28 November, 2022

ՏԱՏՐԱԿ, ԱՍՈՂԻԿ. Գեղամ Տէր Կարապետեան

Տարօնի զաւակ էր Գեղամը, Մշոյ դաշտի Խէյրիան գիւղացի Կարապետ քահանայ Տէր Կարապետեանի որդին: Ծնած էր 1865ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր ծննդավայրին մէջ, հօր խնամքին տակ, որ ջերմեռանդ հաւատացեալի եւ ուսումնասէր մարդու համբաւ ունէր: Այնուհետեւ, շուրջ եօթը տարի, մինչեւ 1883, յաճախած է Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց դպրոցը եւ ատեն մըն ալ Մուշի Միացեալ Ընկերութեան վարժարանը, եւ, վերջապէս, երկու տարի (1885-87) աշակերտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը:

Ուշիմ, ուսումնասէր եւ յամառ աշխատող՝ Գեղամ դպրոցական տարիներուն կը յաջողի ձեռք բերել մտաւոր մեծ պաշար եւ հայոց պատմութեան ու մատենագրութեան մասին լուրջ ծանօթութիւն: Պատանեկութեան շրջանէն իսկ իր մէջ արմատացած էր գրականութեան, գիրի ու դրպցութեան հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն եւ սէր: Երբ Գէորգեան Ճեմարանէն վերադարձաւ իր ծննդավայրը, արդէն մտքով ու նկարագրով կազմաւորուած երիտասարդ էր: Հայրը կ'ուզէր, որ որդին իրեն յաջորդէ ու քահանայ ըլլայ: Բայց եկեղեցական սքեմը չէր հրապուրեր Գեղամը, որ 1888ին հաստատուեցաւ Մուշ՝ իբրեւ Առաջնորդարանի քարտուղար:

Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը
(Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Ութսունական թուականներուն, ինչպէս ամէն տեղ, Տարօն եւս կ'ապրէր հայրենասիրական խմորումներու շրջան մը: Խրիմեան Հայրիկի, Մ. Սարեանի եւ Կովկասէն եկած «առաքեալներու» ազդեցութեան տակ կը պատրաստուէր հայրենասիրական ըմբոստ սերունդ մը, որ այլեւս չէր ուզեր համակերպիլ թուրք եւ քիւրտ հարստահարիչներուն: Մարգար Վարժապետ եւ Ներսէս վարդապետ Ղարախանեան լուսաւորութեան սերմեր կը ցանէին գիւղացիութեան խոպան դաշտերուն մէջ եւ երիտասարդներուն մէջ վառ կը պահէին ազատութեան եւ հայրենասիրութեան կրակը: Հայոց լեռներուն մէջ սկսած էին երեւիլ հայ «աւազակներ», որոնք անողոք կռիւ կը մղէին քիւրտերու դէմ: Արաբոյի անունը կը թնդար ամէն կողմ:

Այս շարժումին հաղորդակից էր նաեւ Գեղամ, որ Կովկասէն վերադարձած էր յեղափոխական գաղափարներով համակուած: Իբրեւ Առաջնորդարանի քարտուղար, ան յարաբերութեան մէջ էր շատ շատերու հետ եւ մօտէն ծանօթ՝ բոլոր անցուդարձերուն: Հայ ժողովուրդին անմխիթար վիճակը ցասումով կը լեցնէր զինք:

1889ին, կը պատահի Գիւլիզարի դէպքը: Իր շահատակութիւններով ծանօթ քիւրտ Մուսա բէկը կ'առեւանգէ Ղարս գիւղէն Մերոյի աղջիկը՝ Գիւլիզարը: Այս դէպքը վրդովում կը պատճառէ բոլոր հայութեան՝ Պոլսէն մինչեւ Կովկաս, արձագանգ գտնելով նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ:

Ամէն կողմ բողոք կը բարձրանայ. կը պահանջուի պատժել ոճրագործը: Մուշի մէջ այս շարժումին գլուխը կ'անցնի Գեղամ: Կառավարութիւնը կը ստիպուի տեղի տալ եւ Մուսա բէկը ձերբակաելով կը փոխադրէ Պոլիս՝ դատելու համար: Գիւլիզարի դատը հետապնդելու համար՝ Պոլիս կը մեկնին նաեւ յիսուն հայ գիւղապետներ: Գեղամ եւս կը հետեւի անոնց եւ Պոլսոյ մէջ, Պատրիարքարանին ու ազգային շրջանակներուն աջակցութեամբ՝ կ'աշխատի Գիւլիզարի դատի յաջողութեան համար: Այս առիթով կը ծանօթանայ մայրաքաղաքի մտաւորական ու գրական դէմքերուն:

