15 June, 2022

Ցրոնքցի Մուրատը

Օգտագործուան նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

ՄԵՐ ԶՈՀԵՐԸ. ՑՐՈՆՔՑԻ ՄՈՒՐԱՏԸ

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Յունիս 15-ին, Պէյրութ, Համմանայի Սանաթորիումին մէջ, վախճանւած է ընկ. Մուրատ Պետրոսեանը՝ Ցրոնքցի խմբապետ Մուրատը՝ մէկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնազոհ մարտիկներէն:

Հանգուցեալ ընկերոջ կենսագրութիւնը կուտանք յաջորդ անգամ:

«Դրօշակ» - Յուլիս 1927
Թիւ 7 (266)

Ցրոնքցի Մուրատ

Յունիս 15-ին, Համմանայի բուժարանին մէջ, Պէյրութի մօտ, երկարատեւ հիւանդութենէ մը յետոյ, մեռաւ Դաշնակցութեան անձնազոհ մարտիկներէն մէկը՝ Ցրոնքցի Մուրատը:

Հանգուցեալը Մուշի շրջանի Ցրոնք գիւղէն էր: Իր իսկական անունն էր Մուրատ Պետրոսեան: Երիտասարդական վաղ հասակէն, շատերուն պէս, ան ալ մտաւ շարքը ուխտեալ մարտիկներու եւ պայքարեցաւ յանուն Հայրենիքի ազատութեան: Ապա անցաւ Ամերիկա, ուր մնաց քանի մը տարի, իբրեւ գործարանային բանւոր եւ եռանդուն անդամ Հ.Յ.Դ. Հուայթինովիլի կոմիտէի:

Կամաւորական շարժումը Մուրատն ալ քաշեց դէպի ռազմադաշտ, ուր մասնակցեցաւ բազմաթիւ ճակատամարտներու, աչքի ընկաւ իր յանդգնութեամբ ու քաջութեամ եւ զինւորական կարեւոր ծառայութիւններու համար վարձատրւեցաւ պատւանշաններով:

Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութենէն ետքը, մանաւանդ, մայիսեան շարժումներէն սկսած Մուրատ մասնակցեցաւ բոլշեւիկներու եւ թուրքերու դէմ մղւած կռիւներուն, իբրեւ կամաւորական խմբերու անդամ ու խմբապետ: Առանձնապէս աչքի ընկաւ քաջութիւններով Փետրւար 18-ի յեղափոխութենէն յետոյ՝ բոլշեւիկներու դէմ մղւած ինքնապաշտպանական կռիւներու մէջ: Եւ հակառակ ծանրապէս վիրաւորւած ըլլալուն, երբ տասնեակ հազարաւոր բազմութիւնը, յուսահատական կռիւներէ ետք, բռնեց Պարսկաստանի ճամբան, Մուրատ եւս, ընկերներու օժանդակութեամբ, անցաւ Միլի ձոր ու Զանգեզուր եւ ապաստանեցաւ Թաւրիզ: Ապա տեղափոխւեցաւ Սուրիա, ուր եւ գտաւ իր վերջնական հանգրւանը տակաւին երիտասարդ հասակին մէջ:

Կերազէր անգամ մըն ալ տեսնել հայրենի աշխարհը. անգամ մըն ալ զոհ բերել իր անձը հայ ժողովրդի ազատութեան սեղանին: Բայց իր երազները մնացին անկատար: Եւ իր ընկերներուն կը մնայ այդ անկատար երազներու իրականացման պարտականութիւնը եւ պատիւը միաժամանակ:

«Դրօշակ» - Հոկտեմբեր 1927
Թիւ 10 (269)