05 February, 2024

Տատսկոտ Ուղին

Փոքր-Ասիոյ բնակիչները ստրկութեան
Մատնւեցան պարզ այն պատճառին
Համար, որ չէին գիտեր ըսել՝ ո՛չ:
Պլուտարքոս

Հայը եղաւ այն առաջին տարրը՝ որ համատարած ստրկութեան ու մեռելանշարժ կեանքի մէջէն, իր տժգոյն գլուխը բարձրացուց եւ արիւնռուշտ դաժան բռնաւորներու երեսին նետեց «ո՛չ» խօսքը: Այդ բացասումը՝ որ գերագոյն արժանապատւութեան եւ մարդկային գիտակցութեան հզօր եւ վճռական ընդվզումն էր՝ կսպառնայ ամբողջ Փոքր-Ասիոյ շրջանը ընել:

Ապտիւլ Համիտ, ամենէն ստորը եւ անարգը բոլոր փադիշահներուն, որուն մէջ միացած են տիեզերքի բոլոր ցածութիւնները, տգեղութիւնները – եւ ոչ մէկ բարեմասնութիւն – առաջ բերելու համար այլանդակ ստեղծագործութիւն մը, կզգայ թէ բան մը կը փոխւի իր շուրջը, իր ստեղծած եւ ապրած ապական մթնոլորթին մէջ. մաքրագործումի նոր եւ առողջ հովեր կը սուլեն, որոնք մեծ եւ աւլող փոթորիկները գուշակել կուտան:

Լուռ, ստրուկ եւ անզգայ համակերպութիւնը չէ որ կը հոտոտէր փադիշահը իր պղծութեան բոլոր արհաւիրքներով, «էվէթ էֆէնդիմ»ները չեն որ իր ոտքերուն տակ կը գալարւին անթոյն օձերու պէս եւ կը յարալիզեն իր գարշահոտ եւ արիւնով պլշկւած ոտները, չէ՛, մարդիկ կը ջանան վեր պրկւիլ իրենց ճակատները արեւին ցոյց տալու, լոյսին կենդանութիւնը ըմպելու համար: Հայը իր «ոչ»ը արտասանեց. երբեմնի կոյր, անմիտ ամբոխը իրեն նշանաբան ընտրեց այդ պարզ ճիչը՝ զայրոյթով եւ սպառնալիքով յղի, որ «ես»ի փրկարար գիտակցութիւնն է ամբողջ եւ որ անօրէնները, սրիկաները ու գահերը սասանեցնելու հրեղէն իմաստը ունի իր մէջ:

Ինչ հոյակապ խոյանք մըն է որ ստեղծեց ստրուկ մարդուն մէջ դիմադրութեան խրոխտ ոգին. եւ սակայն այդ ազնիւ թռիչը ինչ տգեղութիւններու, ցեխակոյտերու պիտի ընդհարւէր դեռ այդ լճակոյտ աշխարհին մէջ, որ պառկած կը յօրանջէ եւ որ ամէն օր կը մեռն իիր գիտակցութեանը մէջ, եթէ «ոչ»ը չորոտայ անոր ականջին:

Վանի զարհուրելի դաւաճանութիւնը եւ հայու մը ձեռով, այն ալ մեզի պէս գերագոյն անձնւիրութեան ծուծը քամած, արեւի պապակը ունեցող եւ կամքի ու յամառ պայքարին բոլորանւէր ժողովուրդի մը դէմ, որուն առջեւ կարելի է միայն սքանչանա եւ պայծառանալ, պատմական սարսափարկու երեւոյթներէն է որոնք ոչ մէկ պատճառաբանութիւն եւ չքմեղութիւն չեն վերցնել:

Ճիշդ է որ տարօրինակ ազգ մըն ենք, վարակւած, խռովիչ հակադրութիւններով, մեծութեան քով են գռեհիկ փոքրութիւնը, ապշեցնող հերոսութիւններու հետքին վրայ՝ դաւաճան կայէններու քայլերը, զոր խղճմտանքի աչքը չհալածեր եւ ազգային ազատութեան մեծապայծառ քայլերուն տակ սողունները, գաճաճները, վատազգիները, եւ յայտներեւ ճշմարտութիւններու փէշին վրայ, խեղկատակ զրպարտութիւնը՝ որ լեզու կը խաղցնէ...

Չենք կարծեր սակայն, քսան դար յետոյ, նորէն ետ-ետ երթանք եւ մեր գիտակցութիւնը բռնադատելով, մեր թքածը լզելով հաստատենք Պլուտարքոսը:

Անցած են այդ օրերը, թէկուզ բոլոր յուդայական Դաւիթները, սադայէլները մէկ ըլլան:

Սրտաճմլիկ է մտածել որ անզգամ դաւճան մը, տարրական բարոյական զգացումէ խորթ, թոյլ տայ իրեն, թքնելով իր գաղտնապահութեան ուխտին վրայ քանդել յեղափոխութեան զաւակներու անհուն եւ սրտաշարժ գուրգուրանքով տարիներու կերտած շէնքը եւ դաւաճանել ցեղի մը իդէալին...

Ոչ մէկ ազգ չէ կարող իր ծոցին մէջ սնուցանել այդպիսի շանծնունդ արարած մը. ոչ մէկ թշնամի, օգտւելով սակայն այդպիսի հրէշածինէ մը, չէ կարող սիրել զայն: Համիդի կառավարութիւնը գիտէ շահագործել այդպիսի թշւառական վատորդիները, բայց ժողովուրդները բաւական զգայուն են արհամարելու «խային»ները (խային: դաւաճան արաբերէն): Դաւաճանութիւնը անարգ ու դժոխային գործիքն է,– զուրկ ոեւէ մարդկային խիղճէ եւ պատւասիրութենէ – անպատիւ վրէժի՝ որ սուգ եւ դժբախտութիւն կը բերէ միայն: Դաւաճանը սրբութիւն չը ճանչնար, օձի պէս պաղ է եւ չսիրւիր. ան թոյնը կը կաթեցնէ ամէն տեղ, եւ գերեզման չունի, մարդկութեան յաւիտենական անէծքը ու արհամարհանքը կը հալածէ անոր թշւառական ստւերը եւ պիղծ յիշատակը դարէ դար:

Հայերու մէջ առաջինը չէ որ երեւան կուգան այսպիսի զզւելի հրէշներ, մեր բազմաչարչար կեանքին վրայ իրենց անբարոյական անձնասիրութիւնը գոհացնելու, ուրիշներու անկումին վրայ հովանալու, մեր գարշապարները խածնելու, բայց տհերցի Դաւիթը գերազանցեց ամէնքը: Իր անանուն շահատակութեան մէջ, ոչ մէկ խղճի խայթ, այլ շնական չտեսնւած լրբութիւն եւ դիւային քրքիջ... Ստրուկ անբանութիւնն է որ կը ծաղրէ մեզ...

Այդքան կուռ ուժ ժողովրդի արիւն-քրտինքով ձեռք բերւած – 300,000 փամփուշտ եւ մօտ 300 հրացան – զոր Դաշնակցութիւնը մթերած էր մեղուաջան, լռիկ, յարատեւ պապանձեցնող գործունէութիւնով մը եւ որոնք յոյսի ջահերու պէս կը պաշտւէին ընկերներէ, րոպէի մէջ ոչնչանա՞ն, դառնակսկիծ է եւ զգալի, բայց ոչ յուսահատական:

Պատմութիւնը եւ յեղափոխական կեանքը այդպիսի չարաբաստիկ արկածներ ու դժնէ կատակներ շատ ունին: Այն ժողովուրդը, որ խոր գիտակցութիւնը ունի իր ճակատագրին եւ կոչումին եւ հպարտ է իր կորովի եւ անսասան հաւատքով, պիտի կրնայ դատել եւ կշռել գործին էութիւնը, թոյլ պիտի չտայ որ անյուսութիւնը եւ ունայնութիւնը իր սրտին դռները ափ առնեն:

Հայ ժողովրդի արիական զաւակները, իրենց ջղուտ բազուկները կարկառած, լեռան պէս կեցած են իրենց անվհատ զինւորներուն ետեւ, որոնց հոգիի սրտոտ բաբախումները ալիքներու պէս կը թաւալին հայ ժողովուրդին ուղղած իրենց կոչին մէջ: Հոն, գիտակցութիւնը, խանդը եւ յարատեւ ու մշտակորովպ այքարը կ'ամբարտակւին «աւելի մեծ ուժով եւ թափով նետւելու արիւնոտ ուղին» ուր դաւաճանները կը սլքտան: Չե՞նք զգար արդէն ցեղին բարոյական ուժը, սրտապնդող հմայքը, առնութիւնը, ապրելու եւ իդէալի անյուսահատ ճիգը այդ սրտացաւ եւ արիւնեփ էջերուն մէջ, «սրբելու պատմական ամօթը մեր ճակատներու վրայէն.: Հոս ցեղի ձայնն է որ կը խօսի եւ պէտք է այդ ցեղը ապրի ինչ գնով ալ ըլլայ...

Ի՜նչ փոյլ որ դաւաճանութիւնը օձի պէս սողսողայ մեր շուրջը, երբ գաղափարը, իդէալի հաւատքը, իրենց բոլոր մեծութիւնով եւ վեհութիւնով ամեհի եւ անվկանդ կը բարձրանան նորէն աւելի ուժեղ քան գնդակները որ կը սուրան նպատակին... Գաղափարը, դժբախտութիւններու, խոչընդոտներու, դաւաճաններու սատակներուն վրայ, կանգուն կը մնայ պղնձակուռ, որ թշւառութեան, գերութեան ու դարերու դժւարին ճամբաներուն վրայ ծառացած կը համբուրէ ծով քրտինք ճակատը ուխտաւորին, որ ազատութեան ցուպը կամ հրացանը ձեռքին կը քալէ՜, կը քալէ՜ խաւար եւ բռնաւոր անգթութիւններու ու սեւ դաւաճանութիւններու տատսկոտ ու մռայլ ճամբաներէն դէպի սիրոյ եւ երջանկութեան շող ու վարդագոյն արեւագալարները...

«Դրօշակ» - Մարտ 1908
Թիւ 3 (191)