Գիւլիզարի դատը կը վերջանայ Մուսա բէկի դատապարտութեամբ, որ մեծ խանդավառութիւն կ'առաջացնէ հայ հասարակութեան եւ, մասնաւորապէս, Տարօնի ժողովուրդին մէջ: Գեղամ յաղթականօրէն կը վերադառնայ Մուշ: Այլեւս ժողովուրդի աչքին բարձր հեղինակութիւն վայելող գործիչ էր եւ պայքարող երիտասարդութեան առաջնորդ: 1892ին կ'ամուսնանայ Գիւլիզարի հետ, բայց չի կրնար երկար ատեն մնալ Մուշ: Շուտով Մուշ կը վերադառնայ բանտէն «փախած» Մուսա բէլը՝ վրէժով լեցուած ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս Գեղամի դէմ: Եւ Գեղամ, ստիպուած, կը հեռանայ Տարօնէն եւ 1894էն 96 կը վարէ Տիգրանակերտի Առաջնորդարանի քարտուղարի պաշտօնը:

1896ին Գեղամ կը վերադառնայ Մուշ եւ Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը կը վարէ մինչեւ Սահմանադրութիւն՝ միաժամանակ վարելով ուսուցչութեան պաշտօն՝ Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ: Արդէն Դաշնակցութեան մէջ էր եւ ծանօթ Տատրակ ու Ասողիկ անուններով:

Գեղամ, Հրայրի, Վարդան վարդապետի եւ դուրսէն եկած գործիչներու հետ, կը դառնայ Տարօնի շրջանին Դաշնակցութեան սիւներէն մէկը: Կեդր. Կոմիտէի անդամ, «Դրօշակ»ի մնայուն թղթակից, ազգային եւ յեղափոխական գործերու գործօն մասնակից, անսահման սիրով նուիրուած հայ ժողովուրդի ու հայութեան դատին, աննկուն աշխատող՝ Գեղամ ձեռք կը բերէ ժողովրդական գործիչի լայն համբաւ ու համակրանք, ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս: Տարօնի մէջ պատահող որեւէ դէպք, ան օրը օրին կը տեղակացնէ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, Ժընեւ: Իր դերը յատկապէս կարեւոր կ'ըլլայ Սասունի կռիւներու եւ անոնց յաջորդող դէպքերու ընթացքին, 1904ին: Առաջնորդարանի զբաղումներուն եւ կուսակցական գործերու կողքին, Գեղամ կը զբաղէր նաեւ տնտեսական եւ կրթական հարցերով: Իր ջանքերով գիւղերու մէջ կը բացուին բազմաթիւ դպրոցներ: Ան կը պայքարէր հայ գիւղացիներու հողերուն բռնագրաւիչներուն դէմ: Հողային հարցին նուիրուած բազմաթիւ տեղեկագիրներ, ուսումնասիրութիւններ եւ լրագրական յօդուածներ գրուած են իր կողմէ:

Բեղուն կ'ըլլայ նաեւ Գեղամի գրական գործունէութիւնը: Երիտասարդ տարիքէն ան կը կատարէ գրական փորձեր, թղթակցութիւններ կը ղրկէ Պոլսոյ օրաթերթերուն եւ պարբերաթերթերուն: Բացի ընթացիկ նիւթերէն, ան ունի նաեւ բազմաթիւ գրուածքներ, պատմուածքներ, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, յիշատակարաններ եւ յուշեր, որոնց մէկ մասը միայն հրատարակուած է օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ, իսկ մեծ մասը կը մնայ անտիպ: Տարօնի Հայրենկց. Միութեան նիւթական աջակցութեամբ «Հայ Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ»ը, 1931ին, լոյս կ'ընծայեն «Տարօնի Աշխարհը – պատկերներ ու պատմուածքներ»ը:

Սահմանադրութենէն ետք, 1908ին, Գեղամ կ'ընտրուի ու կը մնայ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ մինչեւ 1915: Այդ ընտրութիւնը, եթէ մէկ կողմէ գնահատութեան եւ յարգանքի արտայայտութիւն էր իր հայրենակիցներուն կողմէ, միւս կողմէ՝ Տարօնը ունեցաւ իր իղձերուն եւ պահանջներուն աննկուն, անձնուէր եւ անկաշառ պաշտպանը՝ խորհրդարանէն ներս, կառավարութեան մօտ: Նոյն տարիներուն Գեղամ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ է՝ Տարօնի շրջանէն:

1915ի Ապրիլեան Եղեռնի օրերուն Գեղամ վարակուած էր հիւծախտէ, որուն պատճառով կ'ազատի աքսորէն: Ազգային վիշտը եւ ընկերներուն մահը, ազգի գլխուն հասած աղէտը աւելի եւս կը ծանրացնեն իր առողջական վիճակը: Գեղամ կը մեռնի 1918 Նոյեմբեր 28ին, վշտաբեկ, բայց եւ մխիթարուած Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով:

«Ազդակ», Պէյրութ
46րդ Տարի, Թիւ 253 (12,430)
Որբաթ, 5 Յունուար 1972
նկարները՝ houshamadyan.org-էն