Ողբացեալ ընկեր Մովսէս
Տէր Գալուստեան ծնած էր Մուսա Լեռ, 1895-ին: Պատանի տարիքէն մտած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան
շարքերուն մէջ եւ նետուած յեղափոխական-հասարակական կեանքի մէջ: Թրծուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան
յեղափոխական հնոցին մէջ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն, եղաւ իր
ծննդավայր Մուսա Տաղի պատմական եւ հերոսական դիմադրութեան երիտասարդ ղեկավարներէն մէկը:
Այնուհետեւ, հազարաւոր սուէտացիներու հետ անցաւ Եգիպտոս, ուր եւ լծուեցաւ կամաւորական
լեգէոնի կազմութեան աշխատանքին, ֆրանսական դրօշակի տակ եւ կռուելու համար թուրք թշնամիին
դէմ: Մինչեւ զինադադար, 1918, Մ. Տ. Գալուստեան, իբրեւ կամաւոր կռուեցաւ Հայկական Լեգէոնի
շարքերուն մէջ, ընդդէմ թրքական բանակի: Զինադադարէն վերջ, միշտ Լեգէոնի մէջ, իբրեւ
սպայ, անցաւ Կիլիկիա, ուր ունեցաւ հանրային, քաղաքական եւ զինուորական արդիւնաշատ գործունէութիւն
մը, քեմալական հրոսակներուն դէմ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան մէջ մանաւանդ Էքպէզի
հայոց ազատագրման գործին մէջ: