24 November, 2023

Ընկ. Հայկակ Կոսոյեանի Յիշատակին

Վասպուրականի Հերոսամարտի Ղեկավարներէն Ընկ. Հայկակ Կոսոյեանի Յիշատակին

Նոյեմբեր 24-ին, Թեհրանի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց ազգային, հասարակական եւ յեղափոխական վաստակաւոր գործիչ, հաւատաւոր դաշնակցական ընկ. Հայկակ Կոսոյեան:

Ընկ. Հայկակ Կոսոյեան ծնած էր Վան-Քաղաքմէջ, 1882ին: Ուսումը ստացած էր իր ծննդավայրի վարժարանին, ապա Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանին մէջ:

Եղած էր ուսուցիչ Վան-Քաղաքամէջի վարժարանին, ապա տնօրէն՝ Աղթամարի դպրոցին: Կրթական գործիչ՝ Գաւաշ եւ Կարճկան գաւառներու մէջ: Յետագային, ուսուցիչ նաեւ Թաւրիզի եւ Թեհրանի մէջ:

Ընկ. Հայկակ Կոսոյեան փոքր տարիքին մտած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը մնաց հաւատաւոր շարքային մը:

Ունեցաւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւն: Եղաւ անդամ Վանի Կոմիտէին, Շամիրամի Կեդր. Կոմիտէին, Ատրպատականի Կեդր. Կոմիտէին եւ Թեհրանի Վերին Մարմիններուն: 1947ին եւ 1951ին մասնակցեցաւ Հ. Յ. Դ. Ընդհանուր Ժողովներուն:

Յեղափոխական գործիչ եւ կազմակերպիչ, նաեւ քաղաքացիական կռիւներու խիզախ ղեկավար, ընկ. Հայկակ Կոսոյեան, 1915ի Վանի հերոսամարտին, եղաւ Վան-Քաղաքամէջի ինքնապաշտպանութեան յանդուգն ղեկավարն ու մարտիկներէն մէկը, եւ, աւելի քան 30 օր, կտրւած արտաքին աշխարհէն, հերոսաբար վարեց ահեղ գոյամարտը: Ետ մղեց թրքական կանոնաւոր բանակներու յարձակումները, գրաւեց Օսմանեան դրամատունը, մաքսատունը, զինարանը եւ կրակի տւաւ Ուլու ճամին:

Վան-Քաղաքամէջէն տեսարանը մը.
Աջին կ'երեւի Ուլու ճամին (մզկիթը)

Այնուհետեւ, ընկ. Հայկակ Կոսոյեան գործօն դեր ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին: Եղաւ Արեւմտահայ Խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ Խորհրդարանի անդամ:

Զինական Մարմնի անդամ, ինք կազմակերպեց Զանգիպասարի գրաւման առաջնորդը եղող ժողովրդական կամաւորական գունդը:

Վճռական ժամերու մարդ, փետրւարեան ապստամբութեան օրերուն,ի նք եւս բանտարկեալ, եղաւ կազմակերպիչը բանտարկեալներու ինքնապաշտպանութեան:

Ընկ. Հայկակ Կոսոյեան մնաց միշտ անբաժան իր ժողովուրդէն եւ եղաւ իր տարագիր հայրենակիցներուն իսկական վարիչ-առաջնորդը, յատկապէս Թաւրիզի մէջ: Հետագային, վերջնականապէս հաստատւեցաւ Թեհրան, ուր ընտրւեցաւ Ազգային Խորհուրդի անդամ:

Յեղափոխական եւ հանրանւէր գործունէութեան զուգահեռ, ընկ. Հայկակ Կոսոյեան եղաւ նաեւ գրչի մարդ:

Պատմագրական եւ ազգագրական լայն տեղեկութիւններ ունէր Վանի եւ գաւառներու մասին: Մինչեւ վերջ իր աշխատակցութիւնը բերաւ մեր կուսակցական թերթերուն, յատկապէս Թեհրանի «Ալիք»-ին, առաւելաբար ազգային եւ ազգագրական խնդիրներ շօշափող յօդւածներով:

1966ին հրատարակեց «Վան Բերդաքաղաքի ժողովրդական հերոսապատումը» գիրքը, ուր անաչառօրէն ներկայացւած են դէպքերն ու դէմքերը: Իր հեղինակութիւններն են նաեւ «Վան-Վասպուրականի հայկական սովորոյթները» եւ «Բանտի քարերն էին աղաղակում» հատորները:

Վանի գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր այս զաւակը, ընկ. Հայկակ Կոսոյեան, հայեացքը յառած Արարատին, Վարագայ վանքին եւ Աղթամարին, մինչեւ իր մահը հոգիով ու գործով մնաց միշտ կայտառ եւ խոր ծերութեան մէջ, աչքերը փակեց հայրենի կարօտը իր սրտին:

Հանգի՜ստ իր յոգնատանջ ոսկորներուն:

Հրազդան
«Ալիք», Թեհրան
Շաբաթ, Յունւար 4, 1969
ԼԹ. Տարի, Թիւ 2 (9113)