25 November, 2022

ՌՈՒԲԷՆ. Մինաս Տէր Մինասեան

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Մեր ողբացեալ ընկերը, որ Նոյ. 27-ին անակնկալ կերպով մեռած է Փարիզի մէջ, մէկն էր անոնցմէ, որոնք կը խօւսափին իրենց մասին խօսելէ: Ընկ. Ռուբէն՝ համեստ էր խառնուածքով, ոչինչ կը յայտնէր իր կեանքի մասին, հետեւաբար դժուար է կենսագրական վաւերակա նտեղեկութիւններ գտնել: Կուտանք քանի մը ծանօթութիւներ միայն, յուսալով որ իրազեկներ պիտի ամբողջացնեն զանոնք եւ պիտի պատմեն զարմանալի կերպով հարուստ իր կեանքը.–

Ծնած էր Ախալքալաքի մէջ, 80-ական թուականներուն, բարեկեցիկ, հարուստ ընտանիքի մէջ: Բացի քոյրերէն, ունէր երկու եղբայրներ, Յարութիւն եւ Երուանդ Տէր Մինասեաններ, երկուքն ալ ուշագրաւ գործի մարդիկ: Ինք կրտսերագոյնն էր իր եղբայրներէն, որոնցմէ վերջինը՝ Երուանդը՝ մեռաւ պատերազմի ընթացքին, Պերլինի մէջ:

Ռուբէն իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Ախալքալաքի ծխական վարժարանին մէջ: Յետոյ, անցած է Գէորգեան Ճեմարանը, ամբողջացնելով իր հայեցի դաստիարակութիւնը: Ճեմարանէն ետք զինուորագրուած է եւ հասած թնդանօթաձիգ սպայի աստիճանին, իբրեւ դպրոցական: Ապա անցած է Մոսկուա եւ տարի մը եղած է ազատ ունկնդիր համբաւաւոր Լազարեան Ճեմարանին մէջ:

1904-ի աշնան, գաղափարական երիտասարդ, կը մասնակցի ականաւոր յեղափոխական Նիկոլ Դումանի խումբին եւ Կոթուրի կռուին (թւորք եւ պարասիկ սահմանին վրայ): Կռիւէն ետք կ'երթայ Խոյ եւ յետոյ կ'անցնի Սալմաստ: Շատ չանցած, կը ցրուի խումբը եւ բոլորը կը վերադառնան Կովկաս:

Տարի մը ետք, 1905-ին՝ կը մտնէ Վասպուրական, ուր կային արդէն Արամը, Իշխանը եւ Կողբեցի Տիգրանը: Մօտ տարի մը կը մնայ Վասպուրական ու 1906-ի Մայիսի վերջերը կ'անցնի Տարօն, իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ ղեկավար՝ Գէորգ Չաւուշի հետ: Կը գործէ Տարօնի մէջ՝ մինչեւ Օսմ. Սահմանադրութիւն (1908):

Տարօնի մէջ կ'ունենայ կազմակերպական եւ յեղափոխական բեղուն գործունէութիւն, բազմաթիւ կռիւներ ունենալով քիւրտերու եւ թուրքերու հետ:

Ատեն մը Պոլիս մնալէ ետք, 1909-ին, Մարտ 31-ի յետադիմական տարիներու ընթացքին, կը մասնակցի ինքնապաշտպանութեան ձեռնարկներու, հաւանական վտանգի մը ի նախատեսութիւն:

Պոլսէն կ'անցնի Զուիցերիա ուր կը հետեւի համալսարանական դասընթացքի, քիմիաբանութեան:

1913-ին, կուսակցական գործով դարձեալ Մուշ կ'անցնի. կը մասնակցի Էրզրումի Ընդհ. ժողովին (1914-ի ամառը) եւ կրկին կը վերադառնայ Մուշ: Բայց, շատ չանցած, Իթթիհատի բորենիներուն կասկածը հրաւիրելով իր վրայ, կը հետապնդուի իբրեւ ղեկավար: Ռուբէն կ'անցնի Սասունի լեռները, ուր կը հետապնդուի Տարօնի տեղահանութեան օրերուն: Կ'ունենայ բազմաթիւ կռիւներ ու ընդհարումներ թուրք զօրքերու հետ: Ինքն է որ կը ղեկավարէ այս կռիւները, եւ երբ ոչ գնդակ ու ոչ ուտելիք կը մնայ, խումբ մը մարտիկներով, Կոմսի հետ միասին, կը հեղքէ թրքական շղթան ու կ'անցնի ռուսական բանակը (Ալաշկերտի շրջանը): Կը հասնի յետոյ Թիֆլիս, ուր 1917-ին, կը դառնայ Ազգային Բիւրոյի ամէնէն հեղինակաւոր անդամներէն մէկը, իր ծանօթութեամբ, իրատսութեամբ եւ վճռականութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրով զինուորական եւ ներքին գործերու նախարար էր Օհանջանեանի կառավարութեան մէջ: Այդ շրջանին է որ պատմական դեր կատարեց Հայաստանի բնակչութեան հայացման գործին մէջ:

Հայաստանի խորհրդայնացման պահուն, երբ իշխանութիւնը կը յանձնուի բոլշեւիկներուն, Ռուբէն կ'անցնի Զանգեզուր, ուր կը մնայ բաւական երկար, մինչեւ Փետրուարեան ապստամբութեան հետեւող նահանջը: Զանգեզուրէն կ'անցնի Պարսկաստան, Թաւրիզ, անկից Փարիզ եւ յետոյ Եգիպտոս, Պաղեստին, Լիբանան եւ պատերազմէն ետք՝ դարձեալ Փարիզ:

Ռուբէն երկար տարիներ վարած է կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ, մասնակցելով բարձրագոյն Մարմիններու: Սակաւախօս ու մտքով գործնական, յստակատես ու վճռական իր խառնուածքով, յարգանք կը պարտադրէր բոլորին: Խոր տպաւորութիւն կը թողուր ոչ միայն հայերու, անծանօթներու, այլեւ օտար պետական դէմքերու վրայ, երբ շփման մէջ կը մտնէր անոնց հետ: Ծանօթ էր, մասնագէտի մը նման, Մերձ. Արեւելքի երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, մասնաւորաբար թուրք եւ արաբ ժողովուրդներուն: Ինքնատիպ ու հետաքրքրական էին իր դասախօսութինները՝ ինչպէս նաեւ իր յօդուածները եւ հրատարակուած գործերը:

Իբրեւ յուշագիր, «Հայրենիք» Ամսագրի զարդն էր շուրջ 30 տարիէ ի վեր, յեղափոխական դէմքերու եւ դրուագներու իր շքեղ ներկայացումներով:

Պարզ էր, ջերմ ու համակրելի՝ իր ընկերական յարաբերութեանց մէջ եւ գիտէր մէկ ակնարկով չափել իր խօսակիցներու արժէքը:

Նախանցեալ ամառ, երբ ընկերներ՝ Արփաքսատ Սեդրակեան, Հարրի Քարեան եւ Ալէք Փիլիպոս Պէյրութ ու Սիւրիա այցելեցին, հանդիպեցան Փարիզ, յատկապէս ողբացեալ Ռուբէնին հանդիպելու համար: Մեր ընկերները վերադարձան հմայուած: Այդ հանդիպումէն ետքն է որ ընկ. Քարեան ու Ալէք Փիլիպոս նախաձեռնարկ եղան Յեղափոխականի իր յուշերը հրատարակելու, տասնեակ մը հատորներու մէջ: Շուտով հրապարակ կ'ելլէ հաւանաբար Ա. հատորը, որուն պիտի յաջորդեն անշուշտ միւսները: Այս շարքը Հայկ. Յեղափոխութեան պատմութեան ամէնէն թանկագին շտեմարանը պիտի կազմէ, իսկ շատ մը էջեր՝ գրական արժէքով մնայուն կտորներ:

Երկու ամիս առաջ, Ամերիկայի մեր պատգամաւոր ընկերները այցելած էին իրեն և գտած էին միշտ հաւատաւոր, բայց տկար. լծուած էր իր յուշերը ամբողջացնելու աշխատանքին, «դեռ չմեռած» ինչպէս ըսած էր: Նախազգացո՞ւմ մը իր մօտալուտ մահուան:

Կը թողու իր այրին, եւ երկու զաւակներ՝ Վահիկ եւ Լեւոն, որոնք արժանաւոր երիտասարդներ են:

Վստահ ենք որ Ռուբէնի յիշատակը պիտի ապրի թէ՛ իր ընտանիքէն ներս եւ թէ հայ բազմահազար ընտանիքներու մէջ:

Հայրենիքի ու հայութեան բոլորանուէր ծառայողներէն եղաւ ինք ու հայոց նորագոյն պատմութեան յեղափոխական ու փայլուն դէմքերէն մէկը:

Յարգանք իր յիշատակին:

Ա.
«Հայրենիք», Պոսթոն
53-րդ Տարի, Թիւ 12,047
Կիրակի, Դեկտեմբեր 2, 1951