30 November, 2022

Լեւոն Շանթ (1869-1951)

Լեւոն Շանթ իր կրթութեամբ եւ գործածած լեզուով ինքնայատուկ դէմք մըն է մեր գրականութեան մէջ:

Ծնած է Պոլիս, 1869ին, նախնական կրթութիւնը ստացած է իր թաղին նախակրթարանը եւ ապա Սկիւտարի վարժարանը, ուր կը շարունակէ աշակերտիլ մինչեւ 1883: Աչքի կը զարնէ իբրեւ ուշիմ աշակերտ:

Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որ հիմնուած է 1869ին եւ որուն կանոնաւոր աշխատանքները սկսած էին 1874ին, աշակերտներ կը հաւաքէր թէ՛ արեւելահայ եւ թէ արեւմտահայ շրջաններէն, անոնց բարձրագոյն ուսում տալու համար: 1883ին Էջամիածնի հաւանութեամբ 30 աշակերտներ պիտի ղրկուէին, Պոլսէն եւ գաւառէն, Գէորգեան Ճեմարան:

1884ին, գիշերօթիկ աշակերտներու շարքին, Շանթն ալ կ'ընդունուի Էջմիածին: Ճեմարանը կ'աւարտէ 1891ին, 22 տարեկան հասակին: Վերադառնալով Պոլիս, անմիջապէս կը նետուի գրական ասպարէզ եւ կը գրէ իր Մնաք Բարովի Իրիկունը, որ իբր թերթօն կը հրատարակուի Հայրենիքի մէջ:

1890-95 արեւմտահայ գրականութեան խանդավառ շրջանն է, Զոհրապի, Արփիարեանի, Հրանդի, Բաշալեանի ժամանակաշրջանը, որ իրապաշտ գրականութիւն մը պիտի ստեղծէր, վերջ տալով վիպական շրջանին: Լեւոն Շանթ Պոլսոյ գրական այդ մթնոլորտին մէջ կը գտնէր քաջալերանք, կը գնահատուէր արդէն անուն դարձած վարպետներէն եւ կ'ոգեւորուէր այդ նոր շարժումով:

Տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, իր ուսումը կատարելագործելու համար կ'անցնէր Գերմանիա, կը հետեւէր մանկավարժութեան եւ իր ուսման ընթացքը կ'աւարտէր 1897-ին: Եօթը տարուան այս ուսանողութեան շրջանին իր գրական գործունէութիւնը կը շարունակէր եւ իր ստեղծագործութիւնները կը յաջորդէին իրարու:

1892ին լոյս կը տեսնեն Լերան Աղջիկը եւ Երազ Օրերը: 1894ին կը հրատարակէ Դուրսեցիները վէպը: 1895ին լոյս կ'ընծայէ իր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն, Երգեր վերնագրով: Այս բանաստեղծութիւնները գրուած են 1891:1894 թուականներուն: 1895ին կը հրատարակէ Վերժինը, 1897ին՝ Դարձը եւ 1898ին՝ Դերասանուհին:

1900ին կը թողու Եւրոպան ու կ'անցնի Կովկաս, ուր կ'ապրի 10 տարի: Կը պարապի ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: 1903ին կ'ամուսնանայ եւ կը կազմէ իր ընտանիքը: 1901ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին թատերակը՝ Եսի Մարդը, 1903ին՝ Ուրիշին համար, 1904ին՝ Ճամբուն վրայ թատերակները:

Այս հրատարակութիւններով՝ Լեւոն Շանթ կը բոլորէ երիտասարդութեան եւ հասունութեան երկու տասնեամեակները: 1905էն ետք Լեւոն Շանթ կը մտնէ իր ստեղծագործութեան երրորդ շրջանը եւ կը հասնի իր փառքի բարձրութեան Հին Աստուածներով, գրուած 1909ին եւ հրատարակուած 1912ին:

Կովկասի մէջ անցուցած իր տասնամեայ շրջանին, ուսուցչական կեանքին հետ միասին, արեւեկահայ գրական ընտրանիին հետ հոսանք մը ստեղծած է, գործակցելով Յ. Թումանեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Ղ. Աղայեանին, Դ. Դեմիրջեանին եւ Ն. Աղբալեանին: Այս խումբը, Յ. Թումանեանի գլխաւորութեամբ, կազմած էր գրական խմբակ մը Վերնատուն անունով: Կը ձգտէին վաւերական գրականութեան մը ստեղծման, իբրեւ արուեստագէտ դէմքերը արեւելահայ գրականութեան:

Լեւոն Շանթ ունեցած է նաեւ մեծ գործունէութիւն մը դասագրքերու կազմութեան մէջ, գործակցելով Թումանեանին, Աղայեանին եւ Ստեփան Լիսիցեանին:

1912ին կը գրէ Կինը ընդարձակ վիպակը. 1913ին կը լրացնէ Կայսրը, որ լոյս կը տեսնէ աւելի ուշ:

1914ին համաշխարհային պատերազմին կ'անցնի Եւրոպա, հոնկէ՝ Կովկաս եւ Պաքու: Մինչեւ 1920 Լ. Շանթ կը մասնակցի մեր հանրային, քաղաքական եւ մտաւորական գործունէութեան, կ'ընտրուի Հայաստանի Խորհդարանի անդամ եւ կ'ըլլայ նախագահներէն մէկը նոյն ժողովին: Եղած է Մոսկուայի բանակցութեան պատուիրակութեան նախագահ (1920): 1921ին Հայաստանի պետական գործիչներու եւ մտաւորականներու հետ կը թողու Հայաստանը եւ կ'անցնի Պարսկաստան: Այս թուականէն ետք Լեւոն Շանթ կ'ապրի արտասահմանի մէջ: Եւրոպա, Եգիպտոս, միշտ գրական եւ կրթական գործերով զբաղած:

1927 Մայիս 28ին շարք մը հանրային գործիչներու հետ կը հիմնէ Համազգային Ընկերութիւնը, որ Պէյրութի մէջ կը բանայ Հայ Ճեմարանը իր եւ Նիկոլ Աղբալեանի տնօրէնութեամբ:

1921էն մինչեւ մեր օրերու երկարող կեանքը չորրորդ շրջանը կը կազմէ Լեւոն Շանթի գրական գործունէութեան, հասուն տարիքէն դէպի ծերութիւն երկարաձգուող 30 ամեակ մը: Այս ժամանակաշրջանին գրած է.– 1918ին Շղթայուածը, 1921ին Ինկած Բերդի Իշխանուհին, 1923ին Մեր Անկախութիւնը, Ի՞նչ է Ազգութիւնը, Ժողովուրդը եւ Մտաւորականութիւնը, 1947ին Հայ Բանահիւսութիւնը հատորները:

Լ. Շանթի գրական վաստակը կարելի է զատել այն բաժանումներով, որ վերը թուեցինք:

Կ. Սասունի
«Հայրենիք», Պոսթոն
70-րդ Տարի, Թիւ 17258
Շաբաթ, Ապրիլ 19, 1969