Վասպուրականի Հերոսամարտի Ղեկավարներէն Ընկ. Հայկակ Կոսոյեանի Յիշատակին
Նոյեմբեր 24-ին, Թեհրանի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց ազգային, հասարակական եւ յեղափոխական վաստակաւոր գործիչ, հաւատաւոր դաշնակցական ընկ. Հայկակ Կոսոյեան:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Վասպուրականի Հերոսամարտի Ղեկավարներէն Ընկ. Հայկակ Կոսոյեանի Յիշատակին
Նոյեմբեր 24-ին, Թեհրանի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց ազգային, հասարակական եւ յեղափոխական վաստակաւոր գործիչ, հաւատաւոր դաշնակցական ընկ. Հայկակ Կոսոյեան:
Ճիշտ հինգ տարի առաջ Պ. Վարդօ, խմբագիր «Շարժում»ի, իր թերթին միջոցաւ հանգանակութիւն բացաւ ու հաւաքեց հայ հասարակութիւնից մի կլորիկ գումար – 800 լէվ – պատրուակով որ այդ գումարը պիտի ծառայէր մի բարի գործի համար, ինչպէս ինքն էր յայտարարել, այսինքն ողբացեալ եղբօրս՝ Պետրոս Սիրէմճեանի ձեռագիրները ու կենսագրութիւնը տպագրելու, ամփոփելով զանոնք մի գրքի մէջ ու դրա հասոյթը պիտի յատկացուէր Հայ բանտարկեալներուն: Բայց մինչև հիմա ոչ մի բան չերևնալով մէջտեղ, հայրս դիմեց իրեն՝ հետևեալ նամակով և պահանջեց որ գէթ իր որդւոյն յիշատակները ետ վերադարձնէ:
Ընդհանուր Ժողովը ապրիլի 28-ի նիստի մէջ, լսելով Վարդօի գործին համար կազմւած Դատական յանձնաժողովի մանրամասն զեկուցումը՝ եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան.
Ողբացեալ ընկեր Մովսէս Տէր Գալուստեան ծնած էր Մուսա Լեռ, 1895-ին: Պատանի տարիքէն մտած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ նետուած յեղափոխական-հասարակական կեանքի մէջ: Թրծուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական հնոցին մէջ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն, եղաւ իր ծննդավայր Մուսա Տաղի պատմական եւ հերոսական դիմադրութեան երիտասարդ ղեկավարներէն մէկը: Այնուհետեւ, հազարաւոր սուէտացիներու հետ անցաւ Եգիպտոս, ուր եւ լծուեցաւ կամաւորական լեգէոնի կազմութեան աշխատանքին, ֆրանսական դրօշակի տակ եւ կռուելու համար թուրք թշնամիին դէմ: Մինչեւ զինադադար, 1918, Մ. Տ. Գալուստեան, իբրեւ կամաւոր կռուեցաւ Հայկական Լեգէոնի շարքերուն մէջ, ընդդէմ թրքական բանակի: Զինադադարէն վերջ, միշտ Լեգէոնի մէջ, իբրեւ սպայ, անցաւ Կիլիկիա, ուր ունեցաւ հանրային, քաղաքական եւ զինուորական արդիւնաշատ գործունէութիւն մը, քեմալական հրոսակներուն դէմ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան մէջ մանաւանդ Էքպէզի հայոց ազատագրման գործին մէջ:
Կարճատեւ, բայց ծանր հիւանդութիւնց յետոյ, 1963 թ. Նոյեմբեր 14-ի գիշերը, Թեհրանի թիւ մէկ զինւորական հիւնադանոցում, իր մահկանացուն կքնեց Աբրահամ Յովակիմեանը, որ յայտնի էր Աբրահամ խան Բախտիարի անունով:
Այդ գիշեր, մեզնից յաւիտենապէս հեռացաւ տիպարն այն հայ մարտիկի, որ պատանեկան հասակից, զէնքը գրկած, անվերապահ նւիրումով սլացաւ պայքարի եւ կռւի այն բոլոր ճակատները, ուր Հայ Յեղափոխթիւնն էր կանչում եւ այն բոլոր վայրերը, ուր Հայ ժողվորդին սպառնացող վտանգն էր պահանջում:
Բարի գործքով կամ արութեամբ հռչակուած ընտիրները, կեանքի բնականոն ընթացքը աւարտած եւ ի կենդանութեան անմահութիւն նուաճած ըլլալով հանդերձ, իրենց մահով խոր սուգ մը կ'առաջացնեն երախտագէտ բազմութիւններու սրտին, կրկնակի սուգ մը՝ մեկնողին համար, մնացողին համար:
Ընկերներ:
Տաճիկները ոտքի տակ տալով զինադադարի պայմանները, վերսկսել են պատերազմական գործողութիւնները Հայաստանի դէմ:
Պարզ է, որ տաճիկները չեն կամենում հաշտութիւն կնքել մեզ հետ: