02 December, 2022

Նամակ Պարսկա-Տաճկական Սահմանագլխից

1 փետրւար 1900

Վասպուրական գացող զինատար խմբակը դեկտեմբեր 2-ին (1899), Ապաղայի Խազան հայի գիւղի սահմանից դուրս գալիս, նկատւում է քիւրդերից: Հաւար է ընկնում:

01 December, 2022

Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլէզիկճի)

Silence and secrecy
GARLYLE

Պարագաներու բերումով ուշ մնաց «Դաշնակցութեան» կողմէ վաղամեռ հայրենասէրի յիշատակին նւիրւած յարգանքը: Այդ յիշատակը, թէեւ կարճատեւ, սակայն միշտ կը պահէ իր անթառամ այժմէութիւնը:

30 November, 2022

Յեղափոխական Շանթը

Շանթը յեղափոխական էր:

Յեղափոխական էր նա իր խառնուածքով, իր գործերով, ձգտումներով ու մտածումներով:

Շանթը յեղափոխական հայ էր:

Եթէ նա չնետուեց արիւնռուշտ ու մահաբեր գուպարների մէջ, եթէ չերեւաց մրրիկի թեւերի վրայ, ոչ թէ որովհետեւ խուլ էր հայաշխարհը սարսող որոտումին, այլ որովհետեւ անզուսպ կիրքն ունէր ապրելու: Ապրելու հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար:

Լեւոն Շանթ (1869-1951)

Լեւոն Շանթ իր կրթութեամբ եւ գործածած լեզուով ինքնայատուկ դէմք մըն է մեր գրականութեան մէջ:

Ծնած է Պոլիս, 1869ին, նախնական կրթութիւնը ստացած է իր թաղին նախակրթարանը եւ ապա Սկիւտարի վարժարանը, ուր կը շարունակէ աշակերտիլ մինչեւ 1883: Աչքի կը զարնէ իբրեւ ուշիմ աշակերտ:

28 November, 2022

ՏԱՏՐԱԿ, ԱՍՈՂԻԿ. Գեղամ Տէր Կարապետեան

Տարօնի զաւակ էր Գեղամը, Մշոյ դաշտի Խէյրիան գիւղացի Կարապետ քահանայ Տէր Կարապետեանի որդին: Ծնած էր 1865ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր ծննդավայրին մէջ, հօր խնամքին տակ, որ ջերմեռանդ հաւատացեալի եւ ուսումնասէր մարդու համբաւ ունէր: Այնուհետեւ, շուրջ եօթը տարի, մինչեւ 1883, յաճախած է Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց դպրոցը եւ ատեն մըն ալ Մուշի Միացեալ Ընկերութեան վարժարանը, եւ, վերջապէս, երկու տարի (1885-87) աշակերտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը:

25 November, 2022

ՌՈՒԲԷՆ. Մինաս Տէր Մինասեան

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Մեր ողբացեալ ընկերը, որ Նոյ. 27-ին անակնկալ կերպով մեռած է Փարիզի մէջ, մէկն էր անոնցմէ, որոնք կը խուսափին իրենց մասին խօսելէ: Ընկ. Ռուբէն՝ համեստ էր խառնուածքով, ոչինչ կը յայտնէր իր կեանքի մասին, հետեւաբար դժուար է կենսագրական վաւերական տեղեկութիւններ գտնել: Կուտանք քանի մը ծանօթութիւներ միայն, յուսալով որ իրազեկներ պիտի ամբողջացնեն զանոնք եւ պիտի պատմեն զարմանալի կերպով հարուստ իր կեանքը.–

Սեւ-Քարեցի Սագօի Յիշատակին

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Գըզըլ-Աղաճ գիւղի պետ եւ նշանաւոր վաշխառու Ճէզայիր աղան, իր երկու ծառաներուն հետ, երբ կը շրջագայէր, իր սրատես աչքերէն չի վրիպեցան երկու հայ, որոնք հեռուէն իրենց կը մօտենային: Անոնցմէ մին միջահասակ, թիկնեղ, խոշոր ու կլոր երեսով, սեւ եւ անոյշ աչքերով, լայն ճակատով մարդ մըն էր: Աղան, հետաքրքրութենէ մղուած, անմիջապէս մօտեցաւ անոնց եւ հարցուց առինքնող հայուն: