շնորհիւ իր եղբօր Գրիգորի, որ խաղալիք դարձած էր Իւրֆէթ պէյ կոչւած երզնկացի զինւորականի
մը ձեռքին մէջ, Զէքի փաշայի Եավէրը, ու խաբւած անոր նենգամտութենէն:
Քեռի կախաղան կը բարձրանայ 1903 յունիս 10/23-ին երեք տարիի չափ
Երզնկայի բանտին մէջ շղթայակապ տառապելէ վերջ: Բայց ինչո՞ւ այդքան յապաղում, համիդական
այդ նենգ վրիժառութեան գործադրութեան մէջ...
Իր կորուստը դառն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար: Ու
այդ կորուստը աւելի խոշոր դաս մը կուգայ տալ յեղափոխութեան նւիրւած հերոսներուն, թէ
երբէք պէտք չէ խաբւիլ տաճկին նենգամիտ խոստումներէն, եւ որոնք պիտի գիտնան թանկ ծախել
իրենց արեան ամենավերջին կաթիլն իսկ:
Քեռին հազիւ 38 տարեկան էր:
Թո՛ղ կախաղան բարձրացնէ նենգամիտ տաճիկը. Հայ հերոսը պիտի հեգնէ
այդ մահը՝ համոզւած թէ չպիտի ուշանայ վրէժխնդրութեան յորդածաւալ մրրիկ մը, որ պիտի
պոռթկայ հայ յեղափոխականներու հրացաններէն, որոնք խուռներամ պիտի ուխտաւորին դէպի այն
կանգուն խորանները, օծւած հայ հերոսներու տաք արիւնով:
Յարգա՜նք անմահացող Հերոսին յիշատակին:
*) Արմենակ Պօյաճեան դպրոցը նոր աւարտած 18 տարեկան բարձրահասակ ու բարեկազմ երիտասարդ
մըն էր: ՈՒնէր բնաւորութիւն մը յանդուգն ու խիզախ, ինչ որ ցոյց տւած էր՝ այն բազմաթիւ
կռիւներով, զորս մղած էր իր դպրոցական կեանքին մէջ՝ Երզնկայի թրքական թաղին լակոտներուն
դէմ, որոնք խմբովին, յաճախ, կը յարձակէին հայ դպրոցականներու վրյ, երբայս վերջինները
յանդգնութիւնը կ'ունենային թրքական փողոցներէն անցնելու: Արմենակ Պօյաճեանի անունը
սարսափեցուցած էր այդ մոնկոլական վոհմակները, որոնցմէ ոմանք ցիրուցան եղած էին չարարար
ծեծւելէ ու քթերնին-բերանին կոտրտւած տեսնելէ վերջ:
Քէմախի հռչակաւոր կռիւը այդ ապագայ հերոսին մահւամբ մատ ճնշող
տպաւորութիւն գործեց Երզնկայի յեղափոխական շրջանին մէջ:
«Դրօշակ» - Սեպտեմբեր 1903
Թիւ 8 (139)