01 December, 2022

Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլէզիկճի)

Silence and secrecy
GARLYLE

Պարագաներու բերումով ուշ մնաց «Դաշնակցութեան» կողմէ վաղամեռ հայրենասէրի յիշատակին նւիրւած յարգանքը: Այդ յիշատակը, թէեւ կարճատեւ, սակայն միշտ կը պահէ իր անթառամ այժմէութիւնը:

Տիգրան Երկաթ հայ հասարակութեան քիչ ծանօթ է. այն ամօթխած ծաղիկներուն պէս էր, որոնք բուրումներով կը լեցնեն ձորերը ու ծործորները եւ իրենք լուռ ու թաք կը մնան: Քրմական թերաստւերի մը մէջ նւիրականօրէն առանձնացած, իր փխրուն ու թափանցիկ մարմնի մէջէն, դառն կսկիծով ու մարտնչողի սրամտութիւնով կը հետեւէր հայրենի աշխարհի մէջ կատարւած ահաւոր տռամին, արտակարգ ճակատագրի մը խաղերուն եւ կոյր քմահայճոքներուն:

Այդ աղւոր կեանքին անհետացումը զգալի կորուստ մըն է:

Երբ հալածանքէն վտարանդի ինքզինք նետեց Յունաստանի հողին վրայ, Աթէնքի մէջ Հայաստանի տառապանքներուն առաքեալը եղաւ: Ինքնահաւան հելլէներուն լսել ու սիրցնել տւաւ ինքզինք: Աւելի երջանիկ քան Պօղոս առաքեալը, չհանդիպեցաւ Ակօռայի սկեպտիկ եւ հակաճառող ձայներուն որոնք նոր բան լսելու միայն սիրահար էին: Բանախօսեց անոնք, հին հռետորներուն պէս կանաչ ճիւղերու փոխարէն, ազգի մը մարտիրոսութեան ու հերոսութեան պսակը ունէր: Յունաստանը ասպնջականեց հայ փախստականները եւ պահ մը մոռցնել տւաւ Ստորին Կայսրութեան հոռոմներու վարմունքը:

Իբր խօսքի ու գրչի զինւոր գործեց հոն: Պարբերաբար գրեց Revue des Revues-ին մէջ հայոց ազգը եւ գրականութիւնը ճանչցնող կարգ մը շահեկան յօդուածներ (եռաստղ կամ Տ. Երկաթ ստորագրութիւնով) տաք զգացումով եւ անկեղծ ներշնչումով խմորւած:

Այդ կարգի անհատներ, թէեւ կուսակցութեան չեն պատկանիր, բայց յեղափոխութեան ուժեղ գիտակցութիւնը ունին:

Յունաստանի պատերազմին ատեն աշխատեցաւ «Հէթէրիա Էթնիքա» ազգային ընկերութեան (որուն ինք անդամ էր) եւ «Դաշնակցութեան» միջեւ կապ հաստատել Արեւելքի մէջ միասին գործունէութեան մը համար: «Դաշնակցութիւն»ը յոյն ընկերութեան ներկայացուցած էր իբր գործի կօմիտէ եւ շատ անգամ գրաւոր («Միութիւն» լրագրի մէջ) եւ բերանացի կրկնած էր՝ «ամէն ոք պէտք է օգնէ յեղափոխականներուն: Ես ոչ մի կուսակցութեան չեմ պատկանիր, բայց իմ չնչին լումաս «Դաշնակցութեան» գանձանակը կը սիրէի ձգել»:

«Դաշնակցութեան» ուղարկած իր համակրական նամակներուն մէջ*, որոնք անկեղծութեան եւ ճշմարիտ հայրենասէրի փայլը ունին, կը գրէ.

«Ապակեդրոնացումը լաւ դրութիւն է: «Հէթէրիան» իր վերջի նիստերէն մէկուն մէջ անյաջողութեան մէկ մասը կեդրոնացումի կազմակերպութեան վերագրեց եւ որոշեց ապագային հակառակ հիման վրայ գործել (Կրնաք ձեր թերթին մէջ կրկնել): Կարծեմ, սակայն, ապակեդրոնացումը շատ ծայրայեղցուցած էք դուք»...

«Դաշնակցութեան» խորհուրդ կուտայ աւելի այլաբանական եւ ամէն ազգի հերոսներու պատկերներով պրօպականտա ընել եւ ազդել ժողովրդի երեւակայութեան վրայ. կը յանձնարարէ նաեւ հայոց կոտորածներու տեսարանները լուսանկարել եւ ցրւել Եւրօպայի մէջ: Ինք կ'առաջարկէ մեզի այլաբանական նկարի մը յատակագիծը, որը կը ներկայացնենք մեր հասարակութեան եւ արտիստներուն իբր կտակուխտը հայրենասէր երիտասարդին:

«Հայկական դաշտանկարի մը մէջ, Վարդան գերեզմանէն դուրս կ'ելլէ պատերազմական տարազով. Հեռուն ձիաւորներ սպաննւած թիւրքերու մէջ. ներքեւը սա բացատրութիւնը.

Վարդան.– Հերոսական ձայներ կը լսեմ, ընկերնե՞րս են որ զիս գերեզմանէս կը վերակոչեն:
Ֆէդայիներ.– Մենք ֆէդայիներն ենք:
Վարդան.– Ձեզի հետ աշխարհքին ծայր ըլլայ՝ կ'երթամ»:

Տիգրան Երկաթի մէջ, իբր մարմնացած բողոք, կար յեղափոխութեան փոթորիկը, պաշտումը դիւցազնագործութիւններու, քնքուշ հոգիով մը շրջանակւած: Մե՜ղք, որ վայրագ հիւանդութիւն մը, թոքախտը, քայքայեց այդ համակրելի եւ պատւական կեանքը:

Վերջի օրերուն արտասահմանէն փոխադրեցին Պօլիս, իր ծնողաց կարօտը առնելու համար:

«Մեռելոց աշխարհին» մէջ, որ կը կոչւի Թիւրքիա, մահւան թեւերուն տակ, գերագոյն սարսուռով մը եւ համադրական վրէժի թափով մը գրեց իր վերջին լուրջ ուսումնասիրութիւնը (Revue de Paris-ին մէջ լոյս տեսած) «Թիւրքիան կրնա՞յ ապրիլ» վերնագրով:

Ինչքան Թիւրքիոյ դէմ ջղուտ եւ կորովի ատելութիւնով մը լեցւած հայրենասէրի մը երկունքը ըլլայ այդ գրւածը, անուրանալի է որ իմաստասիրական հմտութիւնով ու խղճմտանքով աշխատասիրւած վերջին ահաւոր դատաստան մըն է. հոն վեր կը հանէ Թիւրքիան որ իր կշտերուն մէջ կը կրէ մահւան սերմը:

Ճակատագրական մեծ հարցանիշ մը դնելէ եւ իր երիտասարդ հոգիի մարգարէութիւնը ու արհամարանքը նետելէ յետոյ սուլթաններու կայսրութեան արիւնոտ ճակտին, այդ ազազուն այլ խոհուն եղէգը, մարեցաւ 29 տարեկան կտրիճ հասակին մէջ, երեկոյեան այն աստղին պէս որ քանի հորիզոնին կը մօտենայ՝ այնքան աւելի կը պայծառափայլի:

*Այդ նամակները գրւած են Աթէնքէն, 15 մայիս եւ 20 հոկտեմբեր 1897 թւին: 

«Դրօշակ» - Մարտ 1900
Թիւ 2 (103)