17 February, 2024

Յովնան Դաւթեան

Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան պատերուն մէջ, իր վերջին ցաւատանջ շունչը տուող Յովնան Դաւթեանը սակաւաթիւ ներկայացուցիչներէն մէկն էր մեր այն երիտասարդ սերունդին, որոնք 1890 թուականին միասին գալով սկիզբը դրին հայ ժողովրդի Ազատամարտին, կամ աւելի ճիշդը, իրենց նախորդ սերունդներու յղացած մտքերը եւ երազած ծրագիրները գործադրութեան դրին կազմակերպելով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը:

16 February, 2024

Համազասպ Սրուանձտեան (1873-1921)

1921 թուականին, Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան նախօրեակին (Փետր. 16)՝ Երեւանի բանտին մէջ Չեկայի ձեռքով կացինահար սպաննուեցան յիւսունէ աւելի կալանաւորներ, որոնց կարգին նաե՛ւ յանդուգն ու խիզախ մարտիկ, հայ կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատար եւ, մինչեւ իր դաւադրաբար ձերբակալումը, Նոր Պայազիտի հայ հանրապետական զօրամասերու պետ՝ Համազասպ Սրուանձտեան, Խաչէնի կռիւներուն մէջ իր խոյանքներով յայտնի «Ասկերանի հերոս»ը, որ աշուղական ծանօթ երգին մէջ կը յիշատակուի յարգանքով ու հիացումով.

«Ամբողջ աշխարհ հռչակուեցաւ
    Համազասպը պանծալի»...

07 February, 2024

Ծանուցում իշխան Նակաշիձէին

Դաշնակցութեան տեղական Կեդր. Կօմիտէն, փետրւարի 7-ին ուղարկեց իշխան Նակաշիձէին հետեւեալ սպառնագիրը

06 February, 2024

Արեւմտահայ Բ. Համագումար. Առաջին Հանդիսաւոր Նիստը

Փետր. 6-ին Խորհրդարանի դահիճում տեղի ունեցաւ արեւմտահայ երկրորդ համագումարի առաջին հանդիսաւոր նիստը: Ներկայ են կառավարութան նախագահ Յ. Քաջազնունին, Խորհրդարանի ներկայացուցիչ Ս. Վրացեանը, կաթողիկոսի կողմից Գ. եպ. Էօրէքչեանը, այլեւ ներկայացուցիչներ զանազան կազմակերպութիւնների: Դահլիճը լի է բազմութեամբ:

05 February, 2024

Տատասկոտ Ուղին

Փոքր-Ասիոյ բնակիչները ստրկութեան
Մատնւեցան պարզ այն պատճառին
Համար, որ չէին գիտեր ըսել՝ ո՛չ:
Պլուտարքոս

Հայը եղաւ այն առաջին տարրը՝ որ համատարած ստրկութեան ու մեռելանշարժ կեանքի մէջէն, իր տժգոյն գլուխը բարձրացուց եւ արիւնռուշտ դաժան բռնաւորներու երեսին նետեց «ո՛չ» խօսքը: Այդ բացասումը՝ որ գերագոյն արժանապատւութեան եւ մարդկային գիտակցութեան հզօր եւ վճռական ընդվզումն էր՝ կսպառնայ ամբողջ Փոքր-Ասիոյ շրջանը ընել:

01 February, 2024

Հրաչ Փէհրիզեան

Երկու օր առաջ, Աղեքսանդրիոյ մէջ, հողին յանձնեցինք մեր ամենուս սիրելի եւ թանկագին ընկեր Հրաչ Փէհրիզեանի մասմինը:

31 January, 2024

Շաւարշ Միսաքեանի Ազգային Յուղարկաւորութիւնը

Իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ հինգշաբթի կէսօրէ ետք (1957, Յոնուար 31) , Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ:

«Յառաջ»ի խմբագրապետին դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով եւ ծաղկեպսակներով: Աւելի քան 2 հազար հոգի, ժողովուրդը լեցուցած էր եկեղեցին, ներսը եւ դուրսը, ժամանակէն առաջ